ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Խորհրդարանական Չորեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերի օրուան բանակցութիւններու ամէնէն ուշագրաւ մասը այն էր, երբ խօսեցաւ Տէ.Թէ.Փէ.ի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Տէմիրթաշ։ Անոր ելոյթը յաջորդ օրը արձագանգ գտած է Հայաստանի բոլոր լրատու գործակալութիւններու հաղորդումներուն մէջ։
Տէ.Թէ.Փէ.ի Տիյարպաքըրի երեսփոխան Սէլահատտին Տիմիրթաշ Չորեքշաբթի օր իսկապէս շատ յախուռն ելոյթ ունեցաւ ու մերկապարանոց, թերեւս ալ Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով այսքան դիպուկ արտայայտութիւններով խօսեցաւ 1915ի պատահարներուն մասին, ամէնէն առաջ դիտել տալով որ ինք եւ իր ընկերները կը հաւատան թէ Խորհրդարանի մէջ այս բոլորին մասին խօսելու ժամանակը եկած է այլեւս։ Ան սապէս խօսեցաւ մօտաւորապէս.
«Արտաքին Նախարարը Հայերու հետ կապուած հարիւր տարուան այս հարցին մասին խօսեցաւ ջանալով գործածել անվնաս եւ խուսափողական լեզու մը։ Բայց մենք կը հաւատանք որ այլեւս պէտք է խօսինք հայ ժողովուրդին այնքան տառապանք պատճառած այս հարցին մասին, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան գլխաւոր խնդիրներէն մէկը դարձած է մինչեւ այսօր։ Ասկէ հարիւր տարի առաջ Իթթիհատական կուսակցութիւնը, ամբողջ Անատոլուն մահմետականացնելու եւ թրքացնելու քաղաքականութեամբ մը այս հողերուն վրայէն մերթ արտաքսումով կամ աքսորով, մերթ տեղահանութեան ու սպանդներու միջոցով ուզեց անհետացնել ոչ-իսլամները, մասնաւորաբար հայ ժողովուրդը։ Այդ շրջանի պատերազմական պայմաններուն մէջ պետական պաշտպանութեան կարգ մը միջոցառումները հասկնալի կրնային ըլլալ, բայց տեղահանութիւն ու սպանդը բացարձակապէս ընդունելի չեն։ Անկէ վերջ ալ այս ողբերգութեան հետեւանքներէն փրկուելու համար ձեւաւորուեցաւ ուրացումի քաղաքականութիւն մը, սեղանին վրայ կեղծ պատմութիւն մը գրի առնուեցաւ, կարգ մը հայկական հրոսախումբերու կողմէ կատարուած մանր մունր գործողութիւնները չափազանցուած համեմատութիւններով ներկայացուեցան, եւ ատոր փոխարէն անգոյ նկատուեցան հայերու վրայ գործադրուած հալածանքներն ու սպանդները։ Այսօր մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ արտայայտութիւններ որոնք կը պաշտպանեն խտրականութիւնն ու պատմութեան մէջ գործուած անիրաւութիւնները։ Դուք կրնաք նշմարած չըլլալ, ասիկա նշմարելու համար պէտք է որ մարդ խտրականութեան ենթարկուած ըլլայ։ Եթէ այս երկրին մէջ թուրքը, քիւրտը, հայը, յոյնը, լազը կամ չէրքէզը եղբայրաբար պիտի ապրին, նախ պայման է որ մաքրագործուին պատմութեան մէջ արձանագրուած այս սխալները, գիրքերը պէտք է մաքրագործուին նմանօրինակ արտայայտութիւններէ։ Կը հաւատանք որ պէտք է հիմնուի երկու կողմերէն ալ ընդունելի, անկախ եւ անկողմնակալ պատմաբաններու յանձնախումբ մը որ 1915ի հարցը պիտի քննէ եւ պիտի լուսաբանէ անհրաժեշտ փաստաթուղթերով։ Կը հաւատանք որ պէտք է յարգանք ցուցաբերուի այդ փաստաթուղթերուն։ Այս երկրին մէջ «հայկական ծին» կամ «հայոց սպասաւոր» բառերը կը գործածուին որպէս հայհոյութիւն։ Ոմանք կրցած են Հանրապետութեան Նախագահը մեղադրել հայկական արմատ ունենալու պնդումով, Հանրապետութեան նախագահն ալ խուճապահար պատասխանելով ջանացած է փաստել թէ հայկական արմատ չունի, այդքանով բաւարարուած է։ Պայման է որ այս բոլորին մասին խօսինք եւ սրբագրենք։ Այսօր պէտք չէ զարմանալ որ կառավարութիւնը կը դժուարանայ ընդունելի դարձնել ստորագրուած փրոթոքոլները, որովհետեւ ժողովուրդը տեսած է որ մարդիկ կրցած են աչք գոցել որ հայերու դէմ թշնամութիւնը հրահրուի, աչք գոցած են որ Հրանդ Տինք սպաննուի։ Աչք գոցած են որպէսզի Հրանդ Տինքը սպաննողները պաշտպանութեան տակ առնուին։ Կարգ մը պատասխանատու պաշտօնեաներ ամիսներ շարունակ, նոյնիսկ տարիներ շարունակ կրցած են մնալ պաշտօնի վրայ։ Տակաւին շատ կարճ ժամանակ առաջ Արամ Տիգրանի նման չորս լեզուներով 400 եղբայրական երգ յօրինած մարդ մը չկրցաւ իր կտակին համաձայն թաղուիլ Տիյարպաքըրի մէջ։ Պարզապէս էթնիք եւ հայկական իր արմատին պատճառաւ ան մերժուեցաւ արտաքին եւ ներքին նախարարութիւններու կողմէ։ Կառավարութիւնը կը յայտնէ թէ այս փրոթոքոլներով կ՛ուզէ հաստատել հաշտութիւնն ու եղբայրակցութիւնը։ Բայց եթէ կ՛ուզեն որ հաւատանք կառավարութեան անկեղծութեան, նախ պէտք է որ այս սխալները սրբագրուին։ Մենք կը մտածենք որ այս փրոթոքոլներու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ երկու երկիրներու միջեւ հաստատել եղբայրական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ։ Եւ ասիկա միայն հայերու պարագային չէ։ Կը հաւատանք եւ զօրավիգ կը կանգնինք այս գործընթացին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.