Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Դ. Հաշիմոթոյի վահանագեղձատապը երկարատեւ, մնայուն բորբոքում մըն է, որ կը նկատուի ինքնա-դիմադրողականութեան թերաշխատանքային հիւանդութիւն մը (autoimmune disease), ուր տեղի կ՛ունենայ առանց ցաւի գեղձի գերծաւալում, վահանագեղձի ենթա-արտաթորումի ախտանշաններ, ինչպէս նաեւ կակուղ եւ կամ կարծր գեղձային հանգոյցներ: Ան շատ աւելի համեմատութեամբ կը տեսնուի կիներու մօտ, ինչպէս նաեւ որոշ քրոմոսոմային խանգարումներու եւ այլ հիւանդագին երեւոյթներու հետ միատեղ: Անոր կ՛ուղեկցին ընդհանրապէս կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ շաքարախտ, մակերիկամ գեղձի անբաւարարութիւն, ենթա-յարվահանագեղձութիւն (hypoparathyroidism), սպիտակամորթութիւն (vitiligo), սակաւարիւնութիւն: Այս հիւանդութիւնէն տառապող անձը յարատեւօրէն գործածելու է thyroxin ներազդակը:
Ե. Յետ-ծննդաբերութեան վահանագեղձաբորբը կը պատահի ծննդաբերութենէ 10-15 շաբաթ ետք: Անոր ախտանշաններն են՝ վահանագեղձի անցաւ ծաւալում եւ գերաշխատանք որոնք մի քանի շաբաթ կը տեւեն:
Զ. Վահանագեղձի ծաւալում (goiter) կը պատահի երկու ձեւերով՝
ա. Վահանագեղձի գերաշխատանքային ախտանշաններու բացակայութեամբ (euthyroid goiter):
Այս պարագային ախտապատճառը ընդհանրապէս անյայտ է, սակայն ան կը պատահի յղութեան, արբունքի եւ դաշտանադադարի ընթացքին, ինչպէս նաեւ մանիշի անբաւարար սպառումով: Վահանագեղձը նախ համաչափ կը ծաւալի, կ՛ըլլայ սահուն եւ կակուղ, սակայն հետզհետէ կը կարծրանայ, իր սահունութիւնը կը կորսցնէ, եւ անոր մէջ կը կազմուին հանգոյցներ ու ախտաբանական տոպրակներ (cysts): Հոս ախտաճանաչումը կը կարօտի արեան T3 եւ T4 ներազդակներու քննութիւններուն, ինչպէս նաեւ վահանագեղձի SCANի: Իսկ դարմանումը կը կատարուի մանիշով հարուստ աղի եւ վահանագեղձի ներազդակներու գործածութեամբ:
բ. Վահանագեղձի գերաշխատանքային ախտանշաններու գոյութեամբ: Հոս ախտաճանաչումը եւ դարմանումը կը հետեւի գերվահանագեղձութեան միջոցառումներուն:
Երկու պարագաներուն ալ, երբ վահանագեղձի ծաւալումը մեծ տարողութամբ տեղի կ՛ունենայ, վիրահատումը կը դառնայ պարտաւորիչ:
Է. Հանգուցաւոր վահանագեղձը (nodular goiter) կը յառաջանայ հետեւեալ ազդակներու գոյութեամբ.
1. Մակակազմային վահանագեղձ (hyperplastic thyroid)։
2. Վահանագեղձի բուշտաւորում – պարկաւորում (cyst formation)։
3. Վահանագեղձատապ – բորբոքում։
4. Վահանագեղձի լաւորակ ուռեր։
5. Վահանագեղձի չարորակ ուռեր՝ խլիրդ։
Ասոնց բոլորին պարագային ախտաճանաչումը կը կարօտի արեան T3ի, T4ի եւ TSHի քննութեան, վահանագեղձի անդրձայնային (ultrasound) քննութեան եւ ախտաբանական (pathologic) քննութեան:
Հանգուցաւոր վահանագեղձի ախտանշանները եւ դարմանումի ձեւերը կը տարուբերին համաձայն ախտապատճառ ազդակներուն:
Ը. Վահանագեղձի լաւորակ ուռեր։
Այս ուռերը ընդհանրապէս որոշ ախտանշաններ չեն յառաջացներ։ Անոնց ախտաճանաչումը բացայայտ է. որոշ հանգոյցներ զգալի կ՛ըլլան քննող բժիշկին մատներուն: Ծաւալուն լաւորակ ուռեր կրնան ճնշում բանեցնել խռչափողին եւ ձայնալարերու ջիղերուն վրայ ու յառաջացնել ձայնի որոշ փոփոխութիւն եւ շնչառական դժուարութիւն: Լաւորակ ուռերու դարմանումը կ՛ըլլայ վիրահատումով:
Թ. Վահանագեղձի չարաղէտ ուռեր խլիրդ։
Վահանագեղձի խլիրդի յառաջացման ախտապատճառները ընդհանրապէս անորոշ են, սակայն ան շատ մեծ համեմատութեամբ աւելի կը տեսնուի դարմանական շողագործօն մանիշի գործածութեան վայրերու մէջ, եւ այն վայրերուն մէջ՝ ուր տեղի կ՛ունենան միջավայրային շողարձակումներ (radiation): Վահանագեղձի խլիրդը շատ դանդաղ կ՛աճի եւ դանդաղ կը զարգանայ: Ընդհանրապէս ան կը յայտնուի միայն հանգոյցով մը, առանց այլ ախտանշաններու գոյութեան: Յառաջացած խլիրդներու պարագային, աւշագեղձեր կը տեսնուին վիզին երկու կողմերը, թոքերուն մէջ եւ կամ կարգ մը ոսկորներու ծուծին մէջ: Վահանագեղձի խլիրդային ուռերու ախտաճանաչումը կը կատարուի հանգոյցներու ախտաբանական քննութեամբ եւ վահանագեղձի անդրձայնային քննութեամբ, իսկ անոնց դարմանումը կ՛ըլլայ վահանագեղձի ամբողջական եւ կամ մասնակի վիրահատումով, ինչպէս նաեւ վահանագեղձի ներազդակներու եւ շողագործօն մանիշի գործածութեամբ: Վզին երկու կողմերը աւշագեղձերու գոյութեան պարագային, վահանագեղձի վիրահատումին հետ միատեղ կը կատարուի աւշագեղձերու վիրահատում:
Վիրահատումի պարագային կրնայ տեղի ունենալ խռչափողի ձայնալարերու ջիղի մասնակի եւ կամ ամբողջական վնասում-հատում, որուն հետեւանքով ձայնալարերը կ՛անդամալուծուին մասնակիօրէն եւ կամ ամբողջովին, եւ հետեւաբար հիւանդը կը կորսնցնէ իր ձայնը կամ կ՛ունենայ ձայնի խռպոտութիւն: Մասնակի հատումի պարագային ջիղը կը վերագտնէ ինքզինք մի քանի ամսուան ընթացքին եւ հիւանդին ձայնի խռպոտութիւնը կ՛անհետանայ։ Իսկ ջիղի ամբողջական հատումի պարագային հիւանդը կ՛ունենայ ձայնի մնայուն խռպոտութիւն:
Հոս տեղին է խօսիլ մանրամասնօրէն մանիշի մասին:
Մանիշը մեծ դերակատարութիւն ունի մարդու առողջութեան պահպանման գործընթացին մէջ: Ան կը սատարէ մեր մարմնի ֆիզիքական եւ մտային աշխատանքներու բնական զարգացումին, նիւթափոխանակումի աշխատանքին, ջերմոյժի արտադրութեան, նեարդային համակարգի գործունէութեան, մկաններու աշխատանքին եւ աճումին, հիւսկէններու նորոգումին, ինչպէս նաեւ մորթի, մազի, ակռաներու եւ եղունգներու առողջութեան: Առանց մանիշի, վահանագեղձը կը դադրի T3 եւ T4 ներազդակները արտադրելէ: Յղի կիներ աւելի պէտք ունին մանիշի:
Մանիշը մեր մարմնին պէտք է հայթայթուի ամէնօրեայ դրութեամբ, որովհետեւ ան մարմնին կողմէ չ՛արտադրուիր եւ անոր մէջ չի կուտակուիր: Ան կը գտնուի շատ մը սննդանիթերու, դեղերու, կենսանիւթերու եւ ծովային սննդանիւթերու մէջ: Ան առաւելաբար կը գտնուի ծնեբեկի (asparagus), կանանչ պղպեղի, հազարի, սունկի, չամիչի, կանկառի, ցորենի, կենդանական միսի եւ կաթնեղէններու մէջ: Մանիշ կը ստանանք նաեւ մանիշով հարուստ սեղանի աղի գործածութեամբ:
Մանիշի նուազ սպառումով կը յառաջանայ ոտքերու պաղութիւն, անքնութիւն, մորթի փոփոխութիւն, եղունգներու եւ մազերու անբնական երեւոյթ, գիրութիւն, վահանագեղձի ծաւալում, եւ մտային տկարութիւն: Մանուկներու մօտ կը յառաջանայ քրեթինիզմ (cretinism – բթամտութիւն. Խմբ.) հիւանդութիւնը, որ կը յատկանշուի մարմնի աճման եւ հոգեկան զարգացումին կասեցումով, դանդաղ շարժուձեւով ու խօսակցութեամբ, լսողական տկարութեամբ եւ ուշիմութեան վատթարացումով: Յղի կիներու մօտ կը յառաջանայ վիժում եւ աճող սաղմի ուղեղային դանդաղութիւն։
Մանիշի առատ սպառումը կը յառաջացնէ վահանագեղձի արագ աշխատանք, մարմնի նիւթափոխանակումի արագացում, կշիռքի կորուստ, սրտի արագ զարկ եւ լորձունք, ջղագրգռութիւն, յոգնածութիւն, գլխացաւ եւ մորթի բշտիկներու յայտնաբերում:
Մանիշը կը գործածուի բժշկութեան մէջ զանազան եղանակներով, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.
1. Վահանագեղձի հիւանդութիւններու մէջ, որպէս դարմանամիջոց։
2. Որպէս շողագործօն մանիշ՝ վահանագեղձի որոշ հիւանդութիւններու մէջ։
3. Որպէս հազացուցիչ։
4. Որպէս հականեխիչ։
5. Բժշկական յատուկ քննութիւններ կատարելու համար։
6. Շողանկարահանում կատարելու համար։
(Շար. 2 եւ վերջ)
Մոնթրէալ, Դեկտեմբեր 15, 2009