ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 17ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատքին։ Վերջինս ԼՂՀ հասնելու նախօրէին՝ Յունուար 16ին, հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին մասին։
Ամերիկացի համանախագահը նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ քննարկած է ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ փուլին եւ հեռանկարներուն վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց առնչութեամբ Բ. Սահակեան ընդգծած է, թէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ. հակամարտութիւնը չի կրնար կարգաւորուիլ Ատրպէյճան-Արցախ անմիջական երկխօսութեան բացակայութեան պարագային: Այդ գծով ան նշած է, որ Ատրպէյճանը պէտք է հրաժարի ոչ կառուցողական եւ ռազմատենչ մօտեցումներէ: ԼՂՀ նախագահը անգամ մը եւս շեշտած է, թէ Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը սակարկութեան առարկայ չեն, եւ այդ փաստի անտեսման փորձերը անհնար կը դարձնեն հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը:
Իր կարգին Ռ. Պրատթքի ընդգծած է, թէ հակամարտութեան կարգաւորման ուժային տարբերակը բացարձակապէս անընդունելի է:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հետ կապուած հարցեր. ընթացքին կողմերը նշած են, թէ հայ-թրքական եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան փոխյարաբերութիւնները իրարու հետ փոխադարձաբար կապուած գործընթացներ չեն: