ԵՐԵՒԱՆ, – Դեկտեմբեր 4ին, Երեւանի «Տէ Ֆաքթօ» ակումբին մէջ հիւրընկալուած են ծանրամարտի դաշնութեան նախագահ Սամուէլ Խաչատրեան, հաւաքականի աւագ մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան եւ ծանրամարտի աշխարհի ախոյեան Նազիկ Աւդալեան։ Վերջինս յայտնած է, թէ ախոյեան դառնալէ անմիջապէս ետք իր ուրախութիւնը կիսած է իր ազգին հետ։
Նազիկ վստահեցուցած է, որ կարելի է համատեղել ծանրաձողն ու կանացիութիւնը: Ան յայտնած է, թէ յաղթանակին հետ կապուած կրքերը արդէն իսկ հանդարտած են, եւ ինք պատրաստ է մարզումները շարունակելու:
Հաւաքականի աւագ մարզիչ Արտաշէս Ներսիսեան նշած է, որ աղջիկներու ծանրամարտը Հայաստանի մէջ կը համարուի երիտասարդ մարզաձեւ՝ հաշուի առնելով, որ անիկա կազմաւորուած է 2000ին:
«Դա շատ փոքր ժամանակահատուած է, բայց այդ ընթացքում հայուհիներն ապացուցեցին, որ կարող են աշխարհում առաջինը լինել: Թող սա խթան հանդիսանայ, որ աղջիկների ծանրամարտն աւելի մասսայական (զանգուածային-Խմբ.) դառնայ», ըսած է ան:
Իսկ դաշնութեան նախագահ Սամուէլ Խաչատրեան նշած է, որ Նազիկի յաղթանակը ամբողջ հայ ազգինն է, եւ իր ախոյեան ըլլալը՝ համատեղ աշխատանքի արդիւնք:
Դաշնութեան նախագահը նաեւ յայտնած է, որ Քորէայի մէջ կատարուող մրցաշարին Հայաստանը ներկայացնող բոլոր մարզիկներէն շատ գոհ է: