ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է 2011ի Յունուարին ջնջել գոյութիւն ունեցող Հայաստանի հանրապետութեան թոշակի համակարգը եւ ստեղծել պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգ մը, ուր աշխատողները ամէն ամիս պարտադիր պիտի ըլլան վճարել իրենց ամսականին 5 տոկոսը՝ սեփական թոշակի հաշիւի մը։ Կառավարութիւնը աշխատաւորին եկամուտին հարկը պիտի բարձրացնէ եւ 5 տոկոսի չափ գումար մը պիտի յատկացնէ աշխատաւորի սեփական թոշակի հաշիւին: Այդ հաշիւին մէջ գումարները կը կուտակուին մինչեւ աշխատողին թոշակի անցնիլը։ Թոշակի անցած օրը, թոշակի ընկերութիւնը կուտակուած գումարին համաձայն, ամսական վճարում մը կ՛որոշէ եւ թոշակի անցած աշխատաւորը մինչեւ մահ կը ստանայ ամսական այդ գումարը։
Երկու հազար տասնմէկի Յունուարէն սկսեալ, քառասուն տարեկանէն վար ամէն աշխատաւոր ստիպուած պիտի ըլլայ միանալու պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգին։ Այս դասաւորումը մօտաւորապէս քսանհինգ տարուան փոխանցման շրջան մը պիտի ստեղծէ, որմէ ետք Հայաստանի բոլոր աշխատաւորները մաս պիտի կազմեն պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգին։ Այս մէկը ծայրայեղ թոշակի համակարգ մըն է, Չիլիի նման։
Այժմ գոյութիւն ունեցող թոշակի համակարգին մէջ այսօրուան աշխատաւորը իր ամսականէն կը վճարէ որոշ տոկոս մը պետութեան, եւ պետութիւնը այդ գումարներով ներկայի թոշակարուներուն կու տայ թոշակ։ Ուրեմն, որեւէ մէկ տեղ մեծ չափերով գումարներ չեն կուտակուիր։ Թոշակի քանակը գլխաւորապէս հիմնուած է աշխատաւորի աշխատած տարիներու թիւին վրայ։
Պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգը կրնայ ի նպաստ ըլլալ բարձր եկամուտ ունեցողներուն եւ անոնց, որոնք բարձր ֆինանսական ուսում եւ գիտելիք ունին ու կրնան ֆինանսական շուկաներուն «րիսկ»երը հասկնալ ու լաւապէս օգտագործել։ Սակայն ժողովուրդին մեծամասնութեան համար պարտադիր կուտակային համակարգը վտանգաւոր եւ վնասակար է։
Պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգին գլխաւոր անբաղձալի երեւոյթները՝ բաղդատած գոյութիւն ունեցող այլընտրանքներու եւ ներկայ համակարգին, հետեւեալներն են.
– Աշխատանքի շուկայի րիսկ. թոշակի անցած աշխատաւորին ստանալիք ամսական թոշակին չափը կախում պիտի ունենայ աշխատաւորի հաշիւին կուտակուած գումարէն։ Իսկ այդ կուտակուած գումարը կրնայ բաւական պակսիլ, եթէ աշխատաւորը կեանքին ընթացքին որոշ ժամանակի մը համար ըլլայ անգործ եւ չկարենայ այդ շրջանին դրամ մուծել իր թոշակի հաշիւին մէջ։ Այս կը նշանակէ, թէ ոեւէ անբախտ աշխատաւոր, երբ կեանքին ընթացքին կը դառնայ անգործ, նաեւ ծերութեան պիտի տուժէ՝ ունենալով աւելի ցած թոշակ։ Մանաւանդ կիները այս րիսկին ենթակայ են, քանի որ կրնան յղի մնալ եւ զաւակ ունենալ։ Այս ժամանակամիջոցին, երբ կիները զաւակ կը բերեն ու չեն աշխատիր, նաեւ ամսական գումար չեն մուծեր իրենց թոշակի հաշիւին մէջ, որուն արդիւնքը կ՛ըլլայ կուտակուած գումարի փոքր ըլլալը, եւ ապա՝ թոշակի անցնելէ ետք իրենց ստանալիք թոշակին գումարին նուազեցումը։
– Ֆինանսական շուկաներու րիսկ. Աշխատաւորներու կեանքի ընթացքին կուտակուած գումարները, ֆինանսական ընկերութիւնները ֆինանսական շուկաներու մէջ պիտի ներդնեն։ Եթէ աշխատաւորին թոշակի անցնելէն անմիջապէս առաջ ֆինանսական շուկաները ունենան տագնապ, այդ պարագային կուտակուած գումարներուն արժէքը զգալիօրէն կրնայ պակսիլ, որուն հետեւանքով աշխատաւորին ստանալիք ամսական թոշակը, զգալիօրէն կրնայ պակսիլ, իսկ աշխատաւորը իր ծերութեան օրերուն ապրի աղքատութեան եւ թշուառութեան մէջ։ Այժմու թոշակային համակարգը ամբողջովին կը պաշտպանէ աշխատաւորները ֆինանսական շուկաներու րիսկերէն։
– Կուտակային թոշակի համակարգը կարիքը ունի զարգացած ֆինանսական շուկաներու եւ անոնց կարգաւորման առողջ օրէնքներու։ Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ տակաւին ֆինանսական շուկաներ չեն կայացած եւ պէտք եղած կարգաւորող օրէնքները գոյութիւն չունին։ Հոս տեղին է յիշեցնել, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահ Պուշ 7, 8 տարի առաջ փորձեց որդեգրել պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգ մը, սակայն տարեցները, ժողովուրդին եւ տնտեսագէտներուն մեծամասնութիւնը դէմ կեցաւ ու նախագահ Պուշ հրաժարեցաւ պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգի որդեգրումէն։ Նախագահ Պուշ կ՛առաջակէր խառն մէկ համակարգ, ուր աշխատաւորները թէ՛ ներկայի թոշակի համակարգին մաս պիտի կազմէին, եւ թէ ալ իրենց աշխատաւարձին մէկ մասը պիտի մտնէր պարտադիր կուտակային համակարգի մէջ։ ԱՄՆ նոյնիսկ այդ խառն պարտադիր կուտակային համակարգը մերժեց, մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ ամենածայրայեղ ձեւը, ուր 25 տարիէն գրեթէ բոլոր աշխատաւորները մաս պիտի կազմեն միայն պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգին։ ԱՄՆի մէջ գլխաւոր ընդդիմադիրները պարտադիր կուտակային համակարգին, քաղաքականապէս շատ կազմակերպուած ու հզօր տարեցներու միութիւնն էր։ Միացեալ Նահանգներու տարեցները հասկցան, թէ պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգը իրենց շահերուն դէմ էր եւ անոնք ընդդիմացան։ Նոյնն է պարագան Հայաստանի տարեցներու շահերուն։ Պէտք է յստակօրէն շեշտել, թէ պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգը վնասակար է տարեցներու մեծամասնութեան շահերուն։ Իսկ որեւէ մէկ թոշակի համակարգի գլխաւոր նպատակն ու մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ թոշակառուներուն շահերը եւ ոչ թէ ֆինանսական շուկաներու զարգացումը։
Եթէ Միացեալ Նահանգները, որ ունի շատ զարգացած ֆինանսական շուկաներ ու կառավարական կարգաւորման համակարգ, մերժեց որդեգրել պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգը, ուրեմն Հայաստանի հանրապետութիւնը այս հանգրուանին նոյնիսկ պէտք չէ մտածէ այդ մասին, քանի որ ո՛չ ֆինանսական շուկաներ ունի եւ ոչ ալ ֆինանսական շուկաները կարգաւորման համակարգ ունին։
– Կուտակային թոշակի համակարգի պարագային միլիառաւոր տոլարներով գումարներ պիտի կուտակուին։ Դժբախտաբար Հայաստանի հանրապետութեան մէջ գոյութիւն ունեցող փտախտը շատ վտանգաւոր կացութիւն կը ստեղծէ, քանի բազմաթիւ ձեւերով, անձեր պիտի փորձեն կուտակուած գումարներուն մէկ մասը իւրացնել կամ ալ մսխել։ Երեք տարի առաջ Չինաստանի Շանկհայ քաղաքին մէջ Չինաստանի բոլիթ-բիւրոյի անդամ Չեն Լիանկիւի գիտակցութեամբ կուտակուած թոշակներէն միլիառաւոր տոլարներ կորսուած էր։ Նոյնը նաեւ կրնայ պատահիլ Հայաստանի մէջ, ուր գոյութիւն ունի բաւական փտախտ։ Ըստ Հարաւային Ամերիկայէն տնտեսագէտ Արմէն Գույումճեանի, Չիլիի մէջ, ուր պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգ գոյութիւն ունի, աշխատաւորներուն ամսական մուծած գումարներուն մէկ մասը կը կորսուի եւ իրենց հաշիւներուն մէջ չի մտներ։ Գլխաւորաբար, գործատէրերը կ՛իւրացնեն այս գումարները։ Ուրիշ խօսքով, գործատէրերը փոխանակ աշխատաւորներուն ամսական վճարումները աշխատաւորներուն հաշիւներուն մէջ դնեն, զանոնք կը դնեն իրենց գրպանները։ Ըստ երեւոյթին, այդ գործատէրերը կը մնան անպատիժ։ Այս տեսակ կամ անոր նման փտախտ կրնայ պատահիլ նաեւ Հայաստանի մէջ։
– Հիմնուելով միջազգային փորձի վրայ՝ կարելի է հաստատել, թէ պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգերը կազմակերպելու համար շատ աւելի բարձր չափով ծախս կ՛ըլլայ, քան ներկայի գոյութիւն ունեցող թոշակի համակարգը կազմակերպելը։
Նախ քան պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգ ստեղծելը, պէտք է քաջալերել ստեղծումը կամաւոր կուտակային թոշակի հաշիւներուն, ուր աշխատաւորները կամաւոր կերպով իրենց ամսականին որոշ մասը կը մուծեն ֆինանսական հաշիւներու մէջ եւ կամաւոր կերպով կը կուտակեն գումարներ։ Այս կամաւոր կուտակային թոշակի հաշիւները ստեղծելու համար, նախ կառավարութիւնը պէտք է որդեգրէ համապատասխան կարգաւորման օրէնքներ ու պէտք է քաջալերէ ֆինանսական շուկան, որ ստեղծէ կարելիութիւնը այս տեսակ կամաւոր կուտակային թոշակի հաշիւներու։ Ուրիշ խօսքով, պէտք է նաեւ դրական մօտեցում ցոյց տալ կամաւոր կուտակային անհատական թոշակի հաշիւներուն։
Վերջապէս, թոշակի համակարգի մը նպատակը պէտք է ըլլայ թոշակառուներուն կեանքի լաւ մակարդակ ու ապահով ծերութիւն ապահովել։ Թոշակի համակարգին նպատակը պէտք չէ ըլլայ ֆինանսական շուկաներու ստեղծում: Պարտադիր կուտակային համակարգի պաշտպաններ կ՛ըսեն, թէ պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգը մէջտեղ պիտի բերէ միլիառաւոր տոլարի կուտակուած գումարներ, որոնք պիտի քաջալերէն միջազգային ֆինանսական ընկերութիւնները գալու Հայաստան եւ զարգացնելու Հայաստանի ֆինանսական շուկաները։ Պարտադիր կուտակային համակարգի պաշտպանները կը փորձեն ծածկել պարտադիր կուտակային թոշակի դրութեան վտանգները, ինչպէս՝ աշխատանքի շուկաներու րիսկերը, ֆինանսական շուկաներու րիսկերը եւ «գորուպցիա»ի (փտախտ) րիսկերը։ Բոլոր այս րիսկերը, պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգը կը դարձնեն վտանգաւոր՝ վնասելով թոշակառուներուն շահերուն եւ ստեղծելով պայմաններ, ուր մեծ թիւով թոշակառուներ պիտի ապրին աղքատութեան մէջ իրենց ծերութեան ընթացքին։
Պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգի ջատագովները, կ՛ըսեն, թէ թոշակառուները փողոց պիտի չմնան, քանի եթէ նշուած րիսկերուն պատճառով թոշակառուն կորսնցնէ իր կուտակած գումարներուն մեծ մասը եւ իյնայ աղքատութեան գիրկը, այդ պարագային պետութիւնը իրեն կու տայ նպաստ՝ իբրեւ աղքատ։ Պէտք է նշել, թէ երբ երկրի մը տնտեսութիւնը տնտեսական տագնապի մէջ է, կառավարութիւնները տրամադիր չեն ըլլար աղքատներուն պէտք եղած չափով նպաստներ տալու։ Նաեւ ճիշդ չէ, որ աշխատաւոր մը աշխատի իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ու պարտադիր կուտակային թոշակի րիսկերուն պատճառով իյնայ աղքատութեան գիրկը, եւ իր կեանքի վերջին տարիներուն ստանայ ողորմութիւն պետութենէն, արժանավայել կերպով ապրելու փոխարէն։
Տնտեսագէտ Արմէն Գույումճեան, ակնարկելով Հայաստանի մէջ պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգի որդեգրումի վնասակար հետեւանքներուն՝ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կ՛ըսէ. «Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ չարչարուած է։ Պէտք չունի՛ ուրիշ զօրաւոր հարուած մը եւս ստանալու»: Բոլորովին համաձայն եմ իրեն հետ:
Բազմաթիւ երկիրներ, ինչպէս Շուէտ, Լաթվիա, Լեհաստան, Իտալիա եւ այլն, բարեփոխած են իրենց թոշակի համակարգերը առանց հիմնուելու պարտադիր կուտակային թոշակի համակարգին վրայ: Անոնք որդեգրած են համակարգ մը, ուր աշխատաւորներու ամսական վճարումները թոշակի համար, գլխաւորաբար կ՛արձանագրուին իրենց անունով հաշիւներու մէջ, սակայն չեն կուտակուիր: Երբ դադրին աշխատելէ եւ անցնին թոշակի, իրենց ստանալիք թոշակին չափը յատկապէս հիմնուած պիտի ըլլայ իրենց թոշակի հաշիւներուն մէջ արձանագրուած գումարին վրայ: Հայաստանի հանրապետութիւնն ալ պէտք է հետեւի անոնց օրինակին:
Յունուար 25, 2010
Շահեկան եւ սպառիչ յօդւած է։ Մտահոգութիւնը դեռ 2008-ից էր առկայ։ Յարկաւոր է առաջն առնելու ուղիներ եւս մշակել։ Եթէ ժամանակին չշարժւենք արձանագրութիւնների պէս կատարւած փաստի առաջ ենք կանգնելու։