ՀԵԴի «Հայդուկ» թերթի համացանցային կայքէն կը տեղեկանանք, թէ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու մարմինը որոշած է ոչ պետական ընկերութեան մը յանձնել Կլենտէյլի առողջապահութեան կեդրոնի (Glendale Health Center) տնօրինումը՝ սպառնալով առողջապահական սպասարկութեան գիները բարձրացնել, որուն հետեւանքով շարք մը կարիքաւոր ընտանիքներ կրնան կորսնցնել աժան գինով առողջապահական սպասարկութիւն ստանալու ընտրանքը:
Կլենտէյլի առողջապահութեան կեդրոնը կը հանդիսանայ Լոս Անճելըս գաւառի ամենայաջող դարմանատուներէն մէկը եւ ունի մօտաւորապէս 3500 յաճախորդներ: Դարմանատան յաճախորդներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը կազմեն շրջանի հայերն ու սպանախօս քաղաքացիները, իսկ պաշտօնեաներուն մեծ մասը հայերէն կը հասկնայ ու կը խօսի: Կեդրոնը գնելու պատրաստակամութիւն յայտնած գլխաւոր ընկերութեանց անձնակազմին մէջ հայախօսներ չկան:
Սեփականացման այս քայլին առաջքը առնելու համար, ՀԵԴն կոչ կ՛ընէ հեռաձայնել Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչին՝ անոր փոխանցելու համար սոյն մտահոգութիւնը: Անթոնովիչի գրասենեակին թիւն է՝ (213) 974-5555: