ԹԻՖԼԻՍ, «Նոյեան Տապան» – «Հայերն Այսօր».- Վրաստանի մշակութային փոխհամագործակցութեան «Կովկասեան տուն» կեդրոնին մէջ Նոյեմբերի 12ին տեղի ունեցած է Կոմիտասի 140ամեայ յոբելեանին նուիրուած երեկոյ, որու կազմակերպիչներն էին «Կովկասեան տունը», Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւ Վրաստանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմը:
Երեկոյթի ընթացքին կոմիտասեան կատարումներով հանդէս եկած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի երգչախումբը, Թիֆլիսի «Պետրոս Ադամեան» հայկական պետական թատրոնի դերասան Սամուէլ Էլբակեան, լարային քառեակը, դաշնակահար Եսայի Աբովեան, ջութակահարներ Գալինա Բանդուրայ եւ Անատոլի Դանիէլեան:
Ձեռնարկի ծիրէն ներս կազմակերպուած է նաեւ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած են վրացի նկարչուհի Նինոյ Պիրցխալաիշուիլլ՝ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսայ լեռան 40 օրը» վէպի նիւթով կատարուած աշխատանքներ: