ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Սպիտակ տան մէջ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14ի երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, որու ընթացքին հաստատեց, թէ Լիբանան կտրուկ կերպով կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն իր հողերու վրայ բնակեցումը, շեշտելով պաղեստինցիներուն տունդարձին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի պահանջէ, որ Միջին Արեւելքի տագնապին համար որեւէ լուծում ի վնաս Լիբանանի չըլլայ։
Սլէյման յայտնեց, որ Օպամայի հետ քննած է լիբանանեան քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի մնայուն սպառնալիքները: Ան հաստատեց, թէ Օպամայէն խնդրած է ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ՝ գործադրելու ՄԱԿի թիւ 1701 բանաձեւը եւ հեռանալու Մազարեհ Շեպաայէն ու Քֆարշուպայի բարձունքներէն։ Ան նաեւ խնդրած է Լիբանանին զինուորական օժանդակութիւն յատկացնել, որպէսզի ան կարենայ դիմադրել ահաբեկչութեան եւ ինքնապաշտպանութեան դիմել՝ թշնամի Իսրայէլին դէմ։
Իր կարգին նախագահ Օպամա զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կայունութեան եւ շեշտեց Լիբանանի մէջ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան կարեւորութիւնը։
Սլէյման նաեւ խորհրդակցեցաւ Քոնկրեսի խօսնակ Նէնսի Փելոսիի հետ, քննելով Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին վերաբերող խնդիրներ։ Քննուեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները:
Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ փոխադրութեան միջոցներու նախարար՝ ծագումով լիբանանցի Ռէյ Լահուտի հետ: