Կ՛ըսէ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մկտիչ Մկրտիչեան
Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով հրապարակած է հարցազրոյց մը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ: Ստոերւ սոյն հարցազրոյցը ամբողջութեամբ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ցիւրիխեան ստորագրութիւններէն ետք յայտարարողական գետնի վրայ նկատուեցան հայկական կողմէն հնչած վերապահութիւններ, մտահոգութիւններ արձանագրութիւններուն նկատմամբ: Նոյնիսկ միջազգային օրէնքով համապատասխան քայլեր առնելու մասին ակնարկութիւններ կան նախագահի մակարդակով: Ի՞նչ փոխուած է եւ ինչո՞ւ:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Այս հարցումին պատասխանը կրնայ երկար ըլլալ, սակայն պիտի փորձեմ ամփոփել մտածումներս: Նախագահը իր վերապահութիւնները հրապարակեց արձանագրութիւններու ստորագրութենէն քանի մը ժամ առաջ միայն՝ 10 Հոկտեմբեր 2009ին: Այդ վերապահութիւնները բացարձակ կերպով նման էին ՀՅԴի ամիսներէ ի վեր յայտնած վերապահութիւններուն: Անոնք մամլոյ հաղորդագրութիւններով, հարցազրոյցներով, յօդուածներով եւ տեղեկատուական բոլոր միջոցներով արդէն դարձած էին հանրութեան սեփականութիւնը: Նախագահը նոյն վերապահութիւնները լսած էր սփիւռքեան իր շրջապտոյտի ընթացքին: Տեսաւ նաեւ, որ հայրենի հայութիւնը եւս չափազանց զգայուն վերաբերում ունեցաւ այս հարցին նկատմամբ. չմոռնանք ստորագրութենէն մէկ օր առաջ Դաշնակցութեան կազմակերպած ցոյցի ազդու տարողութիւնը՝ թէ՛ թուական, թէ՛ մասնակից տարրերու այլազանութեամբ: Ատկէ ետք եւ մինչեւ այսօր ժամանակը բաւարար եղաւ նկատելու դիմացի կողմի՝ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան խաղերը, որոնք կը շեփորէին այն նախապայմանները, որոնց մասին Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ըսէին, թէ անոնք գոյութիւն չունին: Ամերիկեան հաւաստիքները այս ուղղութեամբ, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները տեղի կ՛ունենան առանց նախապայմանի, օրական դրութեամբ ու հետեւողական կերպով դրժուեցան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:
Հայաստանի իշխանութիւնները կարծես թէ կ՛անդրադառնան, թէ Թուրքիա իր առնելիքը առած է արդէն եւ փոխարէնը բան մը տալու պատրաստ չէ. ոչ իսկ նուազագոյնը՝ սահմանի բացումը, որ արեւմտեան պետութիւններու հիմնական պահանջն էր:
«ԱԶԴԱԿ».- Կ՛ըսէք, թէ Թուրքիա արդէն իր առնելիքը առած է. ի՞նչ շահած է Թուրքիա այս գործընթացէն:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Յստակ չէ՞: Շեփորով ու թմբուկով, պատկերասփիւռով ու համացանցով օրերով յայտարարուեցաւ, որ Հայաստան եւ Թուրքիա բանակցութիւններու մէջ են: Գրութիւններու տակ կան արդէն ստորագրութիւններ, անկախ այն իրողութենէն, թէ անոնք օրինական կերպով ի զօրու դառնալու համար անհրաժեշտ է անոնց վաւերացումը զոյգ խորհրդարաններուն կողմէ: Հետեւաբար միջազգային ընտանիքին համար հայ-թրքական յարաբերութիւններու խնդիրը մտած է Փոքր Ասիոյ եւ Կովկասի համեմատաբար նեղ շրջագիծին մէջ: Այս պատճառով հայկական սփիւռքի դերակատարութեան կարեւորութիւնը այս հանգրուանին նուազած է. «Քանի խօսակցութեան մէջ են, մենք խանգարելու իրաւունք չունինք», կը փաստարկէ արեւմտեան դիւանագիտութիւնը: Այսինքն՝ Թուրքիա գէթ ժամանակի մը համար ազատեցաւ արեւմտեան ճնշումներէն, ինչ կը վերաբերի հայկական հարցերուն. Ցեղասպանութիւն եւ պահանջատիրութեան ուրուականը: Աւելի՛ն. Արցախի հարցով Հայաստան դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով սկսած է առնուիլ աքցանի մէջ: Ներկայ պայմաններուն մէջ քարոզչական կռիւը ի նպաստ հայութեան հակառակորդներուն կ՛ընթանայ: Թրքական կողմը իր յաճախակի յայտարարութիւններով փաստօրէն կրցաւ ստորագրուած արձանագրութիւններու ի՛ր տուած մեկնաբանութիւնները միջազգային կարծիքի սեփականութիւնը դարձնել: Կրկնուող ու Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ անպատասխան մնացող թրքական կարծիքները արդէն տեղ գտած են շահագրգիռ կողմերու միտքերուն մէջ: Հայաստանի իշխանութիւններուն ձեր հարցումին մէջ նշմարուող հակայարձակողականը քիչ մը ուշացած ըլլալով հանդերձ՝ յուսադրիչ է: Հայաստան գոնէ քարոզչական իմաստով վախնալու պէտք չունի, քանի իրաւունքը իր կողմն է, իսկ սփիւռքը գէթ ազգային հարցերու պաշտպանութեան համար իր տրամադրութեան տակ է:
«ԱԶԴԱԿ».- Կեցուածքի այս փոփոխութիւնները ազդեցութիւն կրնա՞ն ունենալ Սահմանադրական դատարանին վրայ: Թէեւ սկզբունքով իրաւական դաշտը պէտք է անկախ ըլլայ քաղաքական գործընթացներէն:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Պետութեան մը կեանքին մէջ պարզ շնչառութիւնն իսկ քաղաքական աքթ է եւ փոխազդեցութիւնները անխուսափելի են: Սահմանադրական դատարանի օրէնսգէտներն ալ լուսինէն ինկած արտասովոր էակներ չեն: Կ՛ազդուին եւ, բնականաբար, կ՛ազդեն: Բաւական է, որ իրենք նկատի ունենան նախագահի՝ 10 Հոկտեմբերին արտասանած ուղերձին մէջ արտայայտուած մտահոգութիւնները, Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, հայութեան նորագոյն պատմութեան վերնագիրները, վերջին ամիսներուն ընթացքին Թուրքիոյ դրսեւորած դիրքորոշումները, հայկական զանգուածներու կամքը եւ իրենց ընելիքը կը յստականայ: Օրէնքը չէ, որ կեանքը կը տնօրինէ. հակառա՛կն է ճիշդը:
«ԱԶԴԱԿ».- Ինչո՞ւ Սահմանադրական դատարանը պէտք է հաստատէ արձանագրութիւններուն հակասահմանադրականութիւնը:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Սահմանադրական դատարանը կրնայ ընել երկուքն ալ. Հաստատել կամ չհաստատել արձանագրութիւններու սահմանադրականութիւնը: Բառախաղ չէ՛ ըրածս: Արձանագրութիւններու ստորագրութեան նախօրեակին եւ ատկէ անմիջապէս ետք Հայաստանի պետական ներկայացուցիչները ճիգ չխնայեցին հայկական հասարակութիւնը համոզելու , թէ այդ համաձայնագիրներուն մէջ նախապայմաններ չկան: Արդարեւ՝ անոնց մէջ բացայայտ կերպով դրուած պայմաններ չկան. հետեւաբար՝ Սահմանադրական դատարանը կրնար նոյնպիսի եզրակացութեան հասնիլ: Սակայն ներկայիս, երբ արդէն բազմիցս հրապարակուած են համաձայնագիրի յօդուածներուն մասին թրքակա՛ն մեկնաբանութիւնները, սահմանադրական դատարանէն կ՛ակնկալուի, որ առնուազն մատնանշէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ տրուած մեկնաբանութիւնները սահմանադրականօրէն անընդունելի են, հակասահմանադրական են եւ այդ ուղղութեամբ յայտնէ իր յստակ վերապահութիւնները. այն նոյն վերապահութիւնները, որոնք արտայայտուեցան 10 Հոկտեմբեր 2009ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի արտասանած ուղերձին մէջ:
«ԱԶԴԱԿ».- Քաղաքական ընդդիմութիւնը այս բոլորին նկատմամբ ձեր տեսակէտով որքա՞ն ազդեցիկ է: Մինչեւ 12 Յունուար ի՞նչ կը սպասուի: 12 Յունուարէն ետք ի՞նչ պէտք է ընել:
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Անգամ մը եւս պէտք է շեշտել, որ Հայաստանի մէջ գոնէ այս հարցով ընդդիմութիւն կը նշանակէ հիմնականօրէն ՀՅԴ եւ անոր շուրջ հաւաքուած ուժերը: Արմատական կոչուող ընդդիմութիւնը շատոնց իր համաձայնութիւնը տուած է այս արձանագրութիւններու բովանդակութեան՝ առանց խորքային հարցադրումներու: Հաւանաբար ատենը չէ վերլուծելու ինչուն եւ ինչպէսը, բայց Հայաստանի նորագոյն անկախութեան հռչակումէն ի վեր որոշ տարածում գտած քաղաքական տրամաբանութիւնը այսպիսին է. «ռուսամէտ»ը պէտք է փոխարինել ուրիշ «մէտ»երով: Արեւելեա՞ն, թէ՞ արեւմտեան արեւելում. ասիկա՛ եղած է հայկական քաղաքականութեան խնդիրը ազգային Զարթօնքէն ի վեր: Դաշնակցութեան պատասխանը շատոնց յստակացած է՝ հայկակա՛ն արեւելումն է: Այսինքն այդ, ինչ որ հայութեան անմիջական ու հեռանկարային շահերը կը պահանջեն. մէկ խօսքով՝ անմիջական եւ հեռանկարային շահերու հաշտեցումը, անոնց կարելի լաւագոյն համադրումը. ո՛չ անմիջականօրէն անիրականանալի ծայրայեղական դրուածքներ, ո՛չ ալ մանաւանդ՝ անընդունելի, անբացատրելի ու անըմբռնելի պարտուողականութիւն:
Ինչ կը վերաբերի ձեր հարցումի վերջին բաժինին, կեանքը Յունուար 12ին կանգ չ՛առներ, իսկ հայութեան դիմագրաւած խնդիրները աւելի բարդ են, քան հայեւթուրք յարաբերութիւնները: Մատնացոյց ընեմ միայն մէկը. մեր օրերուն ճիգ կը թափուի հայութեան մէջ ճեղքեր յառաջացնելու: Կը փորձուի հայութեան կազմակերպուած զանգուածը պառակտել. միութիւններ, կուսակցութիւններ, ընդհանրապէս հասարակական կազմակերպութիւններ: Կը փորձուի սփիւռքը բաժնել Հայաստանէն: Ո՞ւր կը գտնուի այս քաղաքականութեան կիրառման գործադիր կեդրոնը. անկեղծօրէն չեմ գիտեր, սակայն կարեւոր ալ չէ: Կարեւորը այս հարցի գոյութեան գիտակցութիւնն է: Հայութեան մէկ մասը այսօր կիրքի եկած է: Իսկ կիրքը քաղաքական հարցերու մէջ լաւ խորհրդատու չէ: Դեղագիրը միայն բանականութիւնն է: Բանականութիւն, որ անշուշտ հետեւի գաղափարական յստակ ուղղութիւններու թելադրած նախադրեալներու: Իսկ այդ նախադրեալները կա՛ն: Կան Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ, Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին մէջ, Հայաստանի անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան հայեցակարգին մէջ. ընդհանրապէս՝ Զարթօնքէն ասդին հայութեան պատմութեան մէջ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մեր երէկուան թիւով «Փանարմինիըն»էն քաղուած լուր մը տալով, յայտնած էինք, որ «Ազդակ»ի խմբագիրը այդ լրատուական ծառայութեան փոխանցած է, թէ լիբանանահայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի կողմէ արձանագրութիւններու քննարկման առիթով: «Ազդակ»ի խմբագիր Շահան Գանտահարեան կը ճշդէ, թէ լիբանանահայութիւնը ոչ թէ բողոքի ցոյց, այլ՝ հաւաք մը կազմակերպած է ընդդէմ արձանագրութիւններուն: Հայ ազգային երեք կուսակցութիւններու կողմէ կազմակերպուած հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի «Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: