Թ.Ս.
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Անցեալ Չորեքշաբթի օր այս յօդուածը լոյս տեսած է առանց իր մէկ կարեւոր մասին: Հեղինակի ներողամտութիւնը հայցելով, զայն ահա կը տպենք ամբողջութեամբ:
Գոհաբանութեան օրուան զուգադիպող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնին նախորդող օրերուն, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանը ուրախութեամբ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախկին նախագահ պրն. Արկադի Ղուկասեանը։
Վարժարանի բարձրագոյն կարգերու աշակերտները հաւաքուած էին «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահին մէջ։ Վարժարանիս տնօրէն՝ պրն. Նազօ Աբանեան հիւրընկալեց պրն. Ղուկասեանը, որուն կ՛ընկերանային Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն՝ պրն. Արա Ակիշեան եւ Գործադիր տնօրէն՝ պրն. Սարգիս Քոթանճեան, ինչպէս նաեւ Հոլիվուտի մայր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Վիգէն Աւագ քհնյ. Վասիլեան եւ Հոլիվուտի ազգային պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները։
Պրն. Տնօրէնը իր ողջոյնի խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ վարժարանին աջակցութիւնը յայտնեց Հայրենիքի, Արցախի, եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին հանդէպ։
Պրն. Աբանեան բեմ հրաւիրեց պրն. Ակիշեանը, ներկայացնելու համար 2009 տարուն Հեռուստամարաթոնի ծրագիրը։ Պրն. Ակիշեան հակիրճ բացատրութեամբ մը ներկայացուց Շուշի պատմական քաղաքին նուիրուած հեռուստամարաթոնը եւ ապա տեսաներիզ մը ցուցադրեց աշակերտներուն, ուր յստակօրէն կը պատկերացուէին Շուշիի բնակիչներու կենցաղային դժուարութիւնները եւ անշուշտ օգնութեան ձեռք մեկնելու նախաձեռնութեան չափազանց կարեւորութիւնը։
Ապա պրն. տնօրէնը բեմ հրաւիրեց պրն. Ղուկասեանը, որ իր ելոյթով քաջալերական արտայայտութիւններ ըրաւ աշակերտներուն ազգային ոգիին ու դաստիարակութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անոնց հարցումներուն պատասխանեց մանրամասնօրէն եւ հպարտութեամբ։ Պրն. Ղուկասեան աշակերտներուն մանրամասնօրէն բացատրեց Շուշիի կարեւորութիւնը Արցախի համար, թէ՛ պատմական, եւ թէ՛ քաղաքական ու ազգային իմաստներով։
Աշակերտները առիթ ունեցան նաեւ հարցեր ուղղելու նախկին Նախագահին եւ համապատասխան բացատրութիւններ ստացան իրմէ։
Նոյն առիթով նաեւ, հեռուստամարաթոնի նախօրեակին Վարժարանս այցելեց Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ՝ պրն. Արա Յարութիւնեան, որուն կ՛ընկերանային պետական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Հոլիվուտի մայր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Հոլիվուտի ազգային պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները։
Վարժարանիս մանկապարտէզի, առաջին եւ երկրորդ կարգերու աշակերտները վարչապետը դիմաւորեցին իրենց մանկական կանչերով ու իրենց ձեռագործ՝ Արցախեան դրօշներով։ Անոնք իրենց փոքրիկ տոտիկներով մարդկային ուղի մը պատրաստած էին, վարժարանի դարպասէն մինչեւ մարզասրահի դուռը։ Պրն. Աբանեան վարչապետը առաջնորդեց դէպի մարզասրահ, ուր 6-12 կարգի աշակերտները անհամբերութեամբ կը սպասէին արժանաւոր հիւրին։
Պրն. տնօրէնը իր ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց Արցախը Հայաստանին կցելու բուռն ցանկութիւնը։ Նաեւ արտայայտեց իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը նման պատմական առիթի մը համար։
Վարժարանիս աշակերտական խորհուրդը կարճ յայտագիր մը պատրաստած էր ի պատիւ արցախցի վարչապետին։ Յայտագիրը ներկայացուց 11րդ կարգի աշակերտուհիներէն Փաթիլ Մալաթեան։ Յաջորդաբար ասմունքեցին 11րդ կարգի աշակերտուհիներէն Անի Մնացականեան եւ Թալին Պաղտասարեան, ապա մեներգեց Հուրի Մինոյեան։
Պրն. վարչապետը շատ մեծ ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ հետեւեցաւ յայտագրին եւ ապա իր ելոյթի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց նման գեղեցիկ յայտագրի պատրաստութեան համար։ Վարչապետը խօսեցաւ Արցախի, անոր ընկերային, քաղաքական եւ ազգային արժանիքներուն մասին, եւ յատկապէս շեշտեց Շուշին, որ հայութեան ու նաեւ Արցախի պատմական ու ներկայ քաղաքական իրականութեան համար յոյժ կարեւոր դեր ունի։ Աշակերտները բաւական հետաքրքրական ու լաւ հարցումներ ուղղեցին պրն. վարչապետին, մանաւանդ 9րդ կարգի աշակերտները, որոնք սրահի ամենէն կրտսեր աշակերտներն էին, սակայն ազգային մտահոգութիւններու առումով՝ բաւական հասուն։
Աւարտին Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան իր օրհնութեամբ եւ աղօթքով եզրափակեց հանդիսութիւնը, սփիւռքի ազգային հաստատութիւններուն միշտ հաւատարիմ եւ ծառայող ըլլալու պատրաստակամութիւնը յայտնելով ներկաներուն։
Անկէ ետք պրն. վարչապետը աշակերտներուն հետ նկարուեցաւ եւ բոլորը անխտիր Արցախ հրաւիրեց, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր սեփական աչքերով դիտէ Արցախը եւ անոր նուաճումներն ու սխրագործութիւնները։