ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Արձագանգելով իր մօտալուտ պաշտօնանկութեան մասին տարածուած լուրերուն՝ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Գէորգ Պետրոսեան՝ Նոյեմբեր 18ին հանդիպելով լրագրողներուն հետ յայտնած է, թէ առողջական պատճառով ներկայացուցած է իր հրաժարականին դիմումը:
Յիշեցնենք, որ Գ. Պետրոսեան այդ պաշտօնին վրայ նշանակուած է իբրեւ արդիւնք ԲՀԿ քուէարկութեան։ Ըստ ԲՀԿ անդամ Նաիրա Զոհրաբեանի, կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի առաջարկով՝ նախարարի պաշտօնին հաւանական է որ առաջադրուի ԱԺ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ ԲՀԿ անդամ Մխիթար Մնացականեանը։