ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուրբաթ, Յունուար 22ին յայտնած է, որ Մոսկուայի կողմէ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուած հակահրթիռային միացեալ վահան մը մէջտեղ բերելու Ռուսիոյ առաջարկները, ներառեալ Ատրպէյճանի մէջ Կապալայի ռատարի կեդրոնի օգտագործումը, տակաւին սեղանի վրայ են։
Մոսկուա անցեալ տարի առաջարկած էր Ատրպէյճանի մէջ Կապալայի ռատարի կեդրոնը եւ Ռուսիոյ Կրասնոտար շրջանին մէջ ռատարի այլ կեդրոն մը օգտագործել իբրեւ այլընտրանք՝ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ հրթիռային վահան մը ստեղծելու ամերիկեան նախկին ծրագիրին: Կապալայէն կարելի է հսկել Իրանը, Թուրքիան, Հնդկաստանը, Իրաքը եւ ամբողջ Միջին Արեւելքը։
Ներկայիս շուրջ հազար ռուս զինուորներ կան կեդրոնին մէջ։ Լաւրով նշած է, թէ առաջին քայլը պիտի ըլլայ միացեալ յանձնախումբ մը կազմելը՝ ճշդելու համար, թէ ո՞ր շրջանները սպառնալիքներ կը ներկայացնեն:
Լաւրով նաեւ յոյս յայտնած է, որ այլ երկիրներ եւս կը միանան Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միացեալ հակահրթիռային պաշտպանութեան ջանքերուն։
Խօսելով Լեհաստանի մէջ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներ զետեղելու Միացեալ Նահանգներու ծրագիրին մասին՝ Լաւրով յայտնած է, թէ այդ ծրագիրը աւելորդ կը նկատէ եւ «այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ Լեհաստան կը փորձէ ինքզինք պաշտպանել Ռուսիայէն»։
Նոյն օրը, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց այն լուրը, թէ Ռուսիա, հակազդելով Լեհաստանի քայլին՝ պիտի զօրացնէ Պալթեան ծովուն մէջ գտնուող իր ծովուժը։