ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կիրակի, Դեկտեմբեր 20ին Սուրիա կատարած այցելութեամբ, Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները մուտք գործեցին նոր հանգրուան։ Քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով էր, որ վարչապետ Հարիրի, որ իր ճառերուն մէջ Սուրիան ամբաստանութեան թիրախ դարձուցած էր իր հօր՝ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով, Դամասկոս ոտք կը կոխէր։
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ Հարիրիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը «պատմական» եւ «անկիւնադարձային» որակուեցաւ։
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Ասատ նախանձախնդիր էր, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները սկսին անկեղծութեամբ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Դամասկոսի լիբանանեան դեսպանատան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան ընդգծեց, որ երկկողմանի խորհրդակցութիւնները «շինի»չ էին եւ հիմնուած՝ երկու երկիրներուն եւ լիբանանցիներուն ու սուրիացիներուն շահերուն վրայ։
Հարիրի դիտել տուաւ, որ բոլոր թղթածրարներուն շուրջ քննարկումները դրական մթնոլորտի մէջ անցած են։ «Նախագահ Ասատի կողմէ ես միայն դրական վերաբերում գտայ՝ քննարկուած բոլոր հարցերուն նկատմամբ։ Մենք կը փափաքինք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու նոր էջ մը բանալ եւ հիմնուիլ լաւատեսութեան վրայ՝ նշմարելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն դրական երեսները», ըսաւ Հարիրի։
Հարիրի նշեց, որ թէեւ իրենք անցեալը կը քննեն, սակայն կը գործեն ի խնդիր երկու երկիրներուն ապագային։ Հարիրի աւելցուց, որ յառաջիկային կարելի պիտի ըլլայ տեսնել յաւելեալ գործակցութիւն՝ իսրայէլեան սպառնալիքներուն դիմադրելու նպատակով։
Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Ասատի հետ իր հօր սպաննութեան շուրջ կազմուած միջազգային ատեանին հարցը չէ քննած, սակայն հաստատեց, թէ բոլորն ալ կը փափաքին գիտնալ սպանութեան դրդապատճառները եւ ճշմարտութիւնը։