ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Ո՛րքան ալ ներկայ հայ իշխանաւորները փորձեն հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոնացման, համագործակցութեան եւ հաշտեցման ընթացքի մէջ դնել, այնքան սուր եւ անյաղթահարելի խոչընդոտներ կը ցցուին՝ պատմաքաղաքական խոր արմատներով իրարմէ օտարացած հայ եւ թուրք կողմերուն միջեւ։
Ամէնէն ահաւորը դիւանագիտական այն տրամաբանութիւնն է, որ սկսած է ճշդել հայեւթուրք յարաբերութիւնները։ Այդ տրամաբանութեան մէջ ներգրաւուած հայկական իշխանութիւնը՝ ազգային շահերու իր սահմանումը պայմանաւորած է թրքական մտածողութեան նորմերով, եւ քաղաքական տիրող միտքը այս յարաբերութիւններուն մէջ թրքական արեւելումով կը յատկանշուի։ Ասոր հիմնական պատճառը թուրք քաղաքական միտքն է, որ տարիներու ընթացքին յաջողած է ռուսական, պարսկական եւ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ իրեն դէմ ծառացած կարծրութիւնները մեղմացնել, կակուղցնել, եւ մանաւանդ գործակից ու փնտռուած ոյժ դառնալ շրջանին մէջ։ Թուրքը շատոնց իր քաղաքական մտածողութեան դպրոցը հաստատած է եւ սկսած է անոր պտուղները քաղել, յատկապէս՝ շրջանային քաղաքական իր յարաբերութիւններուն մէջ։
Առաւելաբար արեւմտեան քաղաքական արուեստին մէջ զարգացած դիւանագիտութիւն հասկացողութիւնը, միջոց է՝ հակադրուած կողմերը քով քովի բերելու եւ հաշտեցման լուծումներ գտնելու։ Միջնորդութեան այս արուեստով, իրարմէ օտարացած կողմերը քով քովի կը բերուին եւ հաշտեցման հասարակաց եզրեր կը հաստատուին։ Ճիշդ այս միջամտութեամբ, արեւմտեան իշխանութիւնները դժուարութիւն չունեցան ներգրաւելու եւ մէկտեղելու հայ իշխանաւորները՝ դարերու ընթացքին օտարացած թրքական կողմին հետ. այն կողմին հետ՝ որմէ հայը քաղաքակրթութեամբ, մշակոյթով, կենցաղով եւ մտածողութեամբ, թէ՛ տեսական եւ թէ գործնական ցարդ անյաղթահարելի խոչընդոտներով օտարացած է, եւ այսօր, յանկարծ, դիւանագիտական գրիչի հարուածով մը կը մէկտեղուի անոր հետ։ Հեգնականը այն է, որ նոյնիսկ չենք համարձակիր համամարդկային արժէքներով հասարակաց եզրերու մասին մտածել թուրքին հետ։ Պատահաբար կարգ մը ձեւական, եւ երբեմն քաղաքավար արտայայտութիւններ կը լսենք թուրք մտաւորականներէն միայն։ Վերջին հաշուով, մեր մարդկայնութիւնը զոհ գացած է աննկարագրելի վայրագութիւններու, պատմութեան մէջ մեզի վիճակուած ցեղասպանութեան, որուն մասին երեւակայելն իսկ դժուար է։ Իսկ ներկայիս՝ նորագոյն զոհն ենք դիւանագիտութեան։
Երանի կարենայինք զանազանել դիւանագիտութիւնը՝ քաղաքականութենէն։ Փրոթոքոլներու ստորագրութիւնը զուտ դիւանագիտական քայլ մըն է եւ ատոր համար անհրաժեշտ է պատմաքաղաքականօրէն անխորք, մակերեսային եւ ժամանակաւոր նկատել երեւոյթը։ Ատոր համար նաեւ, եւ ճի՛շդ հոս ու ասկէ ետք, կը սկսի մեր քաղաքականութիւնը։ Եթէ ընդունինք որ դիւանագիտութիւնը ժողովուրդի հաշուոյն տարուած քաղքենի մարդու գործ է, շուկայի հաշուով ծրագրուած միջոցառում, ապա կ՛անդրադառնանք որ քաղաքականութիւնը ժողովուրդին գործն է՝ ինքն իր կեանքի ընթացքը ճշդելու եւ զարգացման ուղղութիւն տալու համար։
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու այս անկիւնադարձը քաղաքական նոր մարտահրաւէրներու դուռ կը բանայ մեր առջեւ։ Այս մարտահրաւէրներէն խուսափիլը ազգային դաւաճանութեան համազօր քայլ է այն աստիճան՝ որքան դաւաճանութիւն է փրոթոքոլներու ստորագրումը ինքնին։ Հիմնական անդրադարձը, թէ՛ անմիջական եւ թէ հեռաւոր ապագային համար, մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ դիւանագիտութիւն եւ քաղաքականութիւն յղացքներու տարբերութիւնը տեսնելն է։ Քաղաքական մտքի բանականացման ընթացքով, դիւանագիտութեան պէտք է նայիլ իբրեւ միջամտութեան արուեստ եւ ժողովուրդներու բնական զարգացումը արգելակող շահարկման միջոց։ Հետեւաբար, դիւանագիտութիւնը չէ՛ որ հայ ժողովուրդին քաղաքական զարգացման ընթացքը կրնայ ճշդել։ Դժբախտաբար սակայն, եւ յատկապէս անկախութեան տարիներուն, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ մենք աւելի դիւանագիտութեամբ զբաղած ենք՝ քան քաղաքականութեամբ։
Տարբեր իմաստ ունին քաղաքականութիւն եւ քաղաքականացում մտքերը։ Անոնք կը պատկանին ժողովուրդին, կ՛իրականանան ժողովուրդով եւ կը ճշդեն անոր կեանքին ուղղութիւնը։ Չենք կրնար, եւ ճիշդ չ՛ըլլար մեր քաղաքականութիւնը վստահիլ իշխանաւոր դասակարգին եւ անոր դիւանագիտութեան։ Որովհետեւ մենք, հայերս, ինչպէս այլ ժողովուրդներ, չենք կրնար քաղաքականանալ իշխանաւոր դասակարգի դիւանագիտութեամբ։
Հոս է հայ քաղաքական մտքին առջեւ պարզուող մարտահրաւէրը։ Անդրադառնալ այն իրականութեան, որ փրոթոքոլներու ստորագրութիւնը կը պատկանի քաղաքականօրէն պարտուած վերնախաւին, շահագործող քաղքենիին, որուն համար ամէն ինչ ծախու է՝ պատմութիւն, մշակոյթ, խորքային արժէքներ եւ նոյնիսկ անկախութիւն, որովհետեւ շուկա՛ն է տիրող տրամաբանութիւնը։ Դրամատիրական շուկային մէջ՝ առեւտուրը եւ շահի ըմբռնումը կ՛իշխեն, եւ ատոր համար նոյնիսկ ազգային արժէքներն ու պատմութիւնը առեւտուրի նիւթ կը դառնան։ Այս իսկ պատճառով, ազգերու պատմութեան մէջ ականատես կ՛ըլլանք ժողովուրդներու ըմբոստութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանման։ Այս իսկ պատճառով, հոս վերջ կը գտնէ հայ իշխանաւորին դիւանագիտութիւնը։ Ասկէ անդին կը սկսի քաղաքականութիւնը։ Իսկ այդ քաղաքականութեան տէրը ժողովուրդն է միայն։