ԼՈՆՏՈՆ.- Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի յայտարարած է, որ Նոյեմբեր 19ին սկսելիք Եւրոպական Միութեան գերաստիճանի ընթացքին Իտալիա Եւրոմիութեան պիտի առաջարկէ եւրոպական միասնական նոր բանակ մը ստեղծել։
Ֆրաթինի ըսած է, որ Լիզպոնի պայմանագիրը, որ ի զօրու պիտի դառնայ Դեկտեմբեր 1ին, այդ առաջարկը իրականանալի կը դարձնէ։ Ըստ անոր, նման ռազմավարական միաւորումներ արդէն նախապէս եղած են, երբ ստորագրուեցաւ Եւրոպական միութեան մէջ առանց մուտքի արտօնագրերու վարչակարգի «Շենկէն»ի համաձայնագիրը, ինչպէս նաեւ միասնական դրամանիշի՝ եուրոյի որդեգրումը։
Այժմ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը կ՛առաջարկէ նոյն սկզբունքը կիրարկել եւրոպական պաշտպանական միասնական համակարգ մը ստեղծելու համար։
Եւրոպական միութեան գերաստիճանին ընթացքին պիտի ընտրուին Եւրոպական միութեան առաջին նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը։
Ըստ Ֆրաթինիի, եթէ եւրոպական երկիրները միասնական պաշտպանական քաղաքականութիւն չվարեն, ապա Եւրոպայի շահերը կրնան անտեսուիլ: Եթէ Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը ստեղծեն խաղաղական ովկէանոսեան օղակ մը, ապա Ատլանտեան դաշինքը կրնայ մոռցուիլ, ընդգծած է ան եւ աւելցուցած՝ թէ եւրոպական միասնական բանակի ստեղծումը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ Աֆղանիստանի նման տագնապներու համար: Ըստ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ներկայիս իւրաքանչիւր եւրոպական երկիրի հետ անջատաբար կը քննէ Աֆղանիստանի մէջ յաւելեալ ուժերու հարցը, իսկ եթէ եւրոպական բանակ մը ըլլար, ապա այդ հարցերը կը լուծուէին շատ աւելի արագ ու արդիւնաւէտ կերպով։
Նշենք, որ Փետրուարին Եւրոմիութիւնը ՆԱԹՕէն ու Միացեալ Նահանգներէն անկախ արագ հակադարձութեան ուժեր ստեղծելու որոշում որդեգրած էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.