ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».- Յառաջիկայ Մայիսին անգլերէն եւ թուրքերէն լեզուներով պիտի հրատարկուի Հասան Սալթուկի վաւերագրական 600 էջնոց գիրքը՝ Թուրքիոյ մէջ 1938 թ. կատարուած «Տերսիմ» գործողութեան մասին, որուն իբրեւ արդիւնք 13 հազար հոգի ջարդուած է եւ 22 հազար տարագրուած:
«Հուրիէթ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ հեղինակը յայտնած է, որ թէեւ ծրագիրը պաշտօնապէս բացատրուած է իբրեւ քիւրտ ապստամբները ճնշելու գործողութիւն, բայց իրականութիւնը այն է, որ Տերսիմը Թունճելիի ալեւիներու բնակավայրն էր, որոնք պարզապէս իրենց ինքնութիւնը փոխած հայեր էին: Ան նաեւ ըսած է, որ բազմաթիւ վկայութիւններ կան այդ գործողութեան՝ պետականօրէն ծրագրուած ըլլալու մասին, եւ աւելին, որ զայն անձամբ ղեկավարած է Աթաթուրքը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ «Էրկենեքոն» գործի քննութիւնը հայերու դէմ նախատեսուած գործողութիւններու ուրիշ նոր հանգամանքներ բացայայտած է։
Քննիչները պարզած են, որ Ֆաթմա Չենկիզ անունով կին մը, որ նախապէս աշխատած է Թուրքիոյ զինեալ ոյժերուն համար, իսկ հիմա «Էրկենեքոնի» գործով կասկածեալի կարգավիճակի մէջ է, մանրամասն տեղեկութիւններ, իսկական թղթածրար կազմած է Թուրքիոյ ազգութեամբ հայ բնակչութեան մասին:
Քննութիւնը պարզած է, որ այդ տեղեկատուութիւնը Չենկիզ փոխանցած է երկրի ոստիկանութեան յատուկ գործողութիւններու ստորաբաժանման պետի նախկին տեղակալ՝ Իբրահիմ Շահինի, որ պարտականութիւն ունեցած է ստեղծելու S-1 եւ S-2 խումբերը՝ մտաւորական առաջնորդները սպաննելու համար:
Թրքական «Զաման» թերթը երէկ հաստատած է մէկ օր առաջ «Թարաֆ»ի կողմէ հրապարակուած լուրը, թէ Չենկիզի հաւաքած նիւթերուն մաս կազմած է
երկլեզու «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթի բաժանորդներուն ցանկը: Ցուցակ մը եւս յայտնաբերուած է, ուր ներառուած են հայկական հիմնադրամներու եւ եկեղեցիներու, անոնց անդամներու անունները, որոնց կողքին գրուած է՝ գործօ՞ն են, թէ՞ ոչ: Կան նաեւ «Ակօսի» ֆինանսական հաշուեկշռին վերաբերող թուղթեր:
«Զաման» թերթի աղբիւրները կը պնդեն, որ Չենկիզ հաւաքած է նաեւ անունները այն գիտնականներուն, գրողներուն ու լրագրողներուն, որոնք 2005 Սեպտեմբեր 24-25ին մասնակցած են Պոլսոյ Պիլկի համալսարանին մէջ կայացած երկօրեայ համաժողովին, որու խորագիրն էր. «Օսմանեան հայերը կայսրութեան անկման ժամանակ. գիտական պատասխանատուութեան եւ ժողովրդավարութեան հարցեր»:
Համաժողովը բացայայտօրէն վիճարկած էր հայերու կոտորածներու մասին Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտը:
Յայտնաբերուած տեղեկատուական տրցակներուն մէջ, որոնք կը պատկանին Ասենա Օզթուրք անունով մէկուն գրչին, եւ վկայութիւններ կան, որ այդ անձը նոյն ինքն Չենկիզն է, քանի մը հանրայայտ անուններ կան, որոնց կողքին արձանագրուած են սեփական «ծանօթագրութիւնները»: Օրինակ՝ Հալիլ Պերկթայի անունին կողքին գրուած է. «փրոֆեսէօր. ան հրապարակաւ ըսած է, որ հայերը կոտորածի ենթարկուած են»: Քազիմ՝ Ակնցի. «թաքնուած հայ, Տինքէն ետք ան դիմած էր դատարան՝ իր կրօնը փոխելու համար»: Հերքիւլ Միլաս. «հայ չէ»: Սեւան Նշանեան. «Թարաֆ» թերթի հեղինակներէն», Էլիֆ Շաֆաք:
ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Զաման» թերթը Ուրբաթ օր հրապարակած է այս լուրին մասին կարծիքներ, որոնց շարքին է «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի տպաւորութիւնը։ Ան ըսած է. «Այս ծրագիրը 6-7 Սեպտեմբերի կամ Ունեւորութեան տուրքի օրէնքի պատահարներն ալ կը գերազանցէ։ Այստեղ երկու նպատակներ կան։ Մէկն այն է, որ կազմակերպուած է փոքրամասնութիւններու դէմ։ Երկրորդ կէտն ալ այն է, որ ուզած են այս արարքները բեռցնել Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վրայ։ Ծրագրին որոշ մասերը, ինչպէս նաեւ հայերէն թերթերու բաժանորդներուն ցանկերը պատրաստելու, սարսափ ստեղծելու, բաժանորդներուն սպառնալիքեր ընելու նման միջոցառումներու մասին մտածելը՝ իրապէս սարսափազդու են։ Հոս հայ մամուլի մասին կը խօսուի։ Միայն «Ակօս»ը չէ, բոլորս ալ ներառուած ենք։ Այս պատահարը հիմա մեզ պէտք է հրաւիրէ անցեալի կարգ մը դէպքերուն մասին ալ մտածելու։ Եթէ այս արարքը իրականանար, անշուշտ որ ասիկա փոքրամասնութիւններու կապակցութեամբ Թուրքիոյ դէմ խօսելու առատ նիւթ պիտի հայթայթէր Սփիւռքին։ Իր երկիրը սիրող ոեւէ անձ այսպիսի պատահարի մը դիմաց անձայն ու անզգամ չի կրնար մնալ»։
«Ակօս»ի աշխատակիցներէն Ռոպէր Գոփթաշ կ՛ըսէ, որ բուն սարսափազդու կէտն այն է, որ ասիկա պատրաստուած է Թուրքիոյ զինեալ ոյժերու շրջանակին մէջ։ Ծրագրին թուականը՝ Մարտ 9, 2009 է, այսինքն աւելի առաջ երեւան հանուած բազմաթիւ «թուղթի կտոր»ներէն աւելի նոր է։ «Արդէն բոլորս ալ գիտենք որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը այսպիսի գործողութեան մը շրջագծով կատարուած էր», կ՛աւելցնէ ան։
Մորիս Պէնճուա, Իզմիրի հրեայ համայնքի նախկին նախագահը, կ՛ըսէ, որ այսպիսի ծրագիր մը կազմակերպելը շատ տգեղ է եւ հարց կու տայ, թէ ոչ-իսլամները ի՞նչ յանցանք ունին։
Տինք ընտանիքի փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինն իր կարգին կը յայտնէ որ կը դժուարանայ ընդունիլ այսպիսի բան մը։ «Այս երկրին մէջ շատ բան տեսանք, բայց եւ այնպէս այս ալ սարսափազդու է: Ո՛ր կողմէն ալ նայիս, ընդունելի չէ», կ՛ըսէ ան։
Տինք ընտանիքի փաստաբան Էրկին Ճինմէն կ՛ըսէ. «Ես չզարմացայ, որովհետեւ այս խումբին նպատակը արդէն այս էր։ Այս փաստաթուղթերը Հրանդ Տինքի դատավարութեան տեսակէտէ շատ կարեւոր են, որովհետեւ երեւան պիտի հանուի Տինքի սպանութեան կապը «Էրկէնէքոն»ի հետ»։
Էթիէն Մահճուպեան եւս կը յայտնէ, թէ ասիկա շատ կը նմանի 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն:
«Իթթիհատական մտայնութեան համաձայն, միշտ ալ ամենէն դիւրին միջոցառումը կ՛ընտրուի, առանց նկատի ունենալու, թէ ո՞վ ի՞նչ վնաս պիտի կրէ։ Ամենէն դիւրինը փոքրամասնութիւններէն սկսիլն է, որովհետեւ դուրսէն ձայն կը բերէ, ներսն ալ քրիստոնեայ-իսլամ բախումը կը ստեղծէ, նաեւ դժուար կացութեան կը մատնէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը», կը յայտնէ ան։