ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Չորեքշաբթի օր, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նիստի աւարտին, յայտարարութեամբ հանդէս եկած է «ՀՅԴ-Շարժում 88» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանը:
Դաշնակցական պատգամաւորը յիշեցնելով աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու պարագային քաղաքացիներուն քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու վերաբերեալ ընդունուած օրէնքների մասին, անդրադարձած է նաեւ ԼՂՀ քաղաքացիներու համաժողովրդական հանրաքուէի արդիւնքով ընդունուած Սահմանադրութեան, ուր յստակ ամրագրուած են ԼՂՀ սահմանները եւ տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Խօսքս ուղղում եմ իրաւապահ մարմիններին եւ առաջարկում. բոլոր այն քաղաքացիները, ովքեր փոխզիջմամբ կամ այլ տարբերակներով կասկածի տակ են դնում մեր տարածքային ամբողջականութիւնը, պէտք է ենթարկուեն քրէական պատասխանատուութեան, որովհետեւ դա ոչ թէ այլակարծութեան կամ դեմոկրատիայի դրսեւորում է, այլ հակասահմանադրական քայլ: Իսկ հակասահմանադրական քայլ անողը պէտք է ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան», յայտարարած է Արմէն Սարգսեան: