ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (ՃՄՀԳ) միջեւ Դեկտեմբեր 22ին ստորագրուած է դրամաշնորհային համաձայնագիր, ըստ որուն Ճափոնի կառավարութիւնը Հայաստանի ազգային պատկերասրահին պիտի տրամադրէ 27 միլիոն 900 հազար ճափոնական ենի (մօտ 310 հազար ԱՄՆ տոլար) գիտարուեստական սարքաւորումներ:
Նշենք, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Ճափոնը Հայաստանին կ՛աջակցի տարբեր ոլորտներու ծրագրերու իրականացման գործին մէջ, իսկ այժմ ՃՄՀԳի աջակցութեամբ կ՛իրագործուի երկու վարկային ծրագիր՝ «Էլեկտրականութեան եւ բաշխիչ ցանցերի բարելաւման», «æերմային էներգիայի կայանի կառուցման»:
Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի խօսքով, համաձայնագիրը թոյլ կու տայ լուծել պատկերասրահի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող երկու խնդիր գեղանկարներու վերականգնում եւ փայտեայ նմոյշներու վերականգնման արհեստանոցի համար սարքաւորումներու ձեռքբերում: «Մենք պէտք է կարողանանք պատշաճ կերպով պահպանել մեր մշակութային արժէքները. այս նուիրատուութիւնը տեղին է», նշած է նախարարը: Անոր կարծիքով, ՃՄՀԳի հետ համագործակցութիւնը շատ արդիւնաւէտ է եւ պէտք է շարունակել համատեղ ծրագրերի իրականացումը: