Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարան այցելեց Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան եւ ընդունուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։ Անոր կ՛ընկերանային «Հայաստան» հիմնադրամի Լոս Անճելըսի խորհուրդի ատենապետ Արա Ակիշեան եւ պատասխանատուներէն Սարգիս Քոթանճեան։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին, հիւրընկալման մասնակցեցան Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վահէ Եագուպեան, Ազգային վարչութեան անդամներէն Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ Խաչիկ Երէցեան, ինչպէս նաեւ Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամներէն Մակի Սարգունի։
Արկադի Ղուկասեան Լոս Անճելըս ժամանած է, մասնակցութիւն բերելու թելեթոնի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ան փոխ-նախագահն է հիմնադրամի Կեդրոնական հոգաբարձու մարմինին։ Ծանօթ է, որ թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբերին, Գոհաբանութեան տօնին օրը։
Առաջնորդը ողջունեց յարգելի հիւրը, որ առաջին անգամ ըլլալով առաջնորդարան կ՛այցելէր շէնքի վերակառուցման ծրագիրին ամբողջացումէն ետք։ Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան թելեթոնը յաջողութեամբ պսակելու եւ հայրենի Շուշիին նեցուկ կանգնելու միջոցներուն վրայ։ Ընդգծուեցաւ որ Շուշին, սոսկական քաղաք մը ըլլալէ անդին՝ զգեցած է խորհրդանշական հանգամանք, եւ մեր ժողովուրդը վստահաբար իր աջակցութիւնը պիտի տրամադրէ անոր վերականգնումի ու բարգաւաճման գործին։ Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ թեմը զօրավիգ է «Հայաստան» հիմնադրամի այս ու նմանօրինակ նախաձեռնութիւններուն եւ մեր եկեղեցիներն ու ազգային վարժարանները պիտի ընդառաջեն հանգանակային արշաւին։
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը յարգելի հիւրին յանձնեց առաջնորդարանը խորհրդանշող յուշանուէր մը։