ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Թորոնթոյէն վերջերս Երեւան ժամանած ընկերս՝ Ստեփանը, շուրջ տարի մը առաջ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ կառուցուող շէնքերէն յարկաբաժին մը գնած էր: Հիմա եկած էր տեսնելու թէ ո՞ւր հասած էր շինարարութիւնը եւ ե՞րբ պիտի կարենար կահաւորել իր նոր տունը: Միասին գացինք շինարարին գրասենեակը անհրաժեշտ տեղեկութիւները ստանալու համար: Շինարարը բացատրեց, որ բնակարանը պատրաստ պիտի ըլլայ քանի մը ամիսէն. «Մարտին որ գաք, ամէն ինչ պատրաստ կը լինի, կարող էք արդէն զբաղուել բնակարանի կահաւորումով»:
Ստեփան հետաքրքուած էր նաեւ բնակարանի ներքին յարդարումով, օգտագործուելիք ապրանքերու տեսակով ու որակով:
«Հայաստանի շուկայում շինարարական նիւթերը ընդհանրապէս գալիս են Իրանից եւ Թուրքիայից», բացատրեց շինարարը:
«Խնդրեմ, տանս մէջ թրքական ապրանք մի դնէք, ինչպէ՞ս կարելի է թրքական ապրանք օգտագործել», վրդոված պատասխանեց թորոնթոհայ ընկերս:
«Լաւ, հիմա ի՛նչ անենք, որ սաղ Հայաստանը թրքական ապրանք է լցուած: Գներն էլ աւելի յարմար են, որակն էլ վատը չի» փորձեց չքմեղանալ շինարարը:
Ստեփան համոզուողը չէր, վիճիլն ալ իմաստ չունէր: Շինարարին մօտէն դուրս եկաւ խառն զգացումներով: Ուրախ էր, որ Մարտին արդէն պիտի ունենար իր սեփական տունը հայրենիքի մէջ, բայց չէր կրնար պատկերացնել, որ բնակարանին մէջ օգտագործուող նիւթերը թրքական պիտի ըլլային: «Այդպէս բան կ՛ըլլա՞յ, ըսէ՛ հիմա: Աշխարհի մէջ թրքական ապրանքէն զատ ուրիշը չկա՞յ: Եթէ արդէն ամէն բան Թուրքիայէն կը բերեն, սահմանը բանալու ի՞նչ կարիք կայ», անդադար հարց կու տար ան, զիս ալ մեղադրելով, որ իրեն չափ բարկացած չեմ եւ Հռոմի մէջ ապրելով հռոմայեցի եղած եմ:
Ընկերոջս տրամադրութիւնը փոխելու համար որոշեցի գիշերը Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպի բեմականացման հրաւիրել զինք: Երեկոյեան Սունդուկեանի անուան թատերասրահի լաւագոյն նստարանները գրաւեցինք եւ մեծ հետաքրքութեամբ հետեւեցանք թատրերգութեան: Իմ համեստ կարծիքով, շատ թոյլ, խեղճուկրակ ներկայացում մըն էր պատրաստուածը, արուեստի առումով անարդարութիւն մը՝ Վերֆէլի հզօր վէպին հանդէպ: Ստեփան, սակայն, որ իր նոր գնած բնակարանը Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած ըլլալու հոգեկան տագնապը կ՛ապրէր, ամբողջութեամբ ա՛յլ աչքերով կը դիտէր թատրոնը: Ամէն անգամ, որ բեմին վրայ թրքական վայրագութիւնները ներկայացնող արարք մը տեսնէր, ականջիս կը փսփսար. «Տեսա՞ր, տեսա՞ր շունշանորդիները: Դեռ զիս մի՛ համոզէք որ թրքական ապրանք լեցնեն տունս: Չ՛ըլլար եղբա՛յր, չ՛ըլլար»:
«Բայց, Ստեփա՛ն, այս խեղճ բեմականացումը Մուսա լերան հանդէպ, Ֆրանց Վերֆէլի վէպին հանդէպ գործուած անարդարութիւն է», կ՛ըսէի ես:
«Ի՞նչ անարդարութիւն: Անարդարութիւնը՝ իմ տունս թրքական ապրանքով շինե՛լն է: Մէյ մը թող գան այս թատրոնը տեսնեն եւ հասկնան անարդարութիւնը ո՞ւր է: Չի բաւեր թուրքերուն դէմ կռուեցանք, հիմա ալ հայ շինարարներուն դէ՞մ պիտի կռուինք», բարկացած կը պատասխանէր ան, անգիտակցաբար զուգահեռ մը գծելով Մուսա լերան հերոսամարտին եւ թրքական ապրանքներու դէմ իր պայքարին միջեւ:
Քանի մը ամիսէն Ստեփան դարձեալ Հայաստան պիտի գայ՝ իր նոր տունը կահաւորելու: Չեմ գիտեր ի՞նչ շինանիւթ օգտագործուած պիտի ըլլայ իր տան մէջ՝ պարսկակա՞ն, թրքակա՞ն, թէ՞ չինական: Կարեւորը այն է, որ Ստեփանը հայրենիքի մէջ տուն ունի, հայրենիքի մէջ պիտի ապրի եւ պիտի կարենայ իր տարակարծութիւնը բարձրաձայն արտայայտել:
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
երբ երեւանի սրժարանի մը մէջ թրքական երաժշտութիւն լսելով 8 տարեկան տղաս ապշեցաւ