ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Միլլիյէթ» թերթը Շաբաթ օր իր տնտեսական էջին վրայ հաղորդած է յատկանշական լուր մը՝ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին մասին։ Թերթը մանրամասնօրէն արձագանգ հանդիսացած է Ընկերային Ապահովութեան Խորհուրդի կողմէ Թուրքիոյ մէջ գործող եւ Ընկերային Ապահովագրութեան հետ պայմանագրութիւն կնքած հիւանդանոցներու մասին կատարուած դասաւորման։
Հրատարակուած ցանկին համաձայն հիւանդանոցները բաժնուած են հինգ դասակարգերու, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի 1000էն մինչեւ 800 նիշ ստացած՝ 78 հիւանդանոցներուն, որոնց մէջ 40րդ պատուաբեր դիրքը գրաւած է Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը՝ իր ստացած 868.1 նիշով։
Ընկ. Ապ. Խորհուրդը ամէն տարի նոր դասաւորման պիտի ենթարկէ հիւանդանոցները, այս նպատակով շարունակաբար անակնկալ քննութիւններ կատարելով հիւանդանոցներու մէջ։ Դասաւորումը կը կատարուի հիւանդանոցներուն մէջ արձանագրուած յառաջդիմութեան, մաքրութեան, սպասարկութեան որակի ու այլեւայլ ազդակներու լոյսին տակ։