Սան Կապրիէլ Հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութին մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Արա Մալազեանի, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18ին հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճուտի Չուի հետ, անոր հետ քննելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին զօրակցելու կարեւորութիւնը:
Խորհրդակցութեանց ընթացքին Մալազեան կոչ ըրաւ քոնկրեսականին, որ իր նախորդին՝ նախկին քոնկրեսական Հիլտա Սոլիսի նման, հովանաւորէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող թիւ 252 բանաձեւը: Յիշեցնենք, թէ Չու փոխարինած էր նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ աշխատաւորական հարցերու նախարար նշանակուած Սոլիսին:
Չու դրականօրէն ընդունեց առաջարկը եւ խոստացաւ մօտէն եւ մանրամասնօրէն քննել բանաձեւը եւ աւելցուց, թէ հաւանական ոչ մէկ պատճառ պիտի ըլլայ չհովանաւորուելու նման բանաձեւ մը, յատկապէս որովհետեւ ինքը Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ եղած օրերուն նեցուկ կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու զայն դասաւանդելու առնչուող բանաձեւերուն:
Մալազեան նաեւ յիշեցուց, որ Սոլիս գործօն անդամ մըն էր Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համխմբումին եւ վստահեցուց, որ Հայ Դատի յանձնախումբը սերտօրէն պիտի գործակցի նաեւ Չուի հետ:
Հանդիպման աւարտին Չուի յանձնուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի օրինակը, որպէսզի անոր անձնակազմին անդամները արագօրէն քննեն զայն ու անոր նկատմամբ իրենց դիրքորշումը ամենականուխ առիթով ճշդեն: