Շուշիի նուիրուած թելեթոնին համար Լոս Անճելըս գտնուող Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24ին այցելեց Ազգ. առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ թեմի ժողովականութեան կրօնական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ան առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կ՛այցելէր առաջնորդարան։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Դաւիթ Պապայեան (Արցախի նախագահի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ), Ռոպերթ Աւետիսեան (Միաց. Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ), Արա Վարդանեան («Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն) եւ Սարգիս Քոթանճեան (Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գրասենեակի գործավար)։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, իբրեւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ՝ դիմաւորեց հայրենի հիւրերը։ Անոր կողքին էին Կրօնական ժողովի անդամներ՝ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային կեդր. վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Կարօ Յակոբեան, անդամներ՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Վարուժան Տէր Սիմոնեան եւ Խաչիկ Երէցեան, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմնի ներկայացուցիչ Մակի Սարգունի, առաջնորդարանի յանձնախումբերու ատենապետներ՝ Վահան Պզտիկեան եւ Հրայր Ճերմակեան, եւ Տիկնանց օժանդակ մարմնի անդամներ։
Հիւրերն ու հիւրընկալները առաջին հերթին առաջնորդուեցան Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթք, որմէ ետք հիւրերը ծանօթացան առաջնորդարանի բաժանմունքներուն։ Պաշտօնական հանդիպումը տեղի ունեցաւ դահլիճին մէջ։
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան առաջին հերթին կարդաց առաջնորդին ողջոյնի գիրը։ Ծանօթ է, որ առաջնորդը ժողովական աշխատանքներու համար կը գտնուէր Անթիլիաս։ Իր խօսքին մէջ, առաջնորդը կ՛ողջունէր վարչապետին այցելութիւնը եւ կը վերահաստատէր մեր մայր Հայրենիքին ու Արցախի զօրակցութեան առաջնորդարանի կեցուածքը, միաժամանակ վեր առնելով Շուշիի տեղն ու արժէքը՝ մեր պատմութեան ու ներկային մէջ։
Հայր Միւռոն, յանուն ժողովականութեան ողջունեց յարգելի հիւրերը եւ վեր առաւ մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ առաջնորդարանին դերակատարութիւնը։ Ան յայտնեց, որ այս հաստատութիւնը, ինչպէս հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, Արցախի կողքին են անոր պայքարին թէ՛ խաղաղութեան երթի ընթացքին, եւ հաւաստեց որ ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս հանգրուանին եւս մեր եկեղեցիները, դպրոցներն ու գործակից միաւորները պիտի մասնակցին թելեթոնին։
Ազգ. կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչ Խաժակ Տիքիճեան յայտնեց, որ վարչապետին գործունէութեան ծանօթ ենք եւ անդրադարձաւ այն մտահոգութիւններուն, որոնք կը բխին Արցախի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներէն։ Ան յոյս յայտնեց, որ Արցախի իշխանութիւնները յաջողին խաղաղութեան ու բարգաւաճման իրենց ծրագիրներուն մէջ, ընդհանուր զարգացումները անախորժ անակնկալներու դիմաց չդնեն մեզ ու, վերջապէս, յաջողութիւն մաղթեց Շուշիի ի նպաստ թելեթոնին։
Ազգ. վարչութեան ատենապետ տոքթ. Կարօ Յակոբեան, իր կարգին ողջունելով վարչապետն ու հիւրերը, հակիրճ կերպով խօսեցաւ առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ հրատարակչական աշխատանքներու մասին, որուն մէջ կարեւոր տեղ ունին դասագիրքերը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, թեմերուն հետ գործակցաբար, Արցախի մէջ յանձն առած է «Նոր Կիլիկիա» գիւղի վերանորոգութեան աշխատանքը, եւ կ՛ակնկալուի որ մօտիկ ապագային կարգ մը բնակարաններու յանձնումը տեղի ունենայ կարիքաւորներուն։ Ան ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւնը պերճախօս արտայայտութիւն մըն է Արցախին զօրավիգ կանգնելու մեր կեցուածքին։
Վարչապետ Ա. Յարութիւնեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հիւրընկալումին ու ընդհանրապէս «Հայաստան» հիմնադրամին ճամբով վերջին տասնամեակին Արցախի տրամադրուած օժանդակութեանց համար։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Արցախի վերականգնումի աշխատանքներուն, տալով օրինակներ, յիշատակելով, որ կարգ մը ծրագիրներ այնքան հին են, որ կապուած են … ցարերու օրերուն տրուած խոստումներու։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ վեր առաւ Շուշիի վերականգնումին կարեւորութիւնը, շեշտելով որ այս քաղաքը մեր պատմութեան մէջ ունեցած է փառաւոր տեղ, հետեւաբար պէտք է վերականգնել զայն ի մի բերելով ողջ հայութեան ձեռքերը։ Ան այս առիթով անդրադարձաւ նաեւ քաղաքական իրադարձութեանց, նշելով որ պէտք է ունենալ հզօր երկիր, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել մեր երազները: Այդ նպատակին համար կարեւոր է ունենալ հզօր բանակ, դէմ դնելու համար Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն։ Վարչապետը այս ծիրին մէջ վեր առաւ Սփիւռքի կարեւորութիւնը։
Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա ծանօթ զարգացումներուն, ըսելով որ արձանագրութեանց բացած ուղին գնահատելու համար պէտք է որոշ ժամանակ տալ, սակայն նաեւ վեր առաւ սահմաններու բացման կարեւորութիւնը, նշելով որ անիկա զարկ պիտի տայ տնտեսութեան, որ կենսական է հայրենիքի զարգացման համար։ Ան հաւաստեց, որ Ցեղասպանութեան ու Ղարաբաղի հարցերը առընչուած չեն արձանագրութեանց հետ, եւ աւելին, «պէտք չէ կասկածով մօտենալ նախագահ Սերժ Սարգսեանի որդեգրած ուղիին, նկատի ունենալով որ ան մասնակցած է Արցախի պաշտպանութեան եւ կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի բանակին մէ»ջ։ Ան հաւաստեց, որ Հայաստան ունի լաւ առաջնորդ՝ յանձնին նախագահին, որ լաւապէս կը տիրապետէ քաղաքական ու այլ ասպարէզներուն եւ կը գործէ ի նպաստ հայրենիքին։
Պաշտօնական խօսքերու փոխանակումէն ետք, վարչապետը յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի վերակառուցման աշխատանքներուն մասին, պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն։ Ան հաւաստեց, որ հայրենադարձութիւն տեղի կ՛ունենայ դէպի Արցախ եւ շեշտեց այս գործընթացին թափ տալու կարեւորութիւնը։
Հանդիպումին պաշտօնական բաժինին աւարտէն ետք, առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը ներկաները հիւրասիրեց ճաշով։