ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 30ին կայացած է Սփիւռքի նախարարութեան ատեանի հերթական նիստը, որու ընթացքին քննարկուած են հայկական համայնքներուն մէջ սփիւռքի նախարարի խորհրդականի գործունէութեան, «Մեր մեծերը» ծրագիրը կազմակերպելուն, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ (ԳԱԱ) արուեստի հիմնարկին կողմէ նախարարութեան իրականացուցած պետական պատուէրին վերաբերեալ հարցերը:
«Օտարերկրեայ պետութիւնների հայկական համայնքներում Սփիւռքի նախարարի խորհրդականի գործունէութեան մասին» կարգին վերաբերեալ զեկոյցին մէջ՝ նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեանը նշած է, որ խորհրդականներուն նշանակումը պիտի կատարուի ըստ տարածաշրջաններուն՝ սփիւռքի նախարարին հրամանով: Ըստ մշակուած կարգին, խորհրդականը տուեալ տարածաշրջանի համայնքին մէջ պիտի ձեւաւորէ Սփիւռքի նախարարութեան բարեկամներու խորհուրդ (խումբ), որուն կազմին մէջ պիտի ընդգրկուին կամաւոր ձեւաւորուած հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, անհատներ:
Նիստին ընթացքին ներկայացուած է 2009ին Սփիւռքի նախարարութեան պետական պատուէրով եւ աջակցութեամբ՝ ԳԱԱ հիմնարկին հրատարակած «Ակնարկներ սփիւռքահայ կերպարուեստի պատմութեան» մատենաշարին անդրանիկ հատորը «Քաջազի մոգական կանթեղը» աշխատութեան անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով: Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, արուեսագիտութեան դոկտոր, փրոֆ. Արարատ Աղասեանին հեղինակած գիրքը անուանի սփիւռքահայ, ԱՄՆի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած նկարիչ Քաջազի մասին է (Քաջազունի Քեչեճեանին):
Խօսուած է նաեւ սփիւռքահայ անուանի գործիչներ, ազգանուէր հայորդիներ, ազգային հերոսներ Ալէք Մանուկեանին, Քըրք Քրքորեանին, Շառլ Ազնաւուրին եւ Վազգէն Վեհափառին հայրենանուէր կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած «Մեր մեծերը» խորագրով մեծարման ծրագրին մասին, որուն ծիրէն ներս, Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերուն մէջ կազմակերպուած են հարիւրաւոր ձեռնարկներ:
Նիստի ընթացքին նաեւ քննարկուած եւ որոշուած են 2010ի նոյն ծրագրով նախատեսուած մեծարուող գործիչներուն անունները Միսաք Մանուշեան, Մխիթար Սեբաստացի, Լեւոն Շանթ, Պօղոս Նուպար, Վարդգէս Սուրէնեանց: