ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին, եւ որպէս շօշափելի արտայայտութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան նկատմամբ իրենց ունեցած հաւատարմութեան ու գնահատանքին, Պերկամոյէն (Իտալիա) Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան մէկ միլիոն տոլարի դրամագլուխով հիմնադրամ մը հաստատեցին կաթողիկոսարանին մէջ: Սոյն գումարին եկամուտը պիտի յատկացուի Դպրեվանքին, ուր կը պատրաստուին Հայ Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան կոչուած հոգեւորականներ, կրթական մշակներ ու մտաւորականներ:
Վեհափառ հայրապետը ամոլին ուղղած իր գնահատանքի նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Հակառակ այն իրողութեան, որ երկար տարիներէ ի վեր ֆիզիքապէս հեռու կ՛ապրիք Անթիլիասէն, սակայն քաջ գիտենք, որ դուք միշտ Անթիլիասո՛վ ապրեցաք, Անթիլիասը ձեր կեանքին մէջ մնաց միշտ կենդանի ներկայութիւն՝ իր ոգիով ու տեսիլքով, իր հաւատքի առաքելութեամբ ու ազգային ծառայութեամբ: Այս իրողութեան փաստերը Մենք տեսած ենք զանազան առիթներով: Ձեր հաստատած Հիմնադրամը եկաւ նոր փայլք մը տալու մեր Սուրբ Աթոռին նկատմամբ Ձեր ունեցած խոր սիրոյն ու ամուր կապուածութեան: Մեր ժողովուրդի կեանքին այս վճռական հանգրուանին, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կոչուած է նոր մարդոյժի պատրաստութեան ու իր ծառայութեան առաւել հզօրացման, վստահ եղէք որ Ձեր հաստատած հիմնադրամը իր տնտեսական ներդրումով նոր մղում պիտի տայ մեր աշխատանքներուն»:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Հիմնադրամը պիտի ունենայ իր յանձնախումբը հետեւեալ կազմով. Ալեքքօ Պէզիքեան (ատենապետ), Անի Պէզիքեան, Արամ Պէզիքեան, Զարեհ Պէզիքեան, Ատոմ Թնճուկեան, Յակոբ Եափուճեան եւ Ալէն Պալեան: