ՔԻԵՒ, «Թերթ».- Ըստ «Analitika.at.ua»ին՝ Ուքրանիոյ Խարկովի շրջանի Իզիւմի քաղաքական խորհուրդը, քննարկած եւ միաձայն հաստատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող Իզիւմի հայկական համայնքի վարչութեան ղեկավար Նիկոլայ Ադիխանեանի ուղերձը:
Քաղաքական խորհուրդը որոշած է դիմել Ուքրանիոյ նախագահին եւ Գերագոյն ատեանին՝ հայ ժողովուրդին սատարելու եւ օրէնսդրօրէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խնդրանքով:
Ըստ Նիկոլայ Ադիխանեանի ուղերձին՝ ասիկա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է Ուքրանիոյ հայկական համայնքին եւ ընդհանրապէս ողջ հայ ժողովուրդին համար: Ադիխանեան շնորհակալութիւն յայտնած է իր բոլոր գործընկերներուն՝ աջակցութեան համար:
Նշենք, որ ասիկա Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երրորդ որոշումն է, որ կ՛ընդունուի Ուքրանիոյ կողմէ: