ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Չորեքշաբթի օրուան Փարիզ այցելութենէն ետք յայտնեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու Սուրիոյ հետ բանակցութիւններու սկսիլ։ Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ խորհրդակցութիւններէն ետք, պաշտօնատարը յայտնեց, որ «Սարքոզի Սուրիոյ հետ բանակցութիւններու հարցը արծարծեց։ Վարչապետը ըսաւ, թէ ինք պատրաստ է Սուրիոյ նախագահին հետ որեւէ ատեն, որեւէ տեղ հանդիպելու, առանց նախապայմաններու հիմամբ բանակցութիւններ յառաջ մղելու համար»։
Նախապէս, Սուրիոյ նախագահը Դամասկոսի մէջ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը խաղաղութեան հաստատման առնչուող նախապայմաններ չի դներ, սակայն իր իրաւունքներէն ոչ մէկ զիջում պիտի կատարէ։