ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ատրպէյճանի կառավարութեան ի նպաստ քարոզչական աշխատանք տանող Կասպեան ուժանիւթի խորհրդատուական մարմնէն («Caspian Energy Consulting») Էս. Ռոյ Սոպհանի «Washington Times» թերթին մէջ լոյս ընծայած ընդարձակ յօդուածով մը փորձած է Ատրպէյճանը ներկայացնել իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ամէնէն վստահելի դաշնակիցներէն մէկը, պնդելով, թէ երկրին քարիւղի հարստութիւնը կնայ նոյնիսկ նպաստել ամերիկեան տնտեսութեան…
Իբրեւ օրինակ, ան գրած է, թէ Ատրպէյճան առաջադրած է ամերիկեան ընկերութիւններու յանձնել 2.6 միլիառ տոլար արժող ազատուղի մը կառուցելու ծրագրին իրականացումը, աւելցնելով, թէ «Նոր մետաքսի ճամբայ» կոչուող այդ ծրագրին ու Ատրպէյճանի ցուցաբերած այլ օժանդակութիւններուն փոխարէն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պէտք է Սպիտակ տուն հրաւիրէ Ատրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւին:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի «Ազատլըգ» թերթը կը գրէ, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արդէն իսկ աւելի քան մէկ միլիոն տոլար ծախսած են, սակայն ցարդ չեն յաջողած Միացեալ Նահագներու մէջ Հայտար Ալիեւի անուան հիմնադրամին մէկ մասնաճիւղ բանալ:
Ատրպէյճանը աշխարհին «ծախելու» աշխատանքներուն ծիրէն ներս, «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ օր կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի կառավարութեան սփիւռքի հարցերով յատուկ յանձնախումբի նախագահ Նազիմ Իպրահիմով դրական նկատած է այս տարուան ընթացքին իրագործուած ծրագիրները եւ աւելցուցած է, թէ յառաջիկայ տարի Պաքուի մէջ պիտի կայանայ ատրպեճանական սփիւռքի երիտասարդական կազմակերպութեան առաջին համաժողովը: Ըստ անոր, Ատրպեճանական սփիւռքի կազմակերպութիւնները արդէն իսկ ծրագրումի հանգրուանէն գործնական հանգրուան անցած են ու այլեւս միայն Ատրպէյճանի շահերը պաշտպանելով չեն բաւարարուիր, այլ նաեւ նախայարձակ կ՛ըլլան, հետեւելով Ատրպէյճանի նախագահին ցուցմունքներուն: Ան աւելցուց, թէ անցեալ տարի «Խոջալուի ցեղասպանութեան» 20ամեակը պիտի նշուի աշխարհի չորս կողմը, միաժամանակ ցաւ յայտնելով, որ ցարդ ոչ մէկ երկիրը ճանչցած է այդ «ցեղասպանութիւնը»: