ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա.ամ».- Ռուսիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ եւ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Ժիրինովսքի Մոսկուայի մէջ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11ին յայտարարած է, թէ Ռուսիա կրնայ ջախջախել Ատրպէյճանը, եթէ ան որոշէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը լուծել ռազմական ճանապարհով:
Եւրոպական եւ ասիական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունենալով, Ժիրինովսքի նաեւ կոչ ըրած է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն, որ ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, որովհետեւ այլապէս Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը երբեք պիտի չհամաձայնին:
«Մենք չենք ուզեր, որ Թուրքիան, օգտագործելով Հայաստանի հետ մերձենալու փաստը, ճնշում գործադրէ հարաւային Կովկասի վրայ: Գիտենք, որ անոնք նման նպատակներ ունին», յայտնած է Ժիրինովսքի:
Ըստ անոր, հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը կենսական է Ռուսիոյ համար: «Եթէ ատիկա ապահովուի, ապա թող Հայաստանը մերձենայ որու հետ որ կ՛ուզէ. ըլլայ ան Թուրքիան, Իրանը, Վրաստանը, թէ Ատրպէյճանը։ Իսկ եթէ յարձակում ըլլայ, ապա մենք կը կանգնինք զոհ երկրի կողքին եւ ամբողջութեամբ կ՛ոչնչացնենք յարձակողը», եզրափակած է Ժիրիովսքին։