Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Նիստին ներկայ եղած են Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլթ, Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր պատասխանատու Հաւիէր Սոլանա եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Սոլանա Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպման ժամանակ նշած է, որ Եւրոպական միութիւնը կը պաշտպանէ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան աշխուժացումը։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ Եւրոպական միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման։
Սոլանա նաեւ հանդիպում ունեցած Է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Անոնք քննած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր եւ մտքեր փոխանակած՝ շրջանային զարգացումներու շուրջ։
Միւս կողմէ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլթ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն կոչ ըրած է արագացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացումը, որովհետեւ «յարաբերութիւններու կարգաւորումը բոլորի շահերէն կը բխի»։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը դարձեալ նշած է, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը կախեալ են «Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստանի զօրքերու ետ քաշուելէն»։