Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2009ը յիշատակն էր Ամենայն սրբոց։ Կիրակի, 1 Նոյեմբերին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Ս. սեղանին սպասարկեցին Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էր նաեւ Եփրեմ արք. Թապագեան։
Հաւատացեալներու բազմութիւնը երկիւղածութեամբ կ՚ունկնդրէր ու կը մասնակցէր պատարագի երգեցողութեան, որ կը կատարուէր եկեղեցւոյ սարկաւագաց ու դպրաց դասերուն, ինչպէս նաեւ Կիրակնօրեայ վարժարանի պատանիներուն կողմէ։ Պահը հոգեթով էր ու մթնոլորտը՝ աղօթաբոյր։ Երկիւղած խոնարհումով մարդիկ թափօրի խաչը կը համբուրէին, ծնողները իրենց զաւակները կ՛առաջնորդէին պատարագիչ սրբազան հօր ձեռքի խաչը համբուրելու։
Քարոզի պահուն, առաջնորդը նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ 46 տարիներ շարունակ պահպանեց ու աճեցուց Հովիտի հայ համայնքն ու Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին։ Ան նշեց, թէ քանի որ սուրբերը նաեւ նահատակներ եղած են, «արդ՝ այսօր Էնսինոյի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն է», ուստի սրբազանը հրաւիրեց ներկաները, իբրեւ մէկ հօր որդիներ, իրենց հաւատքի ուխտը վերանորոգելու եւ հոգեւորապէս առաւել եւս ծաղկեցնելու այս եկեղեցին ու գաղութը։ Անդրադառնալով Ամենայն սրբոց տօնին, ան բացատրեց, թէ սուրբերը Քրիստոսի համար նահատակուած հաւատքի ախոյեաններ են, իրենց արիւնով վկայած եւ իրենց կեանքերը նուիրաբերած են՝ պաշտպանելու Քրիստոսի անունը։ Անոնք Աստուծոյ պատուիրանները իրենց կեանքին մէջ գործադրելով դարձան եղբայրները Քրիստոսի, որ ըսաւ. «Մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» (Ղկ 8.21)։
«Անոնք հաւատքը մեզի կտակ ձգեցին, հոգեւոր հարստութիւն մեզի ձգեցին։ Ուստի՝ տէրը մնանք այդ հոգեւոր ժառանգութեան, քալենք այն ճամբէն՝ որ իրենցը եղաւ, եւ Աստուծորդւոյն պատուիրաններուն հաւատարմութեան մէջ ապրինք, ու անոնց մեզի թողած աւանդը մեր մէջ միշտ վառ պահենք», պատգամեց առաջնորդ հայրը։ «Այսօր, այո՛, մենք բոլորս կը գտնուինք նիւթական տագնապներու դիմաց, բազմապիսի դժուարութիւններ ու փորձութիւններ կը կրենք, սակայն անոնք պէտք չէ շփոթի մատնեն մեզ ու պէտք չէ մեզ տկարացնեն մեր հաւատքին մէջ, այլ մեր հայեացքը պէտք է միշտ ուղղենք Քրիստոսի, անշեղ մնանք մեր հաւատքին ու համոզումներուն մէջ, որոնք մեզի կտակուած են մեր հայրերէն, որպէսզի կարենանք բարիով յաղթել չարին ու մեր հաւատքով դուրս գանք այդ տագնապներէն։ Յաղթանակը պիտի շահի ան՝ որ կը համբերէ ամէն տեսակ փորձութեանց», եզրակացուց սրբազանը։
Պատարագի աւարտին, առաջնորդին գլխաւորութեամբ, թափօրը առաջնորդուեցաւ «Աւետիսեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած էր մատաղը։ Կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։ Սրբազան հայրը օրհնեց եւ բարձրօրէն գնահատեց Տիկնանց միութեան եւ Հոգաբարձութեան անդամներուն մատուցած ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ մատաղին իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերած բոլոր հաւատացեալները, յատկապէս Ժանէթ Վարդազարեանը որ, ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ հանգուցեալ Ռազմիկ Վարդազարեանի, յանձն առած էր մատաղի հովանաւորութիւնը։ Սրբազան հայրը օրհնեց նաեւ յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով հիմը դրին այս եկեղեցւոյ, եւ բոլոր նախկին սպասարկուներուն՝ որոնք գործեցին ու անցան։
Սրբազան հօր «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ հոգեպարար արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալները կարգով մօտեցան եւ ստացան իրենց մատաղի բաժինը եւ հոգենորոգ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները։