ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Յունուարի 12ին Երեւան պիտի ժամանէ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրովը: Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանատան դիւանագիտական շրջանակներ կը տեղեկացնեն, որ նախարար Լաւրով Երեւանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ երկրի քաղաքական ղեկավարութեան հետ:
Յատկանշական է, որ Լաւրով Երեւան կու գայ ճիշդ նոյն օրը, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան Մոսկուա պիտի մեկնի: Էրտողանին հետ Մոսկուա պիտի մեկնի Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.