ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Սովետական օրերուն Հայաստան այցելողը, պիտի լսէր անպատճառ, թէեւ ո՛չ անպայման խորովածի սեղանին շուրջ, թէ Հայաստան ունի մօտ 120,000 մտաւորականներ, իր երեքուկէս միլիոն բնակչութեամբ, իսկ Վրաստան՝ 80,000 մտաւորական, իր հինգ միլիոն բնակչութեամբ: Այս թիւերը անշուշտ կը տարբերէին զանազան պարագաներու տակ, մնալով միշտ նոյն սահամաններուն մօտերը: Լսող այցելուն հայրենասիրական հպարտութեամբ մը պիտի խանդավառուէր:
Հարց է, թերեւս ոչ կարեւոր, շատերու համար, թէ ովքե՛ր են այդ մտաւորականները։ Բոլորը գիտեն որ անոնք ակադեմիկոսներն են, ինչպէս նաեւ գիտնականներ, համալսարանի դասախօսներ, գիտաշխատողներ, գրողներ, երաժիշտներ, քանդակագործներ եւ անծանօթ ուրիշներ: Թէ ինչպէ՞ս հաշուած եւ հասած էին այդ թիւին՝ ատիկա արդէն սովետական գաղտնիք էր: Ժողովուրդը կը ճանչնար եւ կը սիրէր իր արժէքաւոր մտաւորականները եւ հպարտ էր անոնցմով:
Անոնցմէ շատերը կը ստեղծագործէին լուրջ եւ մնայուն արժէք ներկայացնող կարեւոր աշխատութիւններ: Ստեղծուած էր մտաւորականներու նոր եւ առանձնաշնորհեալ դասակարգ մը: Այս երեւոյթը յատուկ չէր միայն Հայաստանի. սովետական միւս կարեւոր հանրապետութիւններն ալ ունէին իրենց մշակուած մտաւորական դասակարգերը: Իշխանութիւնները շատ հոգածու էին եւ հոգ կը տանէին մտաւորականներուն, որովհետեւ անոնց միջոցով էր որ անոնք կարող էին ժողովուրդին մտքին եւ հոգեբանութեան վրայ ազդել ու ներմուծել իրենց գաղափարաբանութիւնը, քիչ մը նման արեւմտեան աշխարհի լրագրական միջավայրին (news media) :
Հայաստանի մտաւորականութեան բնոյթը, իր ակադեմիայով, ընդօրինակութիւնն էր ռուսական տիպարին (model): Ռուսական մտաւորականութեան մէջ գրողներն էին ամենէն կարեւոր դերը խաղացողները։ Լենին ըսած էր 1905ին. «Ընկերվար պրոլետարիատը պէտք է առաջ տանի (promote) կուսակցական գրականութեան սկզբունքը»: Ստալինի իշխանութեան առաջին օրերէն գրողները ունեցան առանձնաշնորհեալ դիրք մը համայնավար կուսակցութեան մէջ: 1934ին հիմնուեցաւ հեղինակաւոր «Սովետական գրողներու միութիւն»ը: Միութեան գրասենեակի հասցէն՝ 52 Վորովսքի փողոց, Մոսկուայի մէջ շատ ծանօթ շէնք մը դարձաւ նաեւ շէնքին առջեւ կանգ առած օրուան ամէնէն շքեղ ինքնաշարժներով: Սովետ Միութեան Կեդրոնական կոմիտէն 1957ին գոհունակութեամբ կը յայտարարէր. «Մեր ստեղծագործ Գրողներու Միութիւնը ինչպէս նաեւ միւս արուեստագէտներու միութիւնները հասած են գաղափարական եւ քաղաքական հասունութեան այն բարձր մակարդակին որ կարող կը դարձնէ իրենց գտնել կուսակցութեան սկզբունքային լուծումը ամենէն խրթին գաղափարական եւ քաղաքական խնդիրներուն»: Այս հաստատումը կը զօրացնէր ժողովրդական պարզեցուած ասոյթով արտայայտուած այն միտքը, ըստ որում. «Սովետ Միութիւնը կը պաշտպանուի արտաքնապէս իր զինուորական ոյժով եւ իր լրտեսական ցանցով, իսկ ներքնապէս իր մտաւորականներով եւ չեկայով»:
Մտաւորականները լայնօրէն կը վարձատրուէին իրենց մատուցած ծառայութիւններուն համար: Ամերիկացի ռուսագէտ Ճոն Կարարտ (John Garrard) կ՛ըսէր. «Եթէ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ըսես որ գրող ես, պիտի ըսեն՝ օհ ինչ լաւ, բայց պիտի չտպաւորուին: Ռուսիոյ մէջ բոլորովին տարբեր է. գրող ըլլալը մեծ հեղինակութիւն եւ պատիւ կը նշանակէ, ազնուականութեան մաս կազմելու նման հանգամանք մը»: Սովետ իշխանութիւնները Գրողներու միութեան շնորհած էին նոյնիսկ իրաւունքը՝ որոշելու իրենց անդամներուն աշխատավարձքը եւ հանգստեան թոշակը, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին նման:
Հայաստանի մտաւորականները եւ արուեստագէտները բախտաւոր էին որովհետեւ կար Հայ Սփիւռքը: Անոնցմէ ընտրեալներուն կը շնորհուէր այցելել արտասահմանի հայ գաղութները առանձինն կամ խմբովին: Ուր որ երթային, անոնք մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէին իրենց դասախօսութիւններով եւ գեղարուեստական ելոյթներով։ Սփիւռքի հայը մեծ կարիք ունէր անոց բերած հայաստանեան շունչին եւ մեծապէս կը գնահատէր ու ջերմօրէն կը հիւրասիրէր հիւրերը: Վերջիններս կը ջատագովէին Հայաստանը եւ անոր նուաճումները, որոշ չափազանցութիւններով: Գաղութահայութեան այն հատուածը, որ ինքզինք յառաջադէմ եւ հայրենասէր կ՛անուանէր, իրեն կը վերապահէր անոնց ամբողջ ընդունելութիւնը եւ ոչ-հրապարակային ելոյթները: Այս ձեւով այցելուները, անուղղակիօրէն եւ թերեւս առանց ուզելու, առաւել եւս կը շեշտէին գաղութներուն մէջ գոյութիւն ունեցող հատուածական բաժանումները: Այս ճամբորդութիւնները կազմակերպող եւ հովանաւորող մարմինը Հայաստանի մէջ՝ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն էր, որ մաս կը կազմէր սովետական քարոզչութեան հսկայ մեքենային:
Սովետական կարգերու փլուզումէն ետք ամէն ինչ փոխուեցաւ: Մտաւորականները նմանեցան ռազմադաշտի վրայ լքուած զինուորներու, առանց հրամանատարի: Իննսունական թուականները իրենց համար եղան գոյատեւման պայքարի դժուար շրջան մը, որ տեւեց տասնեակ մը տարիներ: Հիմա արդէն վերապրողներու համար ամէն ինչ սկսած է դառնալ քիչ մը աւելի բնականոն: Մտաւորականներու փայլն ու հմայքը սակայն մեծապէս պակսած են, ինչպէս նաեւ իրենց ստեղագործութան քանակն ու որակը: Անոնք այլեւս ժողովուրդին համակրանքին եւ ուշադրութեան չեն արժանանար ինչպէս անցեալին: Այդ դիրքը այսօր դժբախտաբար գրաւած է կառավարութեան կողմէ վերահսկուած եւ անորակ հեռուստատեսութիւնը:
Ակադեմական աշխարհը, մէջը ըլլալով անշուշտ լման ակադեմիան, համալսարանը, գիտնականները, գիտաշխատողները, գրողները եւ նման մտաւորականները, կարծէք շատ ուշադրութիւն չի դարձներ իր կորսնցուցած հեղինակութիւնը վերագտնելու Ճիգերուն: Փոխանակ քննելու եւ վերլուծելու ժողովուրդը յուզող անմիջական ընկերային, տնտեսական, քաղաքական հարցերը, ուղղութիւն տալու համար անոր մտածելակերպին եւ մեղմացնելու անոր առօրեայ հոգերը, մտաւորականները կարծէք զբաղած են իրենց անձնական եւ սովորական հարցերով, որոնք յաճախ կը կայանան պաշտօնակիցի մը գործը կամ խօսքը քննադատելու մէջ: Այդ քննադատութիւնները երբեմն այնքան առաջ կ՛երթան, որ կը դառնան անձնական վարկաբեկումներ եւ ցեխարձակումներ: Կը յարձակին նաեւ արտասահմանի հայ եւ ոչ-հայ գիտնականներու վրայ, զանոնք կոչելով ոչ հմուտ կամ հակահայ: Մեր մտաւորականները նաեւ միշտ պայքարի մէջ են աթոռներու եւ պաշտօններու տիրանալու համար, քուէարկութեան ընթացակարգով կամ առանց անոր։ Նոյնիսկ երբեմն նամակներ ալ կը գրեն նախագահ Սերժ Սարգիսեանին որ մաս կազմէ իրենց ընտրապայքարին կամ միջամտէ եւ լուծէ իրենց ներքին հարցերը: Նմանօրինակ պայքարներ միշտ գոյութիւն ունեցած են նաեւ սովետական օրով, բայց անոնք ընդհանրապէս եղած են ծածուկ, եւ ժողովուրդը անտեղեակ մնացած է անոնց: Այսօր անոնք ծածուկ չեն, եւ յաճախ զուարճալի:
Հայ-թրքական համաձայնագրի փրոթոքոլները երբ հրապարակուեցան, քիչ մը ամէն մարդ յանկարծակիի եկաւ եւ շփոթեցաւ: Իշխանութիւնները այդ արձանագրութիւնները ցոյց տալ ուզեցին որպէս լաւ եւ նպաստաւոր բան մը Հայաստանի եւ հայութեան համար: Աւելի առաջ երթալով, նոյնիսկ ուզեցին զայն ներկայացնել, իրենց ծանօթ սինիզմով, որպէս պատմական յաղթանակ: Միւս կողմէ ընդդիմութիւնը եւ մանաւանդ սփիւռքի հայութիւնը իր ամբողջութեամբ կը տեսնէ անոր մէջ լման անձնատրութիւն եւ նոյնիսկ դաւաճանութիւն: Ի՛նչ մտածէ ժողովուրդը, եւ որո՛ւն հաւատայ: Արեւմուտքի մէջ լրատուամիջոցները (media) նման կենսական փաստաթուղթ մը իր ամբողջութեանը մէջ իրենց ձեռնհաս լրագրողներով եւ մասնագէտներով պիտի վերլուծէին եւ հանրութեան ներկայացնէին զայն իր բոլոր երեսներով : Այս պատճառաւ հաւանաբար ոմանք mediaն կ՛անուանեն որպէս պետութիան չորրորդ թեւը: Հայաստանի մէջ կարելի չէ երեւակայել որ լրագրութիւնը, իր խղճալի վիճակով, եւ կամ հեռուստատեսութինը կարող են նման փորձեր ընել: Ժողովուրդին փարոսը՝ մտաւորականութիւնը, որ սովետական օրով լոյս կ՛արձակէր, հոգ չէ թէ գունաւոր, այսօր մարած է: Մեր մտաւորականները, քաղաքագէտներով, պատմաբաններով, ընկերաբաններով, պէտք չկայ յիշելու միւսները, մունջ կեցած են, փոխանակ վերլուծելու եւ քննական ու պարկեշտ մօտեցումով պարզաբանելու ժողովուրդին թէ ի՛նչ կը նշանակեն այս արձանագրութիւնները եւ ի՛նչ են իրենց տեսակէտները: Այս երեւոյթը մեծապէս զարմացուցած է շատերը եւ մտահոգած. հարց կու տան իրենք իրենց թէ արդեօք անոնք անկարո՞ղ են իսկապէս այդպիսի հարցեր քննելու, թէ ունին ուրիշ լուրջ պատճառներ որոնք բարձր առաջնահերթութիւն կը ներկայացնեն: Պատասխանը հաւանաբար ըլլայ՝ երկուքն ալ: Հետեւեալ լուրը կը քաղենք Հայաստանի լրատուամիջոցներէն.
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) դահլիճի մէջ, Սեպտեմբեր 23, 2009 թուականին, տեղի ունեցած է նախագահութեան ընդհանուր ժողով մը, ուր ներկայ եղած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: ԳԱԱ-ի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանի բացման խօսքէն ետք լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները սրահէն դուրս են հրաւիրուած նախագահին կողմէ. «Լրատուամիջոցները սրահից դուրս են գալիս, աւարտից յետոյ կարող են մօտենալ»: Ժողովի յատուկ օրակարգը եղած է միայն հայ-թրքական արձանագրութիւններու քննարկումը: Փակ դուռներու ետեւը գիտական բարձրագոյն հաստատութիւնը քննարկած է երկրին արտաքին քաղաքական կարեւորագոյն խնդիրը հայ-թրքական համաձայնագիրը:
Արտաքին նախարարը խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, երկրի անվտանգութեան, նախապայմաններու մասին: Երկու ներկաներ միայն, որոնցմէ մէկը՝ Պատմութեան Ինստիտուտի տնօրէնը, խօսած են արձանագրութիւններուն պարունակած վտանգներու մասին: Արտաքին նախարարը ուզած է ցրուել կասկածները սա հզօր փաստարկով, որ փաստաթուղթը «կարող էր աւելի վատը լինել»…: Ժողովի աւարտին, ԳԱԱի նախագահը յայտարարած է՝ «Որոշուեց հաւանութիւն տալ արձանագրութիւններուն, յուսալով սակայն որ երկրի ղեկավարութիւնը նկատի ունենայ այն մտահոգութիւնները որ արտայայտուեցին»։ Արտաքին նախարարը անմիջապէս հեռացած է, մերժելով հարցազրոյց տալ լրագրողներուն: Ժողովականներէն մէկը ըսած է՝ «Ճիշդ այնպէս, ինչպէս տասնամեակներ առաջ Կոմունիստական կուսակցութեան ժողովներում, կասկածամիտ նայում ենք միմիանց աչքերին ու ոչ թէ մտածելով՝ միաձայն այո ասում»: