Հեղինակաւոր փիլիսոփան ըսած է՝ թէ մարդկութեան բոլոր մտքերն ու խօսքերը արդէն գրուած եւ ըսուած են. մեզի կը մնայ պարզապէս զանոնք կրկնել։
Անշուշտ այս խօսքերուն հեղինակը նկատի չէ ունեցած մէկ շատ կարեւոր իրականութիւն։ Այն, որ եթէ պարպես մտքերն ու խօսքերը իրենց ժամանակագրական պարունակէն, թէ ո՞ւր կ՛ըսուին, եւ կամ ե՞րբ կ՛ըսուին անոնք, անոնք նաեւ կը պարպուին իրենց իսկական իմաստէն։
Ահա եւ այս գիտակցութեամբ՝ տեղի եւ ժամանակի պարունակին մէջ է որ ընդունեցէք իմ խօսքս այս երեկոյ, իմ զրոյցս ձեր հետ։
Կը հաւատանք, եւ միշտ ալ կը կրկնենք որ Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնները, տարբեր միջավայրերու մէջ կազմակերպուած, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ աւելի՝ հաշուետուութեան առիթներ են։ Այսինքն, եթէ անոնք ճիշդ կազմակերպուած են, անկեղծանալու, բացատրուելու եւ ժողովուրդին բացատրելու պահեր են։ Համակիրներու եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին կողմէ արժեւորուելու, եւ ինչու չէ մենք-զմեզ արժեւորելու առիթներ են. որովհետեւ հակառակ անոր որ Դաշնակցութեան Կանոնագրութիւնը առիթը կու տայ գործող մարմիններուն արժեւորուելու այն ժողովներուն կողմէ որոնց համառատու են եւ որոնց կողմէ կ՛ընտրուին, այսուհանդերձ այս տօնակատարութիւններն են ժողովուրդին դառնալու, անոնց հետ կիսուելու եւ հաղորդուելու առիթները։ Վերջապէս, այս հաւաքները վերանորոգելու առիթներ են մեզ համար եւ նաեւ մեր շրջապատը վերանորոգելու՝ վերանորոգ յանձնառութեամբ դիմակալելու համար ապագան։
Ուստի, միայն տօնախմբութեան եւ մեր կազմակերպութեան եսը շոյելու համար չեն այս հաւաքները։ Բացի անկէ, որ, ըստ Դաշնակցութեան աւանդութեան եւ կազմակերպական մշակոյթին, խորթ պիտի ըլլալ ինքնագովութեամբ զբաղիլ (չնայած որ այս օրերուս շատեր մեզ կը յուշեն որ ժամանակները փոխուած են, եւ որ արժէ ինքնա-քարոզչութեամբ զբաղիլ), այսուամենայնիւ նման հաւաքներուն համար՝ շռայլութիւն պիտի ըլլայ չափուած-ձեւուած քարոզչութիւն ընել, մէկ-երկու երգ լսել՝ տուն երթալ։
Այս ակնկալած է նաեւ մեր ժողովուրդը։ Ակնկալած է անկեղծութիւն մեզմէ՝ Դաշնակցութենէն, որքան ալ ծանր կամ դառն ըլլան անկեղծ խօսքերն ու իրականութիւնը։
Եւ պարզ է, որ եթէ մէկէ մը, կազմակերպութենէ մը կ՛ակնկալես եւ ինչ որ սպասում ունիս՝ անպայման որ անոր յոյս կապած ես։ Եթէ մէկէ մը, կազմակերպութենէ մը կը յուսաս, անոր վրայ յոյս դրած ես՝ կը նշանակէ որ անոր կը վստահիս։
Հետեւաբար, որքան բարձր ըլլան Հայ ժողովուրդի ակնկալութիւնները Դաշնակցութենէն, այնքան բարձր պէտք է գնահատել ժողովրդային վստահութեան աստիճանը։ Դաշնակցականներս պէտք է սարսափինք ո՛չ թէ ժողովուրդի բարձր ակնկալութիւններէն եւ սպասումներէն՝ այլ անոնց նուազումէն՝ կամ աւելի վատը՝ եթէ ընդհանրապէս անգոյ ըլլան անոնք։
Հետեւաբար, ես համեստօրէն եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ է որ կը վերցնեմ ձեր ակնկալութիւնները, սպասումները Դաշնակցութենէն՝ յանուն մեր տասնեակ հազարաւոր շարքայիններուն։
Այսօր, մենք ազգովին կը գտնուինք փնտռտուքի մը մէջ։ Փնտռտուք մը, որ նոյնիսկ եթէ գիտակցական փնտռտուք չէ, առնուազն բնազդային պահանջ մըն է որ կը փնտռէ տեղ մը, տեսութիւն մը, տեսական կառուցուածք մը, որ նախ կարենայ բացատրել մեր ազգի արդի պատմութիւնը (մանաւանդ վերջին հարիւրամեակի ընթացքը), կարենայ բնորոշել մեր ազգային իրականութեան այսօրը՝ իր հայրենական եւ սփիւռքեան ենթա-իրականութիւններով, ու ապա – եւ մանաւա՛նդ – կարենայ այս բոլորը ի մի բերելով պատկերացնել ապագայ մը կամ առնուազն տեսլական մը Հայ Ազգին համար՝ ուր իր հանգիստ տեղը եւ դերը գտնէ իւրաքանչիւր անհատ որ ինքզինք հայ ազգի զաւակ կը համարէ, ո՛ւր ալ որ ապրի ան, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի ան։ Եւ այս, որովհետեւ մինչեւ այսօր մենք մեր ապագան, մանաւանդ յետ-անկախացման իրավիճակի մէջ, չենք համարձակած պատկերացնել մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ՝ այսինքն մնայուն Սփիւռքի մը գոյութեամբ, ալ ուր մնաց հզօրացող Սփիւռքի մը մասնակցութեամբ։
Այս է նաեւ մեր օրերու ազգային-քաղաքական օրակարգի պահանջը. այսինքն՝ հաւաքագրումը ազգի բովանդակ կարողականութեան եւ ներուժին՝ նպատակաուղղելու համար զանոնք մեր ազգային իտէալներու իրականացման գործին. գործ, ուր իրենց համապատասխան բաժինները կը ստանձնեն բոլորը՝ հայրենի իշխանութիւններ, ազգային ու քաղաքական կուսակցութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, բոլորը, բոլորը։
Եւ որքան ալ որ այս աշխատանքը շատ մը գործնական դժուարութիւններ ընդգրկէ իր մէջ, ու մինչեւ իսկ ոմանց համար իրատեսական չթուի, այսուհանդերձ անոր նուազագոյն յայտարարը առաջադրելը առաջին քայլն է, որուն իրագործումը այսօրուան անմիջական պահանջն է մեր ազգին։ Այսինքն՝ առաջադրումը այն համազգային իտէալներուն, որոնցմէ պիտի բխին քաղաքական նպատակները եւ ասոնց շուրջ ազգային համախոհութիւն զարգացնել։ Եթէ այստեղ խարխաբինք, իրարու մէջ պայքարինք, այնպէս ինչպէս կը պատահի վերջին քսանամեակին, կը դանդաղի մեր ընթացքը, եւ կը կորսնցնենք մեր ազգի բովանդակ կարողականութիւնը երկրի եւ նաեւ ազգի վերելքին տրամադրելու պատեհութենէն։
Պահ մը յետադարձ ակնարկ մը նետենք, աւելի ընդգրկուն վերլուծութիւն կատարելու համար։
Առնուազն վերջին հարիւր տարիներու վրայ երկարող իրադարձութեանց՝ յատկապէս թրքական տեղահանումներու եւ ջարդերու, ցարական եւ ապա պոլշեւիկեան բռնատիրութեանց կողմէ գործադրուած ճնշումներու, եւ վերջապէս անկախացած Հայաստանի իշխանութեանց քաղաքականութեան հետեւանքով կազմաւորուած Սփիւռքը ժամանակի ընթացքին ուռճացաւ որակական ու մանաւանդ քանակական առումով դասական Սփիւռքին վրայ գումարուեցաւ նաեւ «նոր» Սփիւռք մը՝ հասնելով այսօրուան համեմատութիւններուն՝ երբ ամէն երեք հայուն երկուքը Հայաստանէն դուրս կը բնակին։
Այս ստեղծուած իրականութիւնը, որքան ալ որ հետեւանքը ըլլայ ցաւալի պատահարներու, այսուամենայնիւ բնական եւ տրամաբանական արդիւնքն է ակամայ ստեղծուած իրականութեան մը, որ միշտ ու միշտ իր մէջ ընդգրկած է անարդարութիւններու հետեւանքով, ջարդերու հետեւանքով ստեղծուած ըլլալու յատկանիշը։ Եւ ուստի, հայ քաղաքական միտքը առ հասարակ, հայկական Սփիւռքը վերցուցած է որպէս ժամանակաւոր երեւոյթ ու իրավիճակ։ Սփիւռքը կազմակերպելու, կամ աւելի ճիշդը անոր բաղկացուցիչ համայնքներն ու անոնց գաղութային կեանքը կարգի դնելու ճիգերը միշտ ալ տրամաբանուած են այնպէս՝ որ կը կառուցուի Սփիւռքը կազմալուծուելու համար օր մը՝ գեղեցիկ օր մը, երբ կարելի կ՛ըլլայ վերադառնալ անկախացած հայրենիք։
Նոյնիսկ եթէ Սփիւռքի կազմակերպական գործի դերակատարները (անհատներ կամ կազմակերպութիւններ) այդպէս ալ երբեք չէին համոզուած, որ օրը կու գայ գործնականօրէն Սփիւռքը կազմալուծելու, այսուհանդերձ Սփիւռքը մնայուն գոյութիւն եւ իրականութիւն տեսնելու համարձակութիւնը բացակայած էր։ Աւելին, նման համարձակութիւն մը գրեթէ դաւաճանական պիտի նկատուէր։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ, Սփիւռքը մնայուն նկատելը պիտի նշանակէր յարմարիլ ստեղծուած կացութեան հետ, պարտադրուա՛ծ կացութեան հետ, եւ ինչ որ ձեւով փախուստ պիտի նշանակէր ազգային գլխաւոր նախապատուութենէն, այսինքն Հայ Դատէն եւ հայ ազատագրական պայքարէն։
Սփիւռքեան կառոյցները հզօրացնելը, սերունդներ հայ, մարտունա՛կ հայ պահելը, հաստատութիւններու աւելի նորը, աւելի մեծը, աւելի լաւը կառուցելը, կ՛արդարացուէր այն բացատրութեամբ, որ աւելի հզօր եւ կազմակերպ Սփիւռքը՝ աւելի ծաւալուն եւ աւելի ներգործական՝ ազգային ազատագրական պայքարի մը կռուանն է։ Ինքնին հզօրացող, ուռճացող Սփիւռքի ինքնարդարացումն էր սա, որ տեսականօրէն երբեք ինքզինք չպատկերացուց Հայաստանի անկախացումէն ետք։ Ինքնարդարացում մը, որ փորձաքարի կարելի էր զարնուիլ միայն այն ժամանակ՝ երբ Հայաստանի պայմանները հայահաւաք իրականացնելու առիթը պիտի տային։
Մինչ բռնատիրական կարգերու տակ ապրող հայրենի հայութիւնը ազգային քաղաքական մեր օրակարգը յառաջ տանելու գործէն բնականաբար կը բացակայէր, Սփիւռքը՝ թէկուզ տարանջատուած եւ թէկուզ ոչ միշտ լաւագոյնս կազմակերպուած, իր վրայ վերցուց հայ ազգային պայքարի գործը՝ երազելով այն օրուան մասին՝ երբ հայրենի հայութիւնն ալ պիտի գար միանալու համազգային կռիւին՝ յանուն ազատ-անկախ Հայաստանի մը, յանուն Միացեալ Հայաստանի մը։
Սփիւռքը երբ «Հայ Դատ» ըսաւ, հայ ազգի պայքարը հասկցաւ, եւ այս վերջինը չսահմանափակեց Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչման ի խնդիր տարուող աշխատանքով. այլ՝ անոր մէջ ներառեց նաեւ Համայնավար կարգերու դէմ գաղափարական պայքար, Ղարաբաղի համար պայքար։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որպէս գլխաւոր ուժ հայ ազգային ազատագրական պայքարի ձեւաւորման մէջ, ահա այսպէս հասկցաւ հայ ազատագրական պայքարը. որպէս ամբողջակա՛ն ազատագրական պայքար։ Հայութեան իրաւունքներուն համար, մէկ եւ ամբողջական Հայաստանի՛ համար։
Եւ ի՞նչ պատահեցաւ։
Խորհրդային Միութեան փլուզման պայմաններուն մէջ, եւ ժողովրդային պահանջատիրական ալիքի վրայ՝ Հայաստանը անկախացաւ։ Եւ մինչ պէտք էր որ հայ քաղաքական միտքը սահմանէր հայութեան բոլոր բաղկացուցիչ հատուածներուն եւ այդ կարգին նաեւ՝ Սփիւռքի դերակատարութիւնը՝ հայրենակերտման սրբազան գործին մէջ, Հայաստանի նորանկախ Հանրապետութեան մէջ յառաջացաւ իշխանութիւն մը, որ ոչ միայն գործնական իմաստով կը մերժէր բովանդակ ազգի ներուժը մէկտեղել, Սփիւռքի ներգործօն մասնակցութիւնը ներարել երկիրը կառուցելու, այլ ո՜ւր մնաց կառավարելու գործին մէջ՝ այլ գաղափարականօրէն խոր արմատներ ունեցող մտածողութեամբ մը ու բռնազբօսիկ իրաւագիտական տրամաբանութեամբ կու գար մերժելու որեւէ յղացք կամ ծրագիր, որ Հայաստանը համայն հայութեան տունը եւ սեփականութիւնը կը նկատէր։
Այս մտայութիւնը, որ իբրեւ ՀՀՇական մտայնութիւն եւ մտածողութիւն պիտի ճանչցուէր՝ բացի «համազգային» մակդիրը կրելէ՝ համազգային գաղափարախօսութենէ ոչինչ կ՝ընդգրկէր իր մէջ։ Ան,
ա.- Հայաստանը կը նկատէր միայն ու միայն Հայաստանի բնակիչներու երկիրը, եւ այս՝ թէ՛ օրինական եւ թէ ալ գաղափարական հիմունքներու վրայ հիմնուած։
բ.- Կը մերժէր որեւէ յղացք կամ ծրագիր որ համայն հայութիւնը միացնելու կարողականութիւնը կ՛ընդգրկէր, մինչեւ իսկ «ազգային գաղափարախօսութիւնը» «կեղծ գաթեկորիա» համարելով։
գ.- Համայնավարական մաթերիալիզմի եւ լիպերալիստ անհատապաշտութեան դասերը խտացնելով, Հայաստանի բնակչութեան մօտ ազգային-հաւաքական բնոյթի տեսլականները պախարակող քարոզչութիւն կը ծաւալէր, հաւաքական տեսիլք եւ երազանք ունենալը զգացողականութիւն կամ ռոմանթիզմ կը համարէր, մինչեւ իսկ լկտիաբար այս վերջինը միամտութիւն եւ «հէրիֆութեան» համազօր նկատելով։
Նոյնիսկ Արցախի գոյամարտը աւելորդ բեռ մը կը նկատէր իր 29,000 քառ. քիլոմեթրանոց երկիրը կառավարելու ընթացքին մէջ եւ կը պատրաստուէր Արցախի մէջ ամբողջական նահանջի, մինչեւ որ պարտիզանական-ֆետայական շարժման իրագործումները եւ իշխանութեան մէջ գտնուողներէն ոմանց ազգային գիտակցութիւնը՝ կատարուած իրողութիւն ստեղծեց եւ անոր պարտադրեց վերարժեւորել իր ընթացքը. կամ՝ ըսենք, առնուազն իշխանութեան պարտադրեց արձանագրուած յաջողութիւնները ձեռքէ չտալ։
Ահա այսպիսի մտածողութեամբ իշխանութիւնները թէ՛ գործնական քայլերով, թէ ալ անոնց տուն տուող գաղափարական արեւելումով՝ կատարեալ անակնկալի եւ անճրկումի մատնեց հայութեան լայն զանգուածները՝ որոնք ականատես կը դառնային չերեւակայուած իրավիճակի մը. ունենալ Անկախ Հայաստան, որուն իշխանութիւնները կը մերժեն ազգային դիմագիծ պահպանել եւ ազգի ուժերը հաւաքագրել։
Կը յիշէք վստահաբար, որ այս իրավիճակին մէջ շատ արագ կողմնորոշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ ոչ միայն գաղափարական ու ռազմավարական հակադրութեան մէջ կը գտնէր ինքզինք Հայաստանի իշխանութիւններուն ու անոնց ղեկավար ԼՏՊի հետ, այլեւ որպէս գլխաւոր խորհրդանիշ եւ գործնական դրօշակակիր ազգային քաղաքական ուղղուածութեան, թիրախը կը դառնար պետական մարմիններու հալածանքին։
Անկասկած պիտի յիշէք նաեւ այն, որ ՀՀՇական աւերներու սկզբնական օրերուն (աւերներ որոնց մանաւանդ հոգե-բարոյական հետեւանքները ազգովին կը կրենք մինչեւ այսօր), երբ Դաշնակցութիւնը հակադրուեցաւ գործող նախագահին ու իր գաղափարախօսութեանը հայ ժողովուրդի կարեւոր մէկ մասը, անոր մէջ նաեւ մեր համակիրներէն, չհասկցան կամ թերեւս չ՛ուզեցին հասկնալ Դաշնակցութեան մտահոգութիւններն ու դիրքորոշումները։ Վերջապէս դժուար էր հաշուի նստիլ իրականութեան հետ՝ թէ տասնամեակներու իղձերէ եւ պայքարէ ետք անկախացած հայրենիքի առաջին իշխանութիւնները կարճն ասած՝ ապազգային էին։
Մէկ-երկու տարիներու յաւելեալ աւեր պէտք էր կարծէք, որպէսզի ազգի ջախջախիչ մասը հասկնար, որ քաղաքական, գաղափարական շրջադարձ էր հարկաւոր։
Իսկ ինչո՞ւ մենք այստեղ, այս առիթով այս մանրամասնութեամբ վերլուծումը կը կատարենք վերադառնալով 1990ական թուականներու վերոյիշեալ զարգացումներուն եւ ՀՀՇական մտայնութեան դերակատարութեան։
Կարենալ յայտարարելու համար այն, որ այսօր հայկական իրականութեան մէջ ոչ թէ միայն ՀՀ սահմաններէն ներս, այլ ընդհանրապէս մեր իրականութեան մէջ, տակաւին առկայ է այս մտայնութիւնը, կը շարունակէ աւեր գործել, եւ կը սպառնայ մեր համազգային երթին։
Այսօր, այդ մտածողութիւնը կը ներկայանայ նոր դարձուածքով մը, նոր որակով մը՝ «ազգային շահ»ի եւ «պետական շահ»ի տարանջատումի փորձերով։ «Ազգային մտածողութիւն» եւ «պետական մտածողութիւն» սահմանումներով։
Ներող եղէք եթէ կոշտութեամբ ընդունիմ Հայաստանի պետական շահն ու հայ ազգային շահը տարանջատողներու քաղաքական տգիտութիւնը։ Որովհետեւ հայ ազգային շահ ըսուածը սահմանել առանց ներառնելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերը՝ ուղղակի գաղափարագիտական սխալ է, ու չ՛ընկալել է թէ ինչի՞ մէջ կը կայանայ հայ ազգային շահերը։ Իսկ Հայաստանի պետական շահերը պատկերացնել պարպելով զանոնք մեր ազգային-արժէքային համակարգէն՝ թերի ծառայութիւն մատուցել է պետութեան ու քոզմոպոլիտիզմի զոհ դառնալ է։
Հայաստանի նման փոքր, բնական հարստութիւններու առումով համեստ ու ընդհանրապէս սահմանափակ ուժի եւ միջոցներու տէր պետութեան մը համար ինքնասպանական արարք է «պետական շահ» կամ «պետական մտածողութիւն» ըսուածը հետապնդել՝ (որպէս թէ այս մէկը ժամանակակից եւ մօտերն մտածողութիւն է) զայն պարպելով ազգային ուղեգիծէ, որովհետեւ ազգային-պետական արեւելումն է որ ի մի կրնայ բերել ամբողջ հայ ազգի զաւակները՝ Հայաստանի պաշտպանութեան ու պետութեան ամրակայման գործին մէջ։ Այդպէս ալ պէտք է որ ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանը իւրաքանչիւր հայ անհատի, ուր ալ ապրի ան, իւրաքանչիւր հայու հոգեմտաւոր խարիսն է, հայ ազգային գաղափարախօսութեան փարոսն է։ Հայաստանը՝ իր ամբողջութեամբ, Արցախով, æաւախքով, եւ Արեւմտեան Հայաստանով։
Ուստի, որքան որ անհեթեթ է Հայաստանի վերելքը ծրագրել առանց բովանդա՛կ ազգը ընդգրկելու այդ գործին մէջ, նոյնքան ալ անհեթեթ են յատկապէս վերջերս՝ Հայաստանէն անկախ, ու այսպէս կոչուած, սփիւռքակեդրոն մտայնութեանց զարգացումը, որ իբր թէ պիտի ծառայեն Սփիւռքի հայութիւնը անաղարտ պահելու Հայաստանի իշխանութեանց ազդեցութենէն։ Որքան ալ որ այս կամ այն Հայաստանի իշխանութեանց կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը ապիկար կրնայ ըլլալ, սխալ կրնայ ըլլալ, կամ ապազգային կրնայ ըլլալ, սփիւռքահայութիւնը առանց Հայաստանի կորած է ու կր պարպուի իր հոգիէն, իսկ Հայաստանը առանց սփիւռքահայութեան՝ կը զրկուի իր ամենէն մէծ հարստութենէն եւ իր անգնահատելի լծակէն։
Ուստի, պէտք չէ արտօնուի ոչ ոքի Հայաստան եւ հայկական պետութիւն պատկերացնել՝ առանց հոն սփիւռքահայութեան ներգործօն մասնակցութեան ու այս վերջինի ներուժի ներառումին, եւ նոյնպէս, պէտք չէ արտօնուի որեւէ փորձ որ սփիւռքահայութեան սրտին ու հոգիներուն մէջ կը փորձէ Հայաստանէն օտարում սերմանել։ Պէտք չէ արտօնել մանաւանդ՝ «հայաստանցիի շահեր» սահմանել որոնք չեն ընդգրկեր ազգի բովանդակ շահերը, ինչպէս որ պէտք է խստօրէն մերժել ամէն սահմանում որ «Սփիւռքի շահեր»էն դուրս կը բերէ Հայաստան պետութիւնը ամրակայելու անհրաժեշտութիւնը։
Հայ ազգը մէկ է, Հայ ազգը ամբողջական է, Հայաստանը մէկ է եւ ամբողջական պէտք է որ ըլլայ։
Աւելի՛ն. Միացեալ Հայաստանի գաղափարը եւ այդ գաղափարի ներուժը կասկածի տակ առնելը, հեգնելը, ինչպէս նաեւ մեր բռնագրաւուած հողերուն իրաւագիտական հիմքը ծառայող Հայկական Ցեղասպանութեան Ճանաչման գործը թերագնահատելը կամ այսպէս, «Սփիւռքահայերու գործ» նկատելը քաղաքական խակութիւն է, նոյն ինքն պետական մտածողութեան անյարիր, որովհետեւ ո՛չ մէկ հասուն պետական գործիչ՝ նման լծակներ ձեռքէ պէտք չէ տայ։ Որովհետեւ տկարանալ, զիջիլ վերոյիշեալ ազգային հիմնախնդիրներու օրակարգերու հետապնդման գործին մէջ՝ պետութիւնը կրնայ դնել յաւելեալ ճնշումներու առջեւ՝ ի վնաս Արցախի հիմնահարցին այս անգամ ու շատ ու շատ այլ բնագաւառներու մէջ։ Այս միայն գաղափարական հրամայական չէ, այլ իրատես քաղաքական հասկացողութեան պահանջ։
Մտահոգ ենք, որ ազգային արժէքներէ պարպուած կամ անոնց հրամայականները ստորադասող «պետական» մտածողութեան մը արտադրանքն է հայ-թուրք յարաբերութիւններու հոլովոյթին մէջ մեր իշխանութեանց վարած քաղաքականութիւնը։
Ինչո՞ւ։
Բնական էր որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, եւ նաեւ ցանկացած լուրջ հայ քաղաքական ուժ, վերապահութիւններ ունենար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ սահմաններու բացումին գծով գոյութիւն ունեցող աճապարանքին ի տես։ Այս, ոչ թէ թրքատեացութենէ թելադրուած, կամ ընդհանրապէս բարի-դրացիութեան սկզբունքներուն անհաղորդ ըլլալու պատճառով։ Ընդհակառակն. գէթ Դաշնակցութիւնը իր գաղափարական հաւատամքէն մեկնած, ջերմ պաշտպանն է ազգերու համակեցութեան եւ բարի-հարեւանութեան սկզբունքներուն։
Սակայն, գոյութիւն ունին որոշ իրողութիւններ.
Ա.- Թուրքիան Հայաստանի Հանրապետութեան համար սովորական հարեւան երկիր չէ։ 72 միլիոն բնակչութիւն հաշուող, հրաշալիօրէն զինուած, յարաբերաբար հզօր տնտեսութեամբ ու հզօր կարելիութիւններու տէր երկիր է՝ որը պատմութեան ընթացքին քանիցս թշնամանք ցուցաբերած է Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ, եւ նաեւ դիմած է թշնամական քայլերու. ջարդեր, տեղահանում, ինչքի եւ հողերու բռնագրաւում, եւայլն։ Ուստի սխալ, եւ նոյնիսկ անբնական պիտի ըլլար մտահոգութիւններ չունենալ ու աճապարանքով բաղձալ սահմաններու բացումը, նախքան որոշ պետական ծրագիրներու նախա-պատրաստութեան։ Չնայած, որ Թուրքիան ինք էր որ 1993ին փակած էր սահմանները՝ նպատակ ունենալով պատժել Հայաստանը, եւ Թուրքիան ինքն է որ պէտք է վերաբանայ զանոնք։
Այդուհանդերձ, պէտք էր ձեռնարկել որոշ պետական օրէնքներու եւ նախապատրաստական ծրագիրներու կիրառման որոնք պիտի ծառայեն ՀՀի ապահովական եւ տնտեսական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու՝ սահմաններու բացուելու պարագային։
Բ.- Եթէ Հայաստանն ու Թուրքիան իսկապէս պիտի ձգտին բարի-դրացիական յարաբերութիւններ զարգացնելու՝ կ՛ակնկալուի որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը յարգէ միմիանց անցեալը, պատմութիւնը, ազգային հոգեբարոյական արժէքները։ Սա պարզ տրամաբանութիւն է։ Այսինքն, ինչպէ՞ս ակնկալել՝ որ Հայոց Պատմութեան խոշորագոյն փորձառութեան՝ Եղեռնի փաստը մերժող ու այս վերջինի միջազգային ճանաչումը խափանող, ու դեռ աւելի՛ն, այս Եղեռնը իրագործող ու այս մասին դրժումէ զատ ոչինչ ըսող պետութեան հետ բնականոն բարի հարեւանութիւն մշակուի։ Սուտ բան է սա։
Սակայն, հակառակ այս բոլորին, գոյութիւն ունեցող բոլոր մտահոգութիւններուն եւ վերապահութիւններուն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը հասկացողութիւն եւ համբերութիւն ցուցաբերեց 2008ի ամառուընէ սկսած Հայաստան-Թուրքիա շփումներուն հանդէպ՝ միշտ ու միշտ ներքին կարգով նախագահէն ստանալով հաւաստիացումներ, թէ ոչ մէկ պարագայի այս բանակցութիւնները եւ անոնց արդիւնքները պիտի ըլլան ի հեճուկս մեր ազգային իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան։
Հինգ-վեց ամիսներու ընթացքին, թէեւ կային առիթներ մտահոգուելու որ թրքական նախապայմաններ կրնան գերակշիռ տեղ գրաւել վերջնական համաձայնագրի մը մէջ, մենք շարունակեցինք մեր հետեւողական դիմումներն ու ճնշումները ուղղուած նախագահին ու արտգործնախարարին՝ միշտ յուսալով որ կը յաջողինք համոզել ու տպաւորել իրենց մեր ունեցած մտահոգութիւններով։
Կը յիշէք, որ 2008ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք՝ Դաշնակցութիւնը մասնակցած էր համախոհական կառավարութեան, թէեւ ընկերա-տնտեսական եւ քատրային քաղաքականութեանց տեսակէտէն անհանգիստ մասնակցութիւն էր մերը։ Կային երկրի կառավարման, ընկերային արդարութեան հաստատման եւ ժողովրդավարութան պահպանման գծով երեւոյթներ, որոնք անյարիր էին մեր սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն, որոնց առկայութեան պայմաններուն մէջ մեր մասնակցութիւնը կառավարութեան մէջ միշտ չէր որ լաւ կ՛ըկնալուէր մեր իսկ համակիրներու կողմէ եւ վերջի վերջոյ, մեզի համար այս ընթացքը ժողովրդականութեան արիւնահոսութեան կ՛առաջնորդէր։
Այսուամենայնիւ, գիտակցելով բոլոր սահմանափակումներուն եւ բարդութիւններուն, որոնք գոյութիւն ունէին, շարունակած էինք մեր մասնակցութիւնը, հաւատալով որ կարելի էր օժանդակել ՀՀ ազգային պետական շահերէն բխող ուղեգծի հետապնդման՝ որ իր առաջին քայլերը նետած էր 1998ի իշխանափոխութեան հետեւանքով։
Եւ ահա, ընթացիկ տարուան Ապիլ 22ին կատարուած եռակողմ յայտարարութեան լոյսին տակ, ու մեր տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւններու եւ տուեալներու վրայ հիմնուած, մենք հասկցանք որ անյոյս է մեր մասնակցութիւնը համախոհական կառավարութեան մէջ։
Համոզում էր եւ որոշում որ պէտք էր պայքարիլ այն ուղեգծին դէմ, որ բանակցութեանց խորքն ու ոճը կը ճշդէր դրսեւորուած ձեւով, եւ այս մէկը կարելի չէր իրագործել՝ մնալով կառավարութենէն ներս։ Օգոստոսին հրապարակուած «արձանագրութիւններ»ը դժբախտաբար եկան յաւելեալ փաստ տալու թէ մեր մտահոգութիւնները արդարացի էին։
Ես աւելի պիտի չծանրանամ արձանագրութիւններուն ու այդ գծով մեր կեցուածքներուն վրայ, որովհետեւ վերջին 3 ամիսներուն ընթացքին անկասկած առիթը ունեցած էք մամուլով եւ հրապարակային ելոյթներու ճամբով տեղեկանալ անոնց, եւ դուք ձեր ներգործոն մասնակցութիւնը բերած էք այդ գծով համազգային ցասումի արտայայտութեանց։
Կը բաւէ հաստատել, անգամ մը եւս, որ մենք համոզուած ենք որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու ներկայ գործընթացը եւ յատկապէս «արձանագրութիւններ»ը մեզ ազգովին լաւ տեղ չեն առաջնորդէր. որ անոնք, հակառակ նախագահի եւ արտգործ նախարարի բազմաթիւ հաստատումներուն եւ հաւաստիացումներուն, իրօք տուրք կու տան թրքական նախապայմաններու, եւ որ հայկական վաւերացումը նման փաստաթուղթի մը՝ պարզապէս հրաւէր մըն է յաւելեալ ու յաւելեալ ճնշումներու միջազգային ուժերու եւ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ։
Այս իսկ պատճառով՝ սահմանադրական եւ հասարակական կարգով բոլոր միջոցներով մենք անցած ենք պայքարի, նախ՝ թարգմանը հանդիսանալով բովանդակ ազգի ցասումին, ապա՝ սահմանադրական դատարանի ու խորհրդարանի վաւերացումներու հանգրուաններուն՝ լսելի եւ զգալի դարձնելով մեր հակադրութիւնները։
Միամիտ չենք, ու խիստ գիտակից ենք այն շատ սահմանափակ կարելիութեան՝ ըստ որուն կը կարողանանք յաջողութեան հասնիլ գործընթացի այս փուլին մէջ։ Սակայն սա փուլ մըն է որ պէտք է բոլորուի, եւ մենք յամառօրէն պիտի շարունակենք յուսալ որ կը յաջողինք տարհամոզել նախագահը՝ որ վերանայի իր ընթացքը։
Համոզուած ենք որ այնքան ատեն որ մեր ազգը կը մերժէ արձանագրութիւններն ու անոնց մէջ ներառուած նախապայմանները, վերջի վերջոյ ինչպիսի բեմադրականութեամբ ալ անոնք ստորագրուին՝ կը վերանայուին անոնք ու կը շրջուին։
Այնպէս ինչպէս, բռնութեամբ եւ «օրէնքներ»ով հայկական Եռագոյն դրօշը արգիլելով Հայաստանի տարածքին, Խորհրդային Հայաստանի եւ նոյնիսկ ամենազօր Մոսկուայի իշխանութիւններուն կարելի չեղաւ զայն սրբել հայ ժողովուրդի մտքէն, սրտէն ու հոգիներէն։
Այնպէս ինչպէս համազգային ընդդիմութեան դէմ «ընտրուած» ԼՏՊն, իր նախագահութեան երկրորդ շրջանի երկու տարին չբոլորած՝ պարտաւորուեցաւ հրաժարիլ ու հեռանալ նախագահական պալատէն։
Սիրելիներ,
Պէտք է վերջի վերջոյ հասկնալ թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մէջ շուտիկութիւնը, կամ պետական ծրագիրներու մէջ ազգային պետութեան մը առաջնահերթութիւնները ստորադասելը, Հայաստանի մէջ թերի ընտրութիւններ կազմակերպելը ու մինչեւ իսկ սոցիալական անհրաժեշտութիւններու եւ ծրագիրներու ուղղութեամբ գուրգուրանքի պակասը, ասոնք վրիպումի կամ լոկ վարչական սխալներու հետեւանք չեն։ Այլ՝ մտածողութեան մը, եւ վերջապէս նախապատուութիւններու համակարգի մը արդիւնքը՝ որ յամենայնդէպս ըստ մեզի, չի բխիր մեր ազգային գերագոյն շահերէն եւ ազգային պետական նախանձախնդրութենէն։
Ահա այս պատճառով ալ մեր համազգային գլխաւոր օրակարգը պիտի ըլլայ ամբողջ մտածողութեան մը յեղաշրջումը իրագործել մեր ազգային իրականութեան մէջ եւ ինչու չէ հոգեմտաւոր յեղափոխութիւն մը իրագործել։
Կը խօսուի յաճախ իշխանափոխութեան մասին, ու մենք եւս խօսած ենք այդ մասին։ Սակայն պիտի լա՛ւ հասկնանք որ իսկական եւ համապարփակ փոփոխութիւնը արժէ սկսիլ մտածողութեան յեղաշրջումով, այլ ոչ թէ նախագահի կամ նախարարի փոխարինումով։
Մտածողութեան փոխարինում նորով մը՝ որուն գլխաւոր նախապատուութիւնը կազմէ ազգային արժէքային համակարգ մը որ սկսի համապատասխան յարգանք մատուցելով մեր համազգային իտէալներուն հանդէպ, ու աւարտի անհրաժեշտ գուրգուրանքը ցուցաբերելով մեր ազգի բոլոր խաւերու մարդկային ու սոցիալ-տնտեսական կարիքներուն։
Այս իմաստով եւ այս նպատակին ուղղուած է ահա, որ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը 23 Հոկտեմբերին հրապարակեց գործունէութեան մանրամասն «Ուղենիշներ», որ այստեղ կարելի չէ լման ներկայացնել, բայց որ կը խտացնեմ հետեւեալ կէտերուն մէջ.-
1.- Վերահաստատել եւ ամրապնդել Հայաստանի ազգային պետական ուղեգիծը։
2.- Նոր որակ հաղորդել ժողովրդավարական, իրաւական ու սոցիալական պետութեան կառուցման գործին, որովհետեւ ընկերային արդարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հաստատելու գործը եւս ազգային նախապատուութիւն են. որովհետեւ առանց անոնց առկայութեան՝ վտանգուած է Հայկական պետութիւնը եւ ինքնաբերաբար ճնշելի ու ապակողմնորոշելի։
3.- Համախմբել եւ ի մի բերել Հայաստանը, Սփիւռքը եւ Արցախը՝ համազգային օրակարգ հետապնդելու, ազգի ներուժը խտացնելու եւ զայն նպատակաուղղելու համար, ունենալով ընդհանրական կամքի արտայայտման յստակ ձեւաչափ։ Որովհետեւ նման կազմակերպուած միասնականութիւնն է որ մեր ազգին ու երկրին պիտի տան պառակտման կամ ճնշման փորձերուն դէմ դիմադրելու կարողութիւնը։
Մենք թեթեւ չենք վերցներ մեր առաքելութիւնը, եւ ծրագիրը։ Համբերութիւն է պէտք նման աշխատանքի մը համար, մանաւանդ կարգապահութիւն է պէտք, գիտակցութիւն է պէտք բոլո՛ր սադրանքներու հանդէպ որոնք կը միտին պառակտել մեզ եւ մեր մէկութիւնը խաթարել։ Ամենէն կարեւորը՝ ծառայական կուռ եւ անձնուրաց աշխատանք է պէտք։
Կրնաք վստահ ըլլալ որ այս մեծ գործի առաջին գիծին վրայ պիտի գտնուին ՀՅ Դաշնակցութեան կազմերն ու շարքերը՝ Ամերիկաներէն մինչեւ Հայաստան, Աւստրալիայէն մինչեւ հոս։
Սիրելիներ,
Այն առաքելութիւնը որուն այսօր լծուած ենք, մեզմէ եւս կ՛ակնկալէ լրջութիւն եւ ծրագրում, կ՛ակնկալէ մանաւանդ ինքնարժեւորում եւ ի հարկին՝ ինքնասրբագրում, որովհետեւ մենք եւս բնականաբար սխալական ենք. երբ կը գործես, անպայման սխալներ կը գործես. բայց նաեւ հարկ է այդ սխալներէն դասեր վերցնել ու վերանորոգուիլ։
Ես կը վերյիշեցնեմ ձեզ մեր Դաշնակցականի երդումը որ մեզմէ իւրաքանչիւրը վերցուցած է իր կեանքի խորհրդաւոր մէկ պահուն.
«Կ՛երդնում պատւոյս եւ հայրենիքիս վրայ՝ միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն եւ բոլոր ուժերովս, իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքիս գնով, ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»:
Ծառայե՛լ. Ծառայական աշխատանք։
Այս համեստ, կարգապահ, եւ անսակարկ ծառայական աշխատանքն է որ յատկանիշը եղած է մեր կազմակերպութեան։
Մեզմէ առաջ եկած, ազգին փառապանծ ծառայական աշխատանք մատուցած ու գացած սերունդները, այդ աշխատանքը մեր հոգւոյն, խղճին եւ վճռակամութեան յանձնած են։
Մենք իրաւունքը չունինք ճղճիմ արժէք ներկայացնող կացութիւներէն անճրկիլ ու վատնել մեր կարողականութիւնը՝ մանաւանդ այսօրուան ազգային ճգնաժամային իրականութեան մէջ։
Այսօր, ես վերադարձած եմ ծննդավայրս՝ Լիբանան, լիբանանահայութեան գիրկը, միջավայր մը որ ինծի, ինձմէ առաջ ու ինձմէ վերջ եկողներուն, նաեւ ձեր բոլորիդ եւ արար հայութեան՝ նախանձախնդիր հայը ըլլալու դասեր տուած է ու այսօր պէտք է որ շարունակէ տալ։ Այս համայնքը շատ ու շատ վատ օրեր տեսաւ, բազում զոհողութիւններ կատարեց իր հաշւոյն՝ իր լինելութեան հաշւոյն, եւ հայ ազգի պայքարներուն հաշւոյն։ Վատ օրեր տեսաւ այս գաղութը, իսկ այսօր վերականգնած է իր կայռոյցներն ու կարողականութիւնը։
Այսօր, երբ մեր ազգային ինքնութիւնն ու արժէքային համակարգը վտանգող երեւոյթներ կը պարզուին հայկական իրականութեան մէջ, բնազդաբար, ու նաեւ արդարացի կերպով մեր հայեացքները կ՛ուղղուին հոս՝ ձեր վրայ, ակնկալելով որ դուք ոտքի պիտի կանգնիք որպէս մէկ եւ պիտի վերագտնէք ձեր տեղը համազգային պայքարի առաջնորդութեան դիրքերուն մէջ։
Ահա այս ակնկալութիւններով, սպասումներով, եւ մանաւանդ վճռակամութեամբ եկէ՛ք դիմագրաւենք եկող տարին։