ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի տարածքին՝ Նոյեմբեր ամսուան վերջին Հինգշաբթին, գոհաբանութեան տօնը, իր յատուկ յիշատակութիւնը ունի. սոյն տօնը իւրայատուկ ձեւով ընդունելութիւն գտած է՝ ամերիկահայութեան մօտ, իր խորհուրդով, եւ յատկապէս՝ ընտանիքի ու հարազատներու համախմբութեամբ՝ տօնական նախօրէի առաջին լաւագոյն առիթէն սկսեալ…
Առ այդ, ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութիւնը՝ ընդունած է այս օրուան տօնակատարութիւնը, իբրեւ ՀՕՄի տարեկան հոգեհարազատ ծրագիրներէն մէկը:
2009 Նոյեմբեր 22ի, կէսօրուան ժամը մէկուկէսէն սկսեալ, Հոլիվուտի Ս.Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Կարապետեան սրահին մէջ համախմբուած էին, 200է աւելի ՀՕՄուհիներ՝ իրենց ընտանիքի անդամներով, ՀՕՄի համակիրներ, բարերարներ, հիւրեր եւ շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Աստղիկ Շիթիլեան, ինչպէս նաեւ՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան:
Օրուան հանդիսավար վարչութեան ատենադպրուհի՝ Մայտա Շահինեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, առաջին հերթին անդրադարձաւ ՀՕՄի մեծ ընտանիքին եւ յատկապէս «Մայր» մասնաճիւղին կորուստներուն: Արդարեւ վերջերս մեզմէ յաւիտեան հեռացած էին Երկու հաւատաւոր անդամներ՝ Տիրամայր Արեգնազ Խաչատուրեանն ու Լիօնէ Ինճէեանը, որոնց յիշատակին յարգանքի յոտնկայս լռութիւն պահուեցաւ սրահին մէջ:
Հանդիսավարը հրաւիրեց՝ Տէր Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը, որ օրհնելէ ետք սեղանները, գեղեցիկ ձեւով փոխանցեց օրուան խորհուրդն ու պատգամը, շեշտելով ՀՕՄի ծառայութիւնը եւ յատկապէս անդրադառնալով Մայր մասնաճիւղի գործունէութեան ու շրջանին մէջ տարուած աշխատանքներուն, վեր հանելով ՀՕՄուհիներու նուիրական ոգին ու հաւատքը՝ մարդասիրական ու բարեսիրական ազնիւ աշխատանքին հանդէպ:
Ապա, գեղարուեստական կոկիկ յայտագրով մը հանդէս եկաւ փունջ մը հայկական ժողովրդական երգերով՝ վաստակաւոր մեներգչուհի՝ Անահիտ Շահնազարեան, որուն երգեհոնի ընկերակցութիւնը կատարեց Յովսէփ Թորոսեան:
Օրուան կազմակերպիչ յանձնախումբի ընկերուհիներու պատրաստած վիճակահանութեան ծրագիրը ի գործ դրուեցաւ, բախտաւորութեան առիթը շնորհելով շատերուն, որոնք մեծ գոհունակութեամբ ստացան իրենց վիճակուած՝ նուէրները:
Ի վերջոյ, ձեռնարկի նիւթաբարոյական յաջողութեան եւ ճոխութեան մասին անդրադարձաւ օրուան հանդիսավարը, գնահատելով ներկաներու եւ ծրագրի յաջողութեան իրենց նպսատը բերած համագործակցողներու, համադամ ճաշերը մատակարարողներու , յանձնախումբի ժրաջան ընկերուհիներու եւ յատկապէս վարչութեան զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը: Ապա, յետագայ ծրագիրներու յաջողութեան եւ բարօրութեան մաղթանքներով բարի երթ մաղթեց ներկաներուն:
Յառաջիկային, Բարի Գոհա-բանութեան օրեր նաեւ ձեզի, յարգելի ընթերցող: