ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի հրաւէրով, անցեալ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասնակցելու եկած էին եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Հոգաբարձութեան կազմը, Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղի վարչութիւնը, ՀՄԸՄի տեղւոյն մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները, Ալէք Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնը եւ ուսումնական մարմնի անդամներ:
Հանդիպումը բացաւ «Գրեգին Նժդեհ» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսպէնճեան, որ բացատրեց հանդիպումի նպատակը:
Աւանդական դարձած այս հանդիպումներուն, համայնքէն ներս գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններու ղեկավարները առիթ կ՛ունենան իրար հետ ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ իրազեկ դարռնալու միւս կազմակերպութիւններու տարած աշխատանքներու մասին:
Համայնքի կեանքը աշխուժացնելու եւ իրար սատար կանգնելու ճամբաներ որոնելու կոչուած այս խորհրդակցութեան ընթացքին խօսք առին բոլոր ներկայ կազմակերպութիւններու ներկյացուցիչները:
Ներկաները ողջունեցին Հայ Դատի Յանձնախումբի վերակազմաւորման փաստը եւ յաջողութիւն մաղթեցին երիտասարդ յանձնախումբին, որուն անդամներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են:
Խօսք առաւ նաեւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի նոր տնօրէն Նազօ Աբանեան, որ ներկաները տեղեակ պահեց դպրոցի մասին, հաւաստիացնելով, որ տնօրէնի փոփոխութեան գործընթացը եղած է սահուն եւ արդէն հասած է իր աւարտին:
Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը կոչ ուղղեց ներկաներուն աւելի աշխուժացնելու իրենց աշխատանքները, որպէսզի կարենան հասնիլ համայնքի ծով կարիքներուն: