Յառաջիկայ տարուան ընթացքին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու մարդահամարի սեմին, «Better Business Bureau» (BBB) հաստատութիւնը կոչ կ՛ընէ քաղաքացիներուն, որպէսզի գործակցին մարդահամարի պաշտօնեաներուն եւ կամաւորներուն հետ, միաժամանակ զգոյշ ըլլալով, որ ինքնութեան գողերու զոհ չդառնան։
Մարդահամարի աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են, եւ այս հանգրուանին կը կեդրոնանան հասցէներու ստուգման վրայ:
Ապա, աւելի քան 140,000 հոգի պիտի աշխատի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող իւրաքանչիւր քաղաքացիի մասին տեղեկութիւն հաւաքելու համար, ներառեալ իւրաքանչիւր բնակարանի մէջ ապրող քաղաքացիներ, անոնց անունները, տարիքը, սեռը, ցեղը եւ այլ հիմնական տեղեկութիւններ:
Սակայն, նկատի ունենալով, որ այս առիթը շահագործողներ կրնան իրենք զիրենք ներկայացնել իբրեւ մարդահամարի պաշտօնեաներ, պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը.-
– Պաշտօնեաները իրենց հետ պիտի ունենան մարդահամարի գրասենեակի յատուկ պայուսակը, մարդահամարի գործիքը եւ կրծքանշան մը: Ձեր իրաւունքն է տեսնել անոնց ինքնութեան թուղթը եւ նշանը:
– Ո՛չ մէկ ատեն բացայայտեցէք ձեր ընկերային ապահովութեան կամ դրամատնային հաշիւի թիւերը, նոյնիսկ եթէ պնդեն, թէ այդ տուեալները հարկաւոր են մարդահամարին համար:
– Մարդահամարի պաշտօնեաները կրնան ձեր եկամուտին մասին տեղեկութիւններ հարցնել, սակայն դուք պարտաւոր չէք ձեր նիւթական վիճակին մասին պատասխաններ տալու:
– Նաեւ, մարդահամարի գրասենեակը որոշած է իր գործակցութիւնը դադրեցնել «Acorn» կազմակերպութեան հետ:
– Մարդահամարի պաշտօնեաները կրնան ձեզի հետ կապի մէջ մտնել հեռաձայնով, նամակով կամ անձամբ, սակայն ո՛չ համացանցի միջոցաւ: