ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».-Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 18ին, արտաքին գործոց նախարարութեան 2010 տարեշրջանի ամավարկը խորհրդարանին ներկայացնելու ընթացքին անդրադարձած է շարք մը հարցերու, որոնցմէ մէկն է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բարելաւումը:
«Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւումը պիտի իրականանայ եւ տեւական ըլլայ միայն ու միայն հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններու կարգաւորմով», յստակացուցած է ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացը արդէն իսկ դրական ազդեցութիւն ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնելու գործընթացին վրայ:
«Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները վերջին 6-7 ամիսներուն ընթացքին արդէն 7 անգամ հանդիպած են ու դեռ պիտի հանդիպին: Յոյսով ենք, որ այս ճամբով մենք պիտի դառնանք Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատող առաջամարտիկը», աւելցուցած է ան:
Տաւութօղլուն նաեւ նշած է, որ Անգարայի վերջնական նպատակն է հասնիլ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման, յարգանք դրսեւորել իրարու սահմաններու նկատմամբ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու վրայ խարսխուած քաղաքականութիւն իրականացնել: Ան կարեւոր համարած է յատկապէս հայ եւ թուրք հասարակութիւններու միջեւ հաստատուող նոր կապերը եւ «պատմական յանձնաժողով» մը հաստատելու նպատակով տարուած աշխատանքը:
Հարց ու պատասխանի ընթացքին, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Շիւքրիւ Էլէքտաղ ըսած է, որ ղարաբաղեան հարցի լուծումը «հեռաւոր ապագայի գործ է», ուրեմն Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները վաւերացնելու համար խորհրդարան ուղարկելը, ըստ իրեն, շատ արագօրէն կատարուած է։
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պատգամաւոր Միւնիր Քութլաթան իր կարգին յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները սկիզբը կ՛ըսէին, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պիտի չբացուի մինչեւ Ղարաբաղի հարցը չլուծուի, սակայն վերջերս բազմաթիւ անգամ հնչած այդ արտայայտութիւնը վերափոխուած է ու հիմա կը գործածուի հետեւեալ բացատրութիւնը՝ «Առանց Ատրպէյճանի համաձայնութեան, սահմանը պիտի չբացուի»։