ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին հանդիպում մը ունեցած է Եւրոպայի մէջ ամերիկեան հակօդային ուժերու հրամանատար զօր. Ռաճըր Պրէյտիի հետ, որմէ ետք յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ապարդիւն բանակցութիւնները Ատրպէյճանը կը դնեն տագնապին լուծման այլընտրանքային ճանապարհներ որոնելու պարտադրանքին տակ:
Ապիեւը ամերիկեան զօրավարին տեղեկացուցած է, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ծիրին մէջ 15 տարիէ վեր շարունակուող բանակցութիւնները դեռ յաջողութեան չեն հասած։
Հանդիպումի ընթացքին քննուած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմական համագործակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ հարաւային Կովկասի իրավիճակը։
Ouzatsin chap togh sbarnah minchev hoknie
Hay Zhoghovourtin badganogh hoghern yen yev
badrasd ae esd orengin hamashkharayin tadarane
mezei ge shnorhe badrasd yeng hamperel 20-25 dari.
KHATSNOGH SHOONE CHI HACHER.
ABRI HAY AZKE AMENOOREG