ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ղարաբաղ-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիի շարք մը հատուածներու վրայ Նոյեմբեր 21–23 արձանագրուած են հրադադարի վարչաձեւի խախտման դէպքեր: Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան, հակառակորդը կրակած է Հորադիզ, Չախրլը, Աշաղը Ապտուռահմանլի, Լեալա-Իլագլի, Շխլար, Բաշ Քարուենդ, Լեւոնարխ, Թալիշ եւ Թափ-Կարակոյունլու ուղղութիւններով տեղակայուած ղարաբաղեան դիրքապահներուն յենակէտերը:
«Յատկանշական է, որ այսքանից յետոյ ատրպէյճանական քարոզչամեքենան իր սովորութեան համաձայն այսօր տեղեկութիւն է տարածել առ այն, թէ իբր հրադադարի խախտման արդիւնքում Թափ-Կարակոյունլու գիւղի մերձակայքում հայ դիրքապահների կողմից խոցուել է ատրպէյճանցի մէկ քաղաքացի: Դա Պաքուի պաշտօնական քարոզչութեան մոգոնած հերթական ապատեղեկատուութիւնն է, որը չի համապատասխանում իրականութեանը», ըսուած է ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: