«Պոսթըն քոնսալթինկ կրուփ» վերլուծական ծառայութեան մէկ ուսումնասիրութեան համաձայն, կուտակած հարստութեան ցուցանիշով Եւրոմիութիւնը առաջ անցած է Միացեալ Նահանգներէն։ Ներկայիս Եւրոմիութեան 27 երկիրներու դրամատուներու մէջ ի պահ դրուած գումարները կը հասնին 32.7 եռիլիոն տոլարի, մինչ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի դրամատուներւոն մէջ միասնաբար, պահ դրուած գումարները կը հասնին 29.2 եռիլիոն տոլար։
Եւրոպայի գերազանցութիւնը պայմանաւորուած է տնտեսական վերջին ճգնաժամով, որմէ աւելի մեծ վնաս կրած է Ամերիկան։ Ուսումնասիրութիւնը կը հերքէ քաղաքական կարգ մը գործիչներու այն պատկերացումները, թէ Եւրոմիութիւնը տկար կառոյց մըն է եւ չունի համաշխարհային գործընթացներու վրայ ազդելու կարելիութիւնը։
Եւրոպա այսօր աւելի ապահով ու միացեալ է, քան պատմութեան որեւէ այլ ժամանակահատուածի մէջ, իսկ տնտեսական ճգնաժամը կարելիութիւն տուած է, որ եւրոպացիները աւելի միասնակամ ըլլան։ Եւրոմիութեան մէջ ձեւաւորուած դրամատիրութեան տարբերակը հաւանութեան արժանացած է ամէնուրեք՝ Ֆինլանտայէն մինչեւ Ֆրանսա, եւ այսօր աւելի ձեռնտու կը նկատուի, քան Միացեալ Նահանգներու մէջ որդեգրուած տարբերակը, մինչ Եւրոմիութեան դրացի երկիրները շարքի կը սպասեն Եւրոմիութեան ընտանիքին մաս կազմելու համար։