ՊՈԼԻՍ, ՔԷՕԼՆ, «Մարմարա»-«Ազգ».- Նոյեմբեր 22ին, Քէօլնի երաժշտական բարձրագոյն դպրոցի ուսանող, սաքսոֆոնահար Հայրապետ Առաքելեան, Տիւսսէլտորֆի Վիթթկէնշթայն պալատին մէջ, Պետական Նախարար Պէրնտ Նոյմաննի ձեռամբ ստացաւ 5000 եւրօ խրախուսական կրթաթոշակ մը։ Կրթաթոշակը սահմանուած է Հիւսիս Հռենոս Վէսթֆալեան երկրամասի Քրիստոնեայ Տէմոքրաթներու աւագներու միութեան կողմէ։
Ըստ «Ազգ» օրաթերթի, տարեկան այս պարգեւը կը տրուի «Պատանի երաժիշտ» մրցումի այն մասնակիցին, որ պիտի շարունակէ երաժշտական խորացեալ ուսուցումը։ Հայրապետ Առաքելեան երրորդ երաժիշտն է որ արժանացած է այս կրթաթոշակին։ Իրմէ առաջ պարգեւատրուած են սրնգահար Եւա Ֆէկէրս եւ ջութակահար Լասսէ Օփրիէլ։
Մրցանակատուչութեան ընթացքին Պետական Նախարարը խօսեցաւ Գերմանիոյ մէջ բազմածալ եզակի մշակոյթի առկայութեան մասին, շեշտելով որ քաղաքական գործիչներու համար առանձնայատուկ պատասխանատուութիւն է խրախուսել այս բազմածալութիւնը։ Ան շեշտեց որ մրցանակակիր երաժիշտը բացառիկ տաղանդ է, թէպէտ այսքան երիտասարդ, սակայն արդէն «պատանի երաժիշտ» մրցումի եւ «երաժշտական կեանք» հիմնադրամի մրցանակակիր։
Երկրամասային երաժշտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Միքայէլ Պէնտէր բեմ բարձրացած է, ներկայացնելու համար Հայրապետը եւ ըսած. «Երբ մրցումի մասնակիցները կը նուագէին, դատակազմի անդամները սովորաբար մատիտով նշումներ կը կատարէին, սակայն Հայրապետի կատարումը ունկնդրուեցաւ առանց նշումներու, դատակազմի անդամները մատիտները ցած դրած միայն կ՛ունկնդրէին ու կ՛ըմբոշխնէին իր արուեստը»։ Ապա ան փոխանցած է երիտասարդ երաժիշտի կենսագրականը. «Հայրապետ Առաքելեան ծնած է 1991ին, Երեւան։ Տաս տարեկանէն կը նուագէ։ 1999-2003ին եղած է պրոֆ. Արմէն Մանուկեանի աշակերտը։ 13 տարեկանին եկած է Քէօլն, ուսանելու տեղւոյն երաժշտական բարձրագոյն դպրոցին մէջ, պրոֆ. Տանիէլ Կոթիէի դասարանը։ Դիւրին է ըսել, 13 տարեկանին առանց ծնողքի ապրիլ ուրիշ երկրի մէջ, դպրոց յաճախել, ուսանիլ, յաղթահարել դժուարութիւնները, մասնակցիլ զանազան մրցումներու, փառատօներու, համերգներով ելոյթ ունենալ աշխարհի զանազան բեմերու վրայ։ 2008էն ի վեր ան զուգահեռաբար կ՛ուսանի Երեւանի «Կոմիտաս» երաժշտանոցին մէջ։ Հայրապետի բազմաթիւ մրցանակներուն՝ 2009ին աւելցաւ «Պատանի երաժիշտ» մրցումի Ա. մրցանակը. «երաժշտական կեանք» գերմանական հիմնադրամը իրեն յանձնած է Կէրթ Փուցէրիուս կրթաթոշակ, որու շնորհիւ Առաքելեան շաբաթ մը վարպետութեան դասերու պիտի հետեւի Ճափոնի Համամացու փողային միջազգային ակադեմիային մէջ, յետոյ պիտի մասնակցի կարեւոր փառատօնի մը»։
Հայրապետ Առաքելեան Քէօլնաբնակ տաղանդաւոր այլ սաքսոֆոնահարի մը՝ Կորիւն Ասատրեանի հետ մաս կը կազմէ «Ալլիաճ» երաժշտախումբին, որ Գերմանիոյ զանազան անկիւններու մէջ համերգային գործունէութիւն կը ծաւալէ։