Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 26ին, Երեւան–Լոս Անճելըս հեռուստամարաթոնով, իր աւարտին պիտի հասնի «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի այս տարուան նուիրահաւաքը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի ազատագրեալ Շուշիի վերաշինութեան եւ բարգաւաճումին։
Հայ ժողովուրդի արծուեբոյնին՝ հերոսական Արցախին պարտադրուած ազերիական երկարամեայ լուծին եւ անոր պատճառած աւերումին ու աւարումին աղաղակող վկան է այսօրուան քարուքանդ Շուշին։ Թէեւ աւելի քան 17 տարիէ ի վեր թշնամի լուծէն ազատագրուած է հայոց ազգային–ազատագրական զարթօնքին խորհրդանիշ Շուշին, այսուհանդերձ՝ տակաւին շատ հեռու է անարգ ոսոխին բացած վէրքերը դարմանելու եւ լիարժէք վերականգնելու հանգրուանէն։
Նոյնիսկ ուշացած ենք, ազգովի՛ն, իրողապէս ազատագրուած ու իր անկախ պետականութիւնը հռչակած Արցախին միջնաբերդը՝ Շուշին անառիկ կռուանի իր երբեմնի ռազմավարական դիրքին վերադարձնելու անյետաձգելի գործին մէջ։
Այդ առումով ալ համազգային նշանակութեամբ մարտահրաւէր դարձած է Շուշիի վերաշինութիւնը, որուն նուիրուած է ահա՛ այս տարուան «Թելեթոն»ը։
Իբրեւ այդպիսին՝ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամ»ի այս տարուան նուիրահաւաքը կրկնակի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համայն հայութեան համար։
Մարտահրաւէրը աւելիով կը շեշտուի յատկապէս այս օրերուն, երբ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները ինկած են Թուրքիոյ ի նպաստ սադրուած մոլորանքի թակարդին մէջ՝ Հայաստան–Թուրքիա պետական յարաբերութեանց բնականոնացման համար հայ ժողովուրդի ու հայոց պետականութեան հիմնական շահերէն եւ իրաւունքներէն զիջում կատարելու ճնշումին տակ յայտնուելով։
Սփիւռքի տարածքին այսօր ամէն ժամանակէ աւելի կը շեշտուի հրամայականը «Թելեթոն 2009»ի նուիրահաւաքին, իւրաքանչիւր հայու անվարան եւ խանդավառ մասնակցութեան, որպէսզի ոչ մէկ իշխանութեան հետ չնոյնացուին հայոց պետականութեան ամրապնդման սատարելու մեր իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը։
Նոյնինքն Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները իրենց ընտրած ազգավնաս վարքագիծէն դարձի բերելու ուղղութեամբ՝ վճռական նշանակութիւն ունի Շուշիի վերականգնումին աջակցելու հաւաքական մեր զօրաշարժը։ Հայ ազգային կուսակցութիւնները հաստատակամ եւ միասնական կանգնած են այս ուղիին վրայ ու համապատասխան կեցուածքի ու լիարժէք մասնակցութեան կոչ ուղղած են բոլորիս։ Յատկապէս Դաշնակցութիւնը, Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, կազմակերպական իր ողջ ներուժը շարժման մէջ դրած է, որպէսզի Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը նուազագոյն կորուստով դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան նախագահին ընտրած կործանարար ուղիէն։
Որքան խուռներամ եւ միասնական շարքերով մասնակցինք Շուշիի վերաշինութեան նուիրուած «Թելեթոն»ին, այնքան կը հզօրանան ներքին կռուանները Հայ Դատի պահանջատիրութեան՝ համազգային մեր իրաւունքներուն եւ շահերուն մայր հունէն քալելու պարտաւորութեան տակ դնելով հայոց միակ պետական տան այսօրուան վարիչները։
(Պատշաճեցուած՝
«Ասպարէզ»ի կողմէ)