ԱԹԷՆՔ, «Արմէնփրէս».- Յոյն փաստաբան Դիմիտրիս Գելդիսը Թուրքիոյ պետութենէն հատուցում պիտի պահանջէ Պոլիսէն հարկադրաբար արտագաղթած յոյներու ձգած անշարժ գոյքի եւ այլ ունեցուածքի դիմաց:
Ըստ թրքական «Հուրրիէթ» թերթին, նման դատական հայցով հանդէս գալու համար հիմք պէտք է ծառայէ Գելդիսի ձեռք բերած Պոլսոյ 1955ի հեռաձայնի գիրքը, ուր նշուած են այդտեղ բնակած յոյներու հեռաձայնի թիւերն ու հասցէները:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ բազմաթիւ փողոցներու անուններ փոխուած են, հեռաձայնի գիրքը լաւ սկիզբ է դատական հայց նախապատրաստելու համար: Պոլսոյ մէջ յոյներուն պատկանող անշարժ գոյքը կը հասնի 12 հազարի», ըսած է յոյն փաստաբանը։
Ըստ «Հուրրիէթ»ին Թուրքիոյ մէջ արգիլուած է յոյներուն պատկանող ունեցուածքի ուսումնասիրութիւնը: