ԵՐԵՒԱՆ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջերս Պաքուի մէջ յայտարարած էր, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն ընթացքին կը քննարկուի Ատրպէյճանին տարածքներ վերադարձնելու հարցը: Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ, պատասխանելով Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու կողմէ այս կապակցութեամբ ուղղուած հարցումի մը, յայտարարեց. «Ես չգիտեմ, թէ ում հետ է Ադրբեջանը քննարկել այդ հարցը, բայց ներկայումս ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման օրակարգում միայն մէկ հարց կայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը»:
Նախարար Նալբանդեան նաեւ աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճան երկար ժամանակ ընդհանրապէս չէր համաձայներ բանակցութիւններ վարել Մատրիտեան սկզբունքներով ու չէր ընդուներ այդ փաստաթուղթի գոյութիւնը, եւ միայն վերջերս է, որ Պաքու համաձայնած է այդ սկզբունքներու շուրջ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստիլ: Պատասխանելով այն հարցին, թէ ե՛րբ Լեռնային Ղարաբաղը անմիջականօրէն պիտի մասնակցի բանակցային գործընթացին, Նալբանդեան հաւաստած է որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ իւրաքանչիւր հանդիպումին՝ այդ հարցը արծարծուած է:
«Մենք ոչ միայն համանախագահների առջեւ ենք բարձրացնում այդ հարցը, այլեւ հրապարակային յայտարարում ենք, թէ առանց ԼՂՀ համաձայնութեան՝ հակամարտութեան լուծման որեւէ տարբերակ ընդունելի չի լինելու», ընդգծած է նախարարը:
Ղարաբաղի բանակցութիւններու Թուրքիոյ մասնակցութեան վերաբերեալ դաշնակցական պատգամաւոր Հրայր Կարապետեանի կողմէ ուղղուած հարցումին պատասխանելով, Նալբանդեան յայտնած է, որ «Թուրքիայի յաւակնութիւնները դառնալ ՄԽ համանախագահ, բացառուած է, որովհետեւ դրան առ նուազն պէտք է Ղարաբաղը եւ Հայաստանը համաձայնութիւն տան: Անգամ եռանախագահները բազմիցս յայտարարել են, որ այդ մասին չի կարող խօսք գնալ»:
Նալբանդեան նաեւ հաստատած է այն լուրը, ըստ որուն այս շաբաթավերջին Միւնիխի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը ղարաբաղեան հարցով: Իսկ Դեկտեմբերի սկիզբը Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումը: