ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկեան «Ֆորպզ» թերթը հրապարակեց աշխարհի ամենաազդեցիկ մարդոց ցանկը։ Ամենաազդեցիկ մարդոց ցանկին մէջ երրորդ տեղը կը գրաւէ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին, իսկ աղիւսակը կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա:
Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Չինաստանի նախագահ Հու Ճինթաօ։ Ամենաազդեցիկ մարդոց հնգեակին մէջ են նաեւ Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային պահեստի պետ Պէն Պըրնէնքի եւ համացանցային «Կուկըլ» կայքի հիմնադիրներ Սէրկէյ Պրին ու Լէրի Փէյճ։ Ազդեցիկ մարդոց տասնեակը կ՛եզրափակէ «Մայքրոսոֆթ»ի հիմնադիր Պիլ Կէյց։
Ռուսիոյ Տմիթրի Մետվետեւ 43րդ դիրքին վրայ կը գտնուի, ետ մնալով եւրոպական գլխաւոր պետութիւններու գրեթէ բոլոր առաջնորդերէն։
Յատկանշական է, որ աղիւսակին մէջ ընդգրկուած է նաեւ «Քայիտա» ղեկավար Ուսամէ պըն Լատէնը, որ կը գրաւէ 37րդ դիրքը: