ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 17ին, Մոսկուայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին՝ Ռուսաստանի դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Նեստերենկոն յայտարարած Է, որ Ռուսիան հնարաւոր ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի արդիւնքի հասնի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ:
«Մենք մեր կողմէ կը մասնակցինք բանակցային գործընթացին եւ հնարաւոր ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի բոլորին բաւարարող արդիւնքներու հասնինք», ըսած է Նեստերենկոն, ըստ որուն՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը զգայուն Է, ունի բազմաթիւ ծալքեր, ինչպէս նաեւ կը զուգորդուի այն իրադարձութիւններու մասին յիշողութեամբ, որոնք տեղի ունեցած են անցեալ տարիներուն:
«Մենք մեզմէ կախուած ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի օգնենք ղարաբաղեան հիմնախնդրին անմիջականօրէն առնչուող կողմերուն», աւելցուցած է ՌԴ ԱԳ նախարարութեան ներկայացուցիչը: