Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին հարուստ եղած է ոչ միայն իր շարականներով եւ դէպի Արարիչը ուղղուած աղօթքներով, այլ նաեւ նոյն այդ շարականներն ու աղօթքները յօրինող վանականներով, հոգեւորականներով, զորս, այս մեծ գործին առ ի երախտագիտութիւն, մեր ժողովուրդը սուրբերու դասին շարած է իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին:
Անկախ այս բոլորէն, քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու նման, հայ ժողովուրդը իր հաւատքէն մեկնած եւ անոր հանդէպ ունեցած ու որդեգրած սէրէն եւ յարգանքէն, իր հոգեկան տունն ալ հարստացուցած է բազմազան սուրբերով, որոնց համար նշանակած է ուխտի օր: Օրինակները բազմազան են:
Ահա այդ սուրբերէն մէկն է Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը, որուն անուան տօնախմբութիւնը այս տարի կը զուգադիպի Դեկտեմբեր 13ին:
Արդ, Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրեպետի անուան տօնին, եւ Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ անուանակոչման եւ հիմնադրութեան 68րդ տարեդարձին առթիւ, նոյն այս եկեղեցւոյ մէջ՝ 4950 W. Slauson Ave. Los Angeles, CA 90056, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2009ի երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ նախատօնակ: Ապա յաջորդ օրը, Կիրակի, Դեկտեմբեր 13ին, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի, որու աւարտին հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի եկեղեցւոյս հին ու նոր ննջեցելալ բարերարներուն հոգիներուն համար:
Տեղի պիտի ունենայ նաեւ վերջերս Արցախէն յատկապէս ապսպրուած չորս մեծ խաչքարերու օծումը՝ ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր, որոնք պիտի տեղաւորուին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Այս առթիւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Ծխական խորհուրդը կը հրաւիրեն մեր գաղութի բարեպաշտ զաւակները ու յատկապէս բոլոր Յակոբ անուն կրողները՝ ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու Ս. Պատարագին եւ լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը:
Նոյն օրը, յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ «Կոկեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ աւանդական ճաշկերոյթ-տօնախմբութիւն՝ նուիրուած եկեղեցւոյ 68րդ ամեակի անուանակոչութեան: Պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր:
Ձեռնարկին, առ ի գնահատանք եւ երախտագիտութիւն՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Hye Sprit Award»ով պիտի պարգեւատրուի եկեղեցւոյս ժրաջան անդամներէն կիսասարկաւագ՝ Տանիէլ Ագարակեանը:
Սիրով կր հրաւիրուին մեր բարեպաշտ ժողովուրդը:
Յաւելեալ տեղեկ