Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մորթի այրուածքներու մասին խօսելէ առաջ պէտք է խօսինք մորթի կազմաւորումի եւ դերակատարութեան մասին։ Մորթը ունի կարեւոր պարտականութիւններ. ան կը կանոնաւորէ մարմնի հեղուկային իրավիճակն ու մարմնի ջերմութիւնը, եւ կը պաշտպանէ մարմինը շրջապատի մանրէներէն ու ժահրերէն։ Այս դերակատարութիւնը կը խախտի երբ տեղի ունենայ մորթի որոշ համեմատութեամբ կորուստ՝ այրուածքի պատճառով։ Մորթը կազմուած է երեք խաւերէ՝
1. Մակերեսային խաւը, որ տեսանելի եւ միակ խաւն է որ կը վերակենդանանայ այրուածքէ ետք.
2. Միջին խաւը, որ հարուստ է զարկերակներով, երակներով, ջիղերով, քրտինքի գեղձերով եւ մազի արմատներով.
3. Ներքին խաւը, ուր կը գտնուին աւելի մեծ ջիղեր, երակներ եւ զարկերակներ։ Այս բաժինն է որ կը կանոնաւորէ մարմնին ջերմութիւնը։
Մորթի այրուածքը կը պատահի ենթակայ ըլլալով արտաքին զանազան ազդակներու, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ տաք մարմիններ եւ հեղուկներ, շոգի, կրակ, շողարձակում, արեւի ճառագաթ, քիմիական նիւթեր, ասիտներ, կալաքար եւ կամ մոխրաջուր )Lye(, թրծաշաղախ-սիմենթ )cement(, թունաւոր կազեր, ֆոսֆոր, կայծակ եւ ելեքտրական հոսանք։
Մորթի այրուածքի ախտանշանը մորթի բացայայտ վէրքն է, իր զանազան երեւոյթներով՝ մորթի կարմրութիւն, ուռեցք, կորուստ, եւ ջրափշտիկներ։
Մորթի այրուածքի անմիջական ախտանշաններէն անդին, յաճախ տեղի կ՛ունենան մտահոգիչ բարդութիւններ եւ հետեւանքներ՝ համաձայն այրուածքի տարողութեան։ Այս բարդութիւններու կարեւորագոյններն են՝ արեան տկարութիւն, ջրանուազում dehydration(, մկաններու, բնասպիտի, ախորժակի եւ կշիռքի կորուստ, մեծ, խորունկ եւ երկարատեւ վէրքեր, մորթի կարծրացած սպիացում )scar(, յօդերու կարծրացում եւ անշարժացում (contraction), երկարատեւ բորբոքումներ, արեան ճնշումի նուազում, սրտի անկանոն զարկ, շնչասպառութիւն, կապտախտ եւ գիտակցութեան կորուստ։
Մորթի այրուածքները կը դասակարգուին համաձայն այրուածքի յառաջացուցած վէրքի խորութեան, տարածութեան եւ ախտանշաններու տարողութեան։
Առաջին աստիճանի այրուածքը միայն մակերեսային է, կը տեւէ մի քանի օրեր, եւ կը յայտնուի ցաւով եւ մորթի կարմրութեամբ, եւ կրնայ դիւրաւ վերածուիլ երկրորդ աստիճանի այրուածքի։
Երկրորդ աստիճանի այրուածքը կը յայտնուի ցաւով, մորթի կարմրութեամբ, վէրքի շրջապատի ուռեցքով եւ ջրափշտիկներով։ Կը տեւէ 2-3 շաբաթ։
Երրորդ աստիճանի այրուածքը կը յայտնուի այրած եւ փճացած մորթով, որ կ՛ունենայ տարբեր-տարբեր գունաւորումներ )բացուած ջրափշտիկներ եւ բաց, խորունկ ու մեծ վէրքեր(, ինչպէս նաեւ մարմնական ջրանուազումով )dehydration(։ Ան մորթի որոշ սպիացումի հետք կը ձգէ։
Մարմնի մակերեսի 20%էն աւելի մեծ՝ երկրորդ եւ կամ երրորդ աստիճանի այրուածքի հետեւանքով տեղի կ՛ունենայ զգալի մարմնական ջրանուազում, որուն ախտանշաններն են՝ ծարաւ, փսխուք, կեդրոնացումի պակաս, մոռացութիւն, արագ սրտի զարկ, զարկերակային ճնշումի նուազում, մէզի նուազում, եւ մարմնին մէջ կալիումի )potassium( կորուստ:
Երբ պատահարի մը առջեւ գտ-նուինք, հետեւելու ենք հետեւեալ միջոցառումներուն՝ որպէս շտապ օգնութիւն.
Առաջին աստիճանի այրուածքները ընդհանրապէս յատուկ դարմանումի չեն կարօտիր. միայն լուալ այրուածքը մաքուր եւ պաղ ջուրով։
Մեծ այրուածքներու պարագային՝
1. Նախ կեդրոնանալ հիւանդին շնչառութեան, սրտի զարկին, արեան ճնշումին, գիտակցութեան եւ արթնութեան, եւ ապա կատարել շտապ օգնութիւն ըստ կարիքի.
2. Հեռացնել ենթական կրակէն, քիմիական նիւթերէն, եւ ապա մարել կրակը։
3. Անջատել ելեքտրական հոսանքը զոհէն։
4. Հանել զոհին այրած հագուստները. սակայն չդպնալ անոնց՝ եթէ անոնք հիւանդին մարմնին փակած են։
5. Պահել հիւանդը տաք եւ ապահով տեղ մը։
6. Չծածկել մեծ վէրքը որեւէ օծանով։
7. Տալ հիւադին ցաւաբեկ դեղեր։
8. Երկրորդ կարգի պզտիկ այրուածքներու պարագային, լուալ օճառով եւ մաքուր՝ գաղջ ջուրով, ծածկել օծանով եւ կամ գաղջ ջուրի մէջ թաթխուած մաքուր լաթով մը։
9. Երրորդ աստիճանի պարագային, չլուալ վէրքը եւ ո՛չ ալ օծան եւ կամ փոշի գործածել. միայն ծածկել մաքուր լաթով մը։
10. Մեծ տարածութեամբ երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքի պարագային՝ չզովացնել հիւանդը, այլապէս ան կրնայ ունենալ ջերմանուազում (hypothermia).
11. Զոհը արագօրէն փոխադրել մօտակայ հիւանդանոց երբ՝
ա. Զոհը անգիտակից եւ շնչահեղձ է.
բ. երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքը կը գտնուի դէմքին, աչքերուն եւ ձեռքերուն վրայ.
գ. Մարմնի մակերեսին 15%-էն աւելին այրած է.
դ. Այրուածքը երրորդ աստիճանի է եւ կամ երկրորդ աստիճանի, բայց մեծ է.
ե. Զոհը անչափահաս է եւ կամ տարեց է.
զ. Այրուածքը ելեքտրականութեան հոսանքի արդիւնք է.
է. Զոհը արդէն կը տառապի այլ մտահոգիչ հիւանդութենէ մը:
Հիւանադանոցային խնամ-քը կը կատարուի համաձայն հիւանդին առողջական ընդհանուր վիճակին եւ այրուածքին տարողութեան։ Խորունկ այրուածքներ կը կարօտին մորթային ինքնապատուաստումի (autograft), այսինքն հիւանդին մարմնի զանազան մասերէն առողջ մորթի պատուաստում կը կատարուի ծածկելու համար բոլորովին բաց վէրքերը։
Դարմանումի ընթացքին բժիշկը առաւելագոյն ուշադրութեամբ կը խնամէ հիւանդը որպէսզի չպատահին մորթային մնայուն կարծր սպիացում եւ կծկում-պրկուածութիւն ինչպէս նաեւ յօդերու անշարժացում։ Դարմանումի մաս կը կազմեն նաեւ ֆիզիքական միջոցառումները, ի մասնաւորի բարեխառն ջերմութեան գործածութիւնն ու մարզանքը, որպէսզի յօդային կարծրացում եւ անշարժացում ինչպէս նաեւ մորթային կծկում-պրկուածութիւն չյառաջանայ։ Այս բարդութիւններու պարագային մորթային ինքնապատուաստումը դարձեալ պարտաւորիչ կը դառնայ։ Հիւանդին կը ներարկուի պրկախտի )tetanus( պատուաստ, կը տրուին բնասպիտով հարուստ սննդանիւթեր եւ կենսանիւթեր։ Ըստ կարիքի կը կատարուի նաեւ արեան փոխներարկում blood )transfusion(։
Դէմքի, աչքերու, քիթի, շրթունքներու այրուածքները ընդհանրապէս սովորական դարմանումներու կողքին կը կարօտին նաեւ գեղագիտական վիրաբուժութեան գործողութիւններու եւ մորթային ինքնապատուաստումի։ Վիզի այրուածքը կրնայ ստեղծել շնչառական համակարգի դժուարութիւններ՝ շնչահեղձութիւն, ձայնի խռպոտութիւն, խռչափողատապ, ցնցղատապ, թոքատապ, շնչահեղձութիւն եւ կապտախտ։ Այս բոլոր բարդութիւնները կրնան կարօտիլ շնչափողածակումի )tracheotomy(։
Ելեքտրական հոսանքի եւ կայծակի այրուածքները խիստ վտանգաւոր են։
Ելեքտրական այրուածքը կը յառաջանայ ելեքտրական հոսանքի եւ կամ կայծակի ուղղակի ենթակայութեամբ։ Այս այրուածքը կ՛ունենայ ելեքտրական հոսանքի մուտքի եւ ելքի կէտերը, որոնք յաճախ նշմարելի չեն ըլլար մորթին վրայ։ Ելեքտրական հոսանքը մորթի մակերեսէն անցնելէ ետք կը քալէ առաւելաբար ջիղերու եւ մկաններու հիւսկէններու վրայէն եւ կը հասնի մարմնի զանազան օրկաններուն։ Ան կը յառաջացնէ մակերեսային մորթային այրուածք, ներքին օրկաններու վնաս, սրտի անկանոն զարկ, շնչահեղձութիւն եւ շնչադադար։ Ելեքտրական հոսանքը իր վնասները կը հասցնէ համաձայն իր տեսակին, զօրութեան, տեւողութեան եւ մուտքի վայրին ինչպէս նաեւ մարմնի դիմադրողականութեան։
Ելեքտրական այրուածքի ախտանշանները կրնան ըլլալ հետեւեալները. մակերեսային մորթի այրուածք, մկանային ակամայ պրկումներ եւ ցնցումներ, սրտի արագ զարկ, շնչահեղձութիւն եւ շնչադադար, գիտակցութեան կորուստ, ուղեղային վնաս, մկանային անշարժութիւն եւ անդամալուծութիւն, ներքին օրկաններու վնաս եւ փճացում, ոսկրային կոտրուածքներ եւ գանկային վնաս։
Կայծակնահար անհատը կ՛ունենայ անցողակի եւ կամ մնայուն հետեւանքներ՝ համաձայն կայծակի ուժգնութեան եւ տեւողութեան։ Ան կրնայ ունենալ մորթային այրուածք, ներքին օրկաններու վնասներ, ուղեղային եւ ջղային դրութեան վնասներ, մոռացկոտութիւն, շփոթութիւն, անգիտակցութիւն, ոտքի եւ ձեռքի անզգայութիւն ու անշարժութիւն, ականջաթմբուկի պատռուածք, ակնազօդ, հոգեբանական խանգարում, անքնութիւն, սրտի անկանոն զարկ, սրտադադար )cardiac arrest(, եւ մահ։
Դարմանումը կը կայանայ համաձայն կայծակնահարութեան զօրութեան եւ հիւանդին առոողջական ընդհանուր վիճակին։ Անգիտակցութեան եւ շնչադադարի եւ կամ սրտի զարկի բացակայութեան պարագային, կը կատարուի շտապ վերակենդանացում (resuscitation), որմէ ետք հիւանդը կը փոխադրուի հիւանդանոց ուր կը կատարուին դարմանումի անհրաժեշտ միջոցառումները։
Կարելի է հեռու մնալ կայծակի վնասներէն, եւ կամ կայծակնահարումի հետեւանքները նուազագոյնի իջեցնել, դիմելով որոշ կանխարգելիչ միջոցառումներու.
1.Հետեւիլ օդերեւութաբանական յայտարարութիւններուն.
2. Որոտումէն ետք՝
ա. Տունէն դուրս գտնուելու պարագային ապաստանիլ ապահով վայր մը։
Բացօդեայ եւ բարձր վայրի մէջ չմնալ։
բ. Տան մէջ ելեքտրական գործիքներէ հեռու մնալ, ջուրի խողովակներուն չդպնալ, հեռու մնալ պատուհաններէ, չգործածել հեռաձայնը, համակարգիչը, եւ ամէն տեսակի ելեքտրոնիք կազմածները։
գ. Չկենալ աւազանի, լիճի, գետի եւ ծովու մօտ։