
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ազգային կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու, ազգային կառոյցներու ղեկավարներու եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ տեղի ունեցած ՀՅԴ 119րդ տարեդարձի՝ ՀՅԴ Օրուան տօնակատարութեան ընթացքին Դաշնակցութեան շրջանի ղեկավար մարմնի խօսքը փոխանցեց ԿԿի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան: Ստորեւ կը ներկայացնենք ելոյթը՝ ամբողջութեամբ.
Համաձայն մեր աւանդութեան, ՀՅԴ Օրուան առիթով կը հաւաքուինք մեր գործի արժեւորման բաժնեկից դարձնելու մեր ժողովուրդը եւ տօնախմբելու կուսակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձը։ Սակայն, վերջին ամիսներուն, հայ ժողովուրդին համար բոլորիս ծանօթ ճակատագրական իրադարձութիւնները մեզի դրած են այնպիսի ճգնաժամի եւ պատմական անկիւնադարձի մը առջեւ, որ ստիպուած ենք այսօր մեր խօսքը կեդրոնացնել այդ իրավիճակի վերլուծման ու գնահատումին վրայ։
Անցեալ տարուան կիսուն ծնունդ առած Հայաստանի իշխանութեան ֆութպոլային դիւանագիտութեան հայութեան դատին ուղղած առաջին հարուածը եղաւ Ապրիլ 22, 2009ին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու մասին յայտարարութեամբ: Նոյն քաղաքականութիւնը շարունակուելով՝ հասաւ Օգոստոս 31ի Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլներու բացայայտումին եւ Հոկտեմբեր 10ին՝ անոնց ստորագրութեան։
Կրկնութեան գնով ըսենք որ այդ փրոթոքոլները բացայայտօրէն աննպաստ են Հայաստանի անվտանգութեան եւ վերջապէս մեզի կը հասցնեն մեր պատմական իրաւունքներու ամբողջական հրաժարումին, մեր ժողովուրդին հանդէպ գործադրած Ցեղասպանութեան համար Թուրքիան ձերբազատելով հաշուետուութենէ, մեր պատմական հողերու վերատիրացումը խոչընդոտելով, ազատագրուած Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորումը խանգարելով։
Փաստօրէն Արցախի պարագային, անցեալ շաբթուայ ընթացքին, Դեկտեմբեր 2ին, Աթէնքի մէջ, Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի յայտարարութեան համաձայն, Արցախի հարցի կարգաւորման յետագայ գործընթացը ոչ միայն պետք չէ շեղի մատրիտեան սկզբունքներէն, այլ նաեւ պէտք է արագացնել համաձայնագրի մշակման աշխատանքները, ինչ որ անուղղակիօրէն կը հաստատէ գործընթացի կապը հայ-թրքական բանակցութիւններուն հետ:
Այս բոլորը ոմանց կողմէ կը ներկայացուի իբրեւ ռէալ (իրապաշտ-Խմբ.) քաղաքականութիւն, բայց ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ զիջողականութեան եւ պարտուողականութեան դրսեւորում։ Հոս կ՛արժէ յիշեցնել ռէալ քաղաքականութիւն քարոզող մարդոց ու հատուածներուն, որ Դաշնակցութիւնը երբ տասնամեակներ շարունակ կը պայքարէր Ազատ, Անկախ ու Ամբողջական Հայաստանի համար, այն ժամանակ եւս մեզի կը թելադրուէր ունենալ ռէալ մօտեցում, ու չըլլալ երազային։ Այսօր փաստօրէն Ազատ ու Անկախ Հայաստանը իրականութիւն է, իսկ Ամբողջական Հայաստանի իրագործման առաջին ու հաստատ քայլը նետուած է ազատագրուած Արցախի իրականութեամբ։
Արդեօք ո՞րն էր ռէալ քաղաքականութիւնը։
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումը աւետող փրոթոքոլները զուրկ են քաղաքական իրապաշտ հիմունքներէ։ Անոնք դատապարտուած են ձախողութեան, որովհետեւ չեն միտիր վերացնել այն անարդարութիւնը եւ պատմութեան ուրացումը, որոնք անցած աւելի քան ինն տասնամեակներուն Թուրքիոյ քաղաքական վարքագծին հիմնական ստորոգելիները եղած են ու տակաւին կը մնան։
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գրաւականը կը կայանայ արդարութեան վերահաստատման մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան ոճիրի Թուրքիոյ կողմէ ընդունման, եւ հայութեան անժամանցելի իրաւունքներու հատուցման մէջ, եւ ոչ թէ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի իշխանութեան վրայ պարտադրուած անընդնունելի պայմաններով։
Հայրենի իշխանութիւնները փրոթոքոլներու մէջ կ՛ուզեն տեսնել Հայաստանի տնտեսութեան փրկութեան լաստը։ Այս մօտեցումը պարզապէս վտանգաւոր է այն առումով, որ կարելի չէ Հայաստանի տնտեսութեան վերականգման գործը ապաւինիլ Թուրքիոյ Հանրապետութեան։ Կարելի չէ հայրենի ժողովուրդին բարեկեցութիւնը խարսխել թրքական երկդիմի վերաբերմունքին վրայ։ Կարելի չէ յանուն այսպէս կոչուած, տնտեսական վերականգնման, Հայաստանը պատանդ դարձնել թրքական քմահաճոյքին։
Տնտեսութեան վերականգնումը եւ սոցիալական բարելաւումը պէտք է նախ ապաւինի մեր սեփական միջոցներուն ու ջանքերուն վրայ։ Այս առիթը տրուեցաւ վերանկախացումէն ասդին իւրաքանչիւր հայրենի իշխանութեան։ Սակայն, փոխանակ ծրագրելու, ձգտելու եւ գործելու ի խնդիր մեր ընկերային-տնտեսական զարգացման ու վերելքին, յաջորդական իշխանաւորներն ու իրենց շրջապատը շահագործեցին ազգային հարստութիւնը ու զլացան աշխատիլ յանուն մեր ժողովուրդին բարօրութեան։ Ազատ շուկայական յարաբերութիւններու վայրագ քաղաքականութիւնը ինչպէս նաեւ սեփականաշնորհումի ոլորտէն ներս որդեգրուած ու մինչեւ օրս շարունակուող ապիկար ընթացքը ծայրայեղ աղքատութիւն ստեղծեցին մեր երկրին մէջ։ Երկու տասնամեակներու տնտեսական ձախող ղեկավարումը չի կրնար ո՛չ արդարացուիլ եւ ոչ ալ փրկուիլ փրոթոքոլներով։
Հայրենի ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի մեր ժողովուրդի կամքին դէմ որեւէ քայլ առնելու, ազգային արժէքներուն եւ շահերուն դէմ որոշումներ կայացնելու, մեր անձեռնմխելի իրաւունքներուն հաշւոյն որեւէ զիջում կատարելու։ Հետեւաբար, եթէ նոյնիսկ չվաւերացուին այսօրուան փրոթոքոլները, պէտք է ունենանք հայ քաղաքական բեմին վրայ գործող ուժերու, հասարակական կազմակերպութեանց ու մտաւորականութեան ջանքերով համակարգուած ազգային ծրագիր մը, ուր ճշդուած ըլլան ազգային հիմնական արժէքները եւ իրաւունքները. այլապէս, ապագային ուրիշներ եւս կրնան լիազօրուած զգալ մեր ազգի իրաւունքներու հաշւոյն որոշմներ տալու, այնպէս ինչպէս այսօրուան իշխանութիւնները, խնդրոյ առարկայ դարձնելով հայ ժողովուրդի կամքը ներկայացնելու իրենց վստահուած հանգամանքը։
Ամիսներ առաջ երբ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան ահազանգը հնչեց, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը աշխարհով մէկ, բնականաբար նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին մէջ, ոչ միայն իր շարքերը, ուղեկից կառոյցները եւ համակիր լայն զանգուածները զօրաշարժի ենթարկեց, այլ նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ միասնաբար գաղութի բաղկացուցիչ գլխաւոր կառոյցները համախմբեց՝ մէկ մարդու նման ոտքի կանգնելով՝ արգելք հանդիսանալու աղիտաբեր փրոթոքոլներու առաջընթացին ու տէր կանգնելու մեր ազգային իրաւունքներուն։
Հոս պէտք է մատնանշել որ սկզբնական հանգրուանին հաւաքական կեցուածքի նոյն էջին վրայ գտնուող գաղութի կառոյցներէն քանի մը հատը, աւելի ուշ, դրժելով իրենց նախկին տրամադրուածութիւնը, հեռացան ժողովուրդի կամքէն ու փրոթոքոլներուն ի նպաստ կեցուածք որդեգրեցին։ Անոնց այդ ընթացքը պատճառ դարձաւ ձգելու այն սխալ տպաւորութիւնը, որ ամերիկահայութիւնը պառակտուած է։ Այդ մէկը դժբախտաբար օգտագործուեցաւ ո՛չ միայն Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, այլ նաեւ մեր թշնամիին՝ Թուրքիոյ կողմէ։
Այս առիթով մենք չենք դատապարտեր խնդրոյ առարկայ կառոյցները, բայց կարեւոր է, որ զանազանենք անոնց ղեկավարութեան մտահոգիչ ընթացքը՝ իրենց անդամներու ազգային գիտակցութեամբ առաջնորդուող կեցուածքէն։ Այդ կառոյցներու ղեկավարութեան՝ իրենց անդամներու նկատմամբ հաշուետու չըլլալու իրականութեան հետեւանքներէն մէկը այսպիսի երեւոյթներու դրսեւորումներն են։
Հազար պատիւ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի հայ ազգային կուսակցութեանց, բոլոր այն յարանուանութեանց, կազմակերպութեանց, երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներուն, բարերարներուն, մասնագէտներուն, մտաւորականութեան, եւ ժողովրդային բանակին, որոնք իրաւատէրի ու պահանջատէրի իրենց ձայնը լսելի դարձուցին սայթաքումի ճամբան բռնած հայրենի իշխանութիւններուն, ու տասնեակ հազարներով ողողեցին Լոս Անճեըսի պողոտաները։
Միեւնոյն ժամանակ, ափսոս այն փոքր թիւով կառոյցներու ղեկավարներուն, որոնք ճղճիմ ու տկար բացատրութիւններով փորձեցին արդարացնել փրոթոքոլներու իրենց զօրակցութիւնը։ Եղան նաեւ պատեհապաշտ անհատներ, որոնք անհատական ինչ ինչ հաշիւներով, միջանցքներէն սկսեալ մինչեւ բեմերու վրայ, փորձեցին փանջունիական մեկնաբանութիւններով մեզի բացատրել թէ փրոթոքոլները օգտակար են հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին։
Պէտք է մատնանշել նաեւ, որ փրոթոքոլներու հարցով հայրենի ժողովուրդին դիրքորոշման մասին Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայացուցած պատկերը իրականութեան չի համապատասխաներ։ Հայաստանի մեր ժողովուրդը անտարբեր չէ ազգային արժէքներու եւ իրաւունքներու նկատմամբ. այդ մէկը անգամ մը եւս փաստած է տակաւին միայն երկու տասնամեակ առաջ՝ երբ հարիւր հազարներ Երեւանի փողոցներուն վրայ աշխարհի երեսին պոռացին՝ որ «Ղարաբաղը Մերն Է» ու միացան Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Այսպէս էր հայրենի մեր ժողովուրդը, ու կը հաւատանք որ նոյնն է նաեւ այսօր։
Սիրելի ժողովուրդ,
Այսօր Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ կը գտնուի ընդդիմութեան դաշտ։ Բայց անհրաժեշտ է նշել, որ պէտք է զանազանել արուեստական ընդդիմութիւնը գաղափարական հիմք ունեցող ընդդիմութենէն։ Կարելի չէ նոյնիսկ անդրադառնալ ինքզինք ընդդիմադիր յորջորջող որեւէ կուսակցութեան կամ շարժումի, որ զուրկ է գաղափարական բովանդակութենէ եւ համախմբուած է անհատներու շուրջ, որոնք, ինչպէս կը տեսնենք, իշխանութեան հասնելու իրենց մարմաջը իրականացնելու սիրոյն, պատրաստ են ամէն օր հակասելու իրենց նախորդ օրուան դրսեւորման։
Իշխանափոխութիւնը, այնպէս ինչպէս կը դիտէ Դաշնակցութիւնը, շատ աւելի լայն առաջադրանք է, քան միայն երկրի նախագահին հրաժարականը պահանջելը։ Եւ որովհետեւ ընդհանուր քաղաքականութիւնն է որ պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի, ապա այդ մէկը կ՛ենթադրէ համակարգի խորքային փոփոխութիւն, իրականացնելու համար թէ՛ ժողովրդավարութեան ամբողջական կիրառում, թէ ընկերային արդար կարգերու հաստատում։
Գործելով հայրենիքէն դուրս, մեր ազգային ու կազմակերպական աշխատանքը միշտ մեկնակէտ ու թիրախ ունեցած է Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը։ Այս փոխ-ամբողջացման յաջողութեան գրաւականը կը կայանայ Հայաստանի ու Սփւռքի հզօրացման մէջ։ Իրարու կրնանք զօրացնել միայն այն ժամանակ, երբ իւրաքանչիւրը կը ներկայանայ կուտակուած եւ ուժականացած սեփական կարողութիւններով։
Այս գիտակցութեամբ ու նպատակադրութեամբ, մեր հաստատ համոզումն է, որ հզօրացած ու միակամ ամերիկահայ գաղութ մը որակական ու քանակական առումներով աւելի տոկուն աջակցութիւն պիտի տրամադրէ հայրենիքին, քան ուժասպառ կառոյցներով ու յոգնած մարդուժով գաղութ մը։
Կը գիտակցինք որ գաղութին մէջ կան մտայնութեանց ու հոգեկերտուածքի տարբերութիւններ, սակայն կան նաեւ նոյնութիւններ, որոնց վրայ կեդրոնանալով, պէտք է շեշտաւորենք մեզ միացնող ու ամրապնդող հասարակաց գիծերը։
Իբրեւ ազգի անբաժան մէկ մասնիկը, ամերիկահայութիւնը յանձնառու է համայն հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, այդ ծիրէն ներս մասնակից դառնալով ամերիկեան քաղաքական այն գործընթացներուն, որոնք կ՛առնչուին մեր հաւաքական շահերուն։
Սիրելի հայրենակիցներ
Եկէք անգամ մը եւս փաստենք որ հայ ժողովուրդը միակամութեամբ ու բռունցքուելով՝ կրնայ լեռներ տեղէն շարժել, իրավիճակները փոխել յուսահատութենէն՝ դէպի գօտեպնդում ու մարտունակութիւն, կորուստէն՝ դէպի յառաջընթաց ու նուաճում, եւ պատմութեան ընթացքը փոխել պարտութենէն՝ դէպի շռնթալից յաղթանակ։
Կը շարունակենք հաւատալ որ պայքարի միակ վախճանը յաղթանակն է։ Միասնաբար պիտի պայքարինք մինչեւ մեր գերագոյն նպատակներու իրագործումը, եւ այնքան ժամանակ որ կը գոյատեւէ Հայրենիքն ու Հայութիւնը։
Փառք ու պատիւ հայրենի մեր ժողովուրդին՝ Հայաստան, Արցախ, æաւախք թէ այլուր։
Gartatsink verohishial djare, nuin djampov sharunagué,
mer quidtsadz Avedikn es; hachogutian maghtankner,
Montevideo-én: Atamian